Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 8, 2024

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ յայտնեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջը օրինական է իր երկրին տեսակէտէ։

Շաբաթ, Յունիս 8, 2024

Հայաստան 2025-2027 թուականներուն համար ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս այս ուղղութեամբ կայացած քուէարկութեան արդիւնքով Հայաստան ստացաւ 148 քուէ։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց պուլկարահայ խումբ մը ուխտաւորներ՝ գլխաւորութեամբ Պուլկարիոյ Փազարճըք քաղաքի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Նշան Պզտիկեանի։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ հովուական պաշտօններու մէջ կատարուած են փոփոխութիւններ, որոնք հոգեւոր հայրերու եւ պատկան թաղական խորհուրդներուն հաղորդուած են 6 յունիս 2024 թուակիր պաշտօնագրերով։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի մէջ ճատրակի գծով ուշագրաւ վերելք մը կ՚արձանագրէ Յովակ Քորթմոսեան։ Խոստմնալից այս պատանին թերթիս սիւնակագիրներէն Վարանդ Քորթմոսեանի որդին է՝ իբր այդ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի հարազատներէն։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած միջազգային մրցոյթը այս տարի տեղի կ՚ունենայ 20-րդ անգամ:
Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս համախմբուած երաժշտասէրները երէկ երեկոյեան անմոռանալի ապրումներ ունեցան:

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

Հայաստանի հեղեղներու պատճառով կառավարութիւնը կ՚ակնկալէ միջազգային աջակցութիւն:
Նախարար Գնել Սանոսեան. «Ենթակառուցուածքներու պարագային այլեւս գոյութիւն չունին խոշոր վնասներ»:

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

Երեւան-Սեւան մայրուղիին վրայ երէկ գիշեր կազալցակայանի մը մէջ ահաւոր դէպք մը. կան վիրաւորներ:
Հրշէջ գունդը մինչեւ առաւօտ աշխատեցաւ հրդեհը զսպելու եւ մարելու համար, երթեւեկն ալ արդէն վերսկսաւ:

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ Այս վերջնոյն կողմէ գլխաւորուած Ազգային ժողովրդավարական դաշինքը Հնդկաստանի վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած է եւ այս կապակցութեամբ Փաշինեան շնորհաւորեց իր պաշտօնակիցը։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը անկարելի է, եթէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը մնայ անփոփոխ։ Ան պնդեց, որ իր երկիրը երբեւէ որեւէ տարածքային պահանջք չէ ունեցած՝ ներառեալ Հայաստանը։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ կան մտածողներ, ըստ որոնց մարդկութիւնը ոստումներ կը կատարէ եւ սրընթաց կը զարգանայ օր ըստ օրէ։ Նման փիլիսոփաներ իրենց յաջորդելիքներու առջեւ նոր հորիզոններ, ուղիներ կը բանան, սահմանները անդրանցնելու ձեւեր կ՚առաջարկեն եւ կը խրախուսեն, կը ներշնչեն մտածելու համար։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Jean-Jacques Rousseau (1712-1778 թթ.) իր «Discours sur les sciences et les arts»ին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Ճշմարտութեան, բարիին եւ գեղեցիկին ի՛նչ նշանակութիւն ունենալը ոչ մէկս գիտենք։ Ո՛չ սոփեստներ, ո՛չ բանաստեղծներ, ո՛չ հռետորներ, ո՛չ արուեստագէտներ եւ ոչ ալ ես։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կան անուններ, որոնք ողջ հայ ազգի պատմութեան ընթացքին պիտի յիշուին. գրեթէ ամէ՛ն սերունդ պիտի խօսի ու անմահ պահէ անոնց յիշատակը, սակայն անդին շատ մը ուրիշներ դաւաճան ճակատագիրի զոհը դառնալով պիտի մոռցուին. օրինակի համար, յառաջիկայ մի քանի տասնեակ սերունդները պիտի շարունակեն յիշել Կոմիտասը, Վահրամ Փափազեանը, Արամ Խաչատուրեանը, Իսահակեանն ու Ահարոնեանը եւ ուրիշներ, սակայն շատ ուրիշներ պիտի տրուին մոռացութեան:

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային լիսէներու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնց շաբաթավերջի համալսարանի մտից քննութիւններուն ընդառաջ տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Շուէտի ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ՝ հոգեւոր առաջնորդներու, դիւանագէտներու, գործարարներու, մտաւորականներու, հասարակական գործիչներու եւ հիւրերու։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

Էսաեան լիսէի աշակերտները երէկ այցելեցին «Վարպետ ձեռքերու կախարդանքը» ցուցահանդէսը, որ բացուած է Թոփհանէի «Tütün Deposu»ին մէջ։ «Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու հարթակին կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը վերջին շրջանին կ՚արժանանայ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի ընտանիքին կողմէ ներկայացուցիչներ։ Հարկ է նշել, որ այս շաբաթավերջին թաղի Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբի 111-րդ տարեդարձին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ նախատեսուած են։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024

Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ նախընթաց օր Կալաթասարայ մարզակումբի բազմանդամ պատուիրակութեան հետ Անգարայի մէջ ընդունուած էր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Յունիս 6, 2024

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին մէջ առկայ չլուծուած հարցերու թիւը նուազած է։

Հինգշաբթի, Յունիս 6, 2024

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Կալաթասարայ մարզակումբին կողմէ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պեշթեփէի համալիրին մէջ, Անգարա։

Էջեր