Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եկէք ինծի բոլոր յոգնած եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։
Ո՞վ կրնայ տալ մէկուն սրտի խաղաղութիւն, մտքի հանդարտութիւն, յաւիտենական ապահովութիւն, բայց եւ միայն Յիսուս։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մահը մեզի համար կը շարունակէ մնալ խորհրդաւոր ու անծանօթ զգացողութիւն մը, որուն համար բարոյականութեան առաջին փիլիսոփան՝ Սոկրատես իր գաղափարախօսութեան մէջ կ՚ըսէր. «Ո՛չ ոք գիտէ մահուան ժամը։ Իմաստուն է ան՝ որ խաղաղ սիրտով կը դիմաւորէ զայն». սակայն, այդ ժամի անգիտութիւնն է որ իր մէջ կը թաղէ շատ մը խօսքեր, շատ մը զգացումներ՝ որոնք կը մնան թաղուած ժամանակի անհրապոյր շիրիմին մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Կարս-Իգդիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղին յառաջիկային Թուրքիան պիտի միացնէ TRIPP-ին, որ պիտի անցնի Հայաստանով:
Անգարայի կողմէ շինարարութեան ձեռնարկուած այս նոր գիծը կը մատուցուի՝ որպէս «Զանգեզուրի միջանցք»ի մաս, ինչ որ պատճառ կը դառնայ Երեւանի հակազդեցութեան: Ծրագրի ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 2,4 միլիառ եւրօ, երկարութիւնը պիտի կազմէ 224 քիլօմեթր:

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անշուշտ, որ գիտութիւնը անվիճելի արժէք մը եւ զօրութիւն մըն է մարդուս համար։ Գիտութիւնը շատ բան կը բարեփոխէ մարդուս կեանքին մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 94 տարիներ առաջ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Արեւելք» թերթը իր ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 1931-ի թիւին խմբագրականին մէջ կը գրէր հետեւեալ դժբախտ տողը. «Նոր սերունդը ցաւալի է ըսել, որ բաւարար ծանօթութիւններ չունի անցեալի մասին.
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Այս գրութեամբ եւս կը շարունակենք նկարագրել Նիւ Եորքը։ Եւ այսպէս, երբ դրամատիրութեան ծաղկումը կ՚արշաւէ գեղեցկօրէն ու անհասնելի է դաւանանքներուն ու համակարգներուն, իսկ դուն չես յեղափոխանար, այդ մէկը կը պատգամէ Նիւ Եորքը իր հոգիով ու սէրով, իր անցուդարձով ու մարդոց կերպարագործմամբ:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Լեւոն Մոզեան, հայ գրող, ծնած է Շապին Գարահիսար, 5 ապրիլ 1890 թուականին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տարածաշրջանէ ներս Թեհրանի ազդեցութեան լծակները կը սահմանափակուին. Երեւանի համար անանտեսելի: Իրան-Լիբանան յարաբերութիւններու թէեւ Մերձաւոր Արեւելքին կը վերաբերի, սակայն, կը ցոլանայ Հարաւային Կովկասի վրայ:
Ֆրանսիս Քիւրքճեան հանդէս կու գայ անհատական ցուցահանդէսով մը։ Այսպէս, Փարիզի «Palais de Tokyo»ի մէջ, 29 հոկտեմբեր-23 նոյեմբեր թուականներու միջեւ տեղի կ՚ունենայ ականաւոր օծանելիքագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեանի ցուցահանդէսը՝ «Parfum, Sculpture de l՚invisible» («Օծանելիք, անտեսանելիի քանդակ») խորագրով։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հրապարակուած է 17 կէտերէ բաղկացած Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան նախաստորագրուած պայմանագիրին բնագիրը: Նախաստորագրումը տակաւին իրաւականօրէն ուժի մէջ չի դներ փաստաթուղթը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տարիներ առաջ, Միջին Արեւելքէն նոր տեղափոխուած ու այս հսկայ երկիրը հաստատուելով երբ հազիւ տուն տեղ եղած էինք, յանկարծ ակամայ, գործի պայմաններու բերումով, իբրեւ մէկ ընտանիքի հարազատներ՝ եղբայրներով իրարմէ կը բաժնուէինք:
Ընկերային ցանցերը եւ իրական աշխարհը ունին հիմնական նմանութիւն մը. ամէն ինչ՝ լաւն ու վատը, մէջ մէջի է։
«Կեանքը մեր բոլոր նախընտրութիւններու համագումարն է», կ՚ըսէ, իր կարգին, Ալպէռ Քամիւ։
Թուրքիա եւ Ֆրանսա ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփման մէջ կը մնան միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ։ Անգարա եւ Փարիզ յաճախ կ՚արժեւորեն՝ յարափոփոխ իրադրութեան մէջ արձանագրուած նորութիւնները։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Տխրութիւնը մարդկային զգացումներու շարքին ամենէն բնական եւ տարածուած զգացումն է, որ կրնայ յառաջանալ զանազան պատճառներով. կորուստ, մերժում, ձախողութիւն, յուսախաբութիւն, յարաբերութիւններու փլուզում կամ նոյնիսկ անյայտ զգացումի մը մէջէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս Նոր կտակարանին համար, Հին կատակարանին գիրքերու ներշնչութեան մասին կը գտնուին դրական ապացոյցներ՝ որոնք նոյնիսկ մատինագիրներուն վկայութիւններն են։ Մովսէս կը պատմէ, թէ երբ Տէրոջմէ ղրկուեցաւ Իսրայէլի որդիներուն, Աստուած սապէս պատուիրեց անոր. «Ուստի գնա՛ հիմա, եւ ես քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ, եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս». (ԵԼՔ. Դ 12)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տակաւին չեմ կրցած հասկնալ, որ հայ ժողովուրդը լաւապէս գիտակցելով կրթութեան կարեւորութիւնը, միշտ լուսանցքէ դուրս ձգած է ուսուցիչն ու վարժապետը, մտաւորականն ու հայ լեզուի մշակը:
Գնալը կղզիի Ջրային մարզաձեւերու ակումբին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Ընդդիմադիր «Սրբազան շարժման» առաջնորդին բանտարկութեան ժամկէտը եւս երեք ամիսով երկարաձգուեցաւ:
Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի եւ միւսներու փաստաբանները երէկուան դատական նիստը պոյքոթեցին՝ պատճառաբանելով խախտումները: