Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ կրկնելով Քրիստոսի պատուէրը ամուսնութեան անլուծանելիութեան մասին, կ՚ըսէ. «Բայց ամուսնացածներուն կը պատուիրեմ, ո՛չ թէ ես, հապա՝ Տէրը, որ կինը այրէն չզատուի». (Ա ԿՈՐՆԹ. Է 10)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կեանքը՝ տեւողութիւնը ուրախանալու, ըմբոշխնելու եւ վայելելու կա՞րճ է թէ երկար՝ չենք գիտեր, սակայն գիտենք որ քի՛չ է անոր համար, որ ծարաւը ունի ընթերցանութեան եւ գիտութեան:
Մխիթարեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդիսութիւնը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռը լոյս ընծայած է «Աւետիք Պատրիարքի խորհրդաւոր կեանքը» գիրքը, որու հեղինակն է Սիրվարդ Մալխասեան։ Աւելի առաջ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ այս գիրքը թրքերէնով լոյս տեսած էր՝ պատմական ուսումնասիրութեան հիման վրայ։
Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ ապրեցաւ մեծ հրճուանք։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ բաժակի օրուան առթիւ համախմբուեցան դպրոցին մէջ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն զանազան ձեռնարկներով մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ։ 2023-2024 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը թաղի Տատեան վարժարանէն ներս բնորոշուեցաւ արտասովոր ոգեւորութեամբ։
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի առաջին դասարանի աշակերտներու ընթերցման տօնը։ Ձեռնարկը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ՝ մինչ առաջին դասարանի սաները բոլորի գնահատանքին արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ կէսօրուան ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ երէց սերունդի մտաւորական դէմքերէն Արամ Գամպուրեան, որ այնքան յարգանք ու համակրանք կը վայելէր բոլորին կողմէ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ, ուր մասնաւորապէս տեսակցեցաւ Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուի եւ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշկինի հետ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները խօսեցան Ղարաբաղի մասին։
Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենան Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան ամփոփիչ նիստի բանակցութիւնները։ Ամերիկեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Ճէյմս Օ՚Պրայըն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սպասողականութիւնն ու սովորական դարձած ցոյցերը Հայաստանի մէջ ընդդիմադիր շարժումը կը տանի դէպի դանդաղ մարում. աստեղային ժամը արդէն անցեալ է:
Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան թողուած է իր ճակատագրին, իսկ իշխանութիւնը չունի առաջուան մեծամասնական ներուժը, ինչ որ զգալի է բոլոր ճակատներուն ու հարթութիւններուն վրայ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Ուղեւորութեան առաջին փուլին ան շփումներ կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» ընդդիմադիր շարժման հերթական հանրահաւաքն ու զուգահեռ բողոքի ցոյցերը:
Տ. Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան պիտի կարողանա՞յ ապահովել, որ իշխանական ճամբարի երեսփոխանները վերատեսութեան ենթարկեն իրենց ամուր կեցուածքը. ներկայ օրերը անկիւնադարձային կը համարուին Հայաստանի ներքին քաղաքական համայնապատկերին տեսակէտէ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան առընթեր Լեզուի կոմիտէի նորընտիր նախագահուհի Սիրանոյշ Դւոյեան հայագէտի, գրականագէտի հարուստ փորձառութիւն ունի եւ իր փորձն ու լեզուի հանդէպ սրտցաւութիւնը բերած է լեզուի քաղաքականութիւն իրականացնող պետական բարձրագոյն կառոյց:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Փիլիսոփայութիւնը կը կողմնորոշէ մարդու աշխարհայեացքը եւ իւրաքանչիւր տնտեսական ու ընկերային համակարգ հիմնուած է անոր վրայ։ Փիլիսոփայութիւնը մարդկային գաղափարներու արտադրանքներէն մին է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իրաւունք» բառը՝ լատինական «Jus», շատ նշանակութիւններ ունի, անոնց մէջ առաջնակարգն է եւ գլխաւորը, այն որ կը պատկանի մէկուն՝ անհատին, իրաւաբանական անձին, հասարակութեան, քաղաքին, եւ այլն։ Այս է «իրաւունք»ին նիւթական ըմբռնումը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն աւելի քան 200 տարիներ առաջ Էջմիածինի Ժառանգաւորաց դպրոցէն աշակերտ մը գիշերով Երեւան կը փախչի. պատանին կը գտնուի եւ կը վերադարձուի վանք, ուր իր արարքին համար պատիժի կ՚արժանանայ:
Շաբաթավերջին Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշանակ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «ՀայMUN» նախագիծը համախմբեց պոլսահայ համայնքային լիսէներէ երիտասարդներ, որոնց համար հայերէնով կարծիքներ փոխանակելու եւ քննարկումներ ծաւալելու հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ։
Կալաթասարայ լիսէին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու տարեկան աւանդական հաւաքը։ Հարուստ աւանդութիւններով այս կրթօճախի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները զիրար վերագտան բացառիկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։