Արխիւ
Մայիս է։ Տարւոյն ամենագեղեցիկ ամիսը։ Բնութեան ամենակենսունակ եղանակը։ Ամիս մը նուիրուած մայրերուն։ Բոլոր մայրերուն։
Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի աւարտական մրցումը։
Անգարայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ֆաիք Պաղըրով յայտարարեց, թէ TANAP-ի շրջագծով 2018 թուականին Ատրպէյճանի «Շահտենիզ 2» հանքի առաջին կազը Թուրքիոյ վրայով պիտի հոսի դէպի Եւրոպա։ «Միլլիյէթ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ դեսպանը շեշտած է, որ TANAP կը հանդիսանայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ռազմավարական համագործակցութեան արդիւնքը։
«Շեհիր» համալսարանի գրականութեան բաժանմունքը որպէս մագիստրոսական դասընթացք այս տարեշրջանին կ՚աւանդէ «Գրականութիւն եւ աղէտ» խորագրեալ դասընթացքը, որուն առանցքը կը կազմէ Մեծ Եղեռնին ընկալումն ու փոխանցումը գրականութեան միջոցով։ Դասընթացքը կը վարէ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, որու հրաւէրով երէկ դասախօսեց բանասէր ու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբգիր Սեւան Տէյիրմենճեան՝ նիւթ ունենալով Յակոբ Օշականին գրականութիւնը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց ՃՀՓ-ի կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Սելինա Տողանը, որ փութացած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալու եւ ստանալու իր օրհնութիւնը։
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիր։ Ուաշինկթընի մէջ այս փաստաթուղթը ստորագրեցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ ԱՄՆ-ի Առեւտուրի ներկայացուցիչի տեղակալ Տէն Մուլան։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ խիստ յայտարարութեամբ եւ դեսպանը ետ կանչուեցաւ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ քննադատեց Ապտուլլահ Կիւլի Երեւան կատարած այցն ու մթնոլորտը մեղմացնելու փորձերը:
Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ արդարութեան ու խաղաղութեան համար աղօթք:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ հայկական հարցին հանդէպ ԱՄՆ-ի վերաբերմունքին:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչատունը պատրաստած է անմահ բանաստեղծ Զահրատի գործերէն բաղկացեալ թրքերէն ժողովածոյ մը։ Այս գիրքը, որ ձօնուած է Զահրատի ծննդեան 91-րդ տարեդարձին, կ՚ընդգրկէ անոր առաջին անգամ թրքերէնի թարգմանուած շարք մը ստեղծագործութիւնները։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային 11-րդ ճատրակի մրցաշարքը երէկ եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Վարժարանի սրահին մէջ կազմակերպուած մրցանակաբաշխման արարողութիւնը վերածուեցաւ տօնախմբութեան մը, քանի որ այսպիսի մրցաշարքի մը շարունակականութիւնը մեր համայնքի պայմաններով կը նկատուի լուրջ ձեռքբերում մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ի՛նչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի՛ առնէք ու պիտի կատարուի ձեզի» (ՄԱՐԿ. ԺԱ 24)։
Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս, բայց այս խոստումը պայման մը ունի։ Այն է՝ թէ Աստուծոյ կամքը անհրաժե՛շտ է խնդրանքին կատարման համար։ Ուստի մարդուն խնդրանքը պէ՛տք է Աստուծոյ կամքին համեմատ ու համապատասխան ըլլայ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայիս 5-ին ժամանեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմը՝ Ուշինկթընի մէջ նախագահելու համար 2015-ի առթիւ կազմակերպուած ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Թեմի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Վիգէն Արք. Այգազեանի, Ուաշինկթընի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովսէփ Քհնյ. Կարապետեանի եւ ամերիկահայ ազգայիններու կողմէ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան մէջ վերջերս գումարուած է հերթական ընդհանուր ժողովը, որու արդիւնքին հիման վրայ կազմուած է միութեան նոր վարչութիւնը։ 15-րդ համագումարի արդիւնքին ստեղծուած վարչութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի գիտական ակումբը լուրջ թափով յառաջ կը տանի իր աշխատանքները։ Վարժարանի բնագիտութեան ուսուցիչ Օսման Քըլըչէրի գլխաւորութեամբ իրականացուած է ծրագիր մը, որով դպրեվանքցիները սարքած են ելեկտրագործ ինքնաշարժ մը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սայաթ Նովա երգչախումբը յառաջիկայ օրերուն հանդէս պիտի գայ համերգով մը։ «Կռունկ» խորագրեալ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ, որ կը գործէ տեղւոյն քաղաքապետութեան հովանաւորութեան ներքեւ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Եգիպտահայ ականաւոր գործիչը Երեւան այցելութեան օրերուն շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Վահրամ Բրուտեան քաջածանօթ է հայութեան հարցերուն, կը հրճուի իւրաքանչիւր յաջողութեամբ եւ ցաւ կ՚ապրի անարդարութիւններուն համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս դժգոհ են իրենց դիրքէն կամ վիճակէն եւ տեւապէս տրտունջք կը յայտնեն՝ միշտ ձգտելով աւելիին։ Մարդիկ չեն գոհանար իրենց ունեցածով, նկատելով եւ կարծելով, թէ աւելի շատ բաներու տիրանալու իրաւունքը ունին, աւելին վայելելու արժանի են։
Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով իւրացուց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախագիծը խորհրդարան ներկայացուած էր երկրի ընդդիմադիր Քրիստոնեայ սոցիալ-ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններէն Լորէն Մոզարի կողմէ։vv
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ուաշինկթընի մէջ այցելեցին Հոլոքոստի թանգարան եւ ԱՄՆ-ի գոնկրէսի գրադարան:
Սերժ Սարգսեան. «Մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրներուն ձօնուած թանգարանները ո՛չ միայն զոհերուն յարգանքի տուրք մատուցելու համար են, ո՛չ միայն վերապրածներու յիշողութիւններու խտացեալ ամփոփումներն են, այլ նաեւ յստակ պատգամ են ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն, որպէսզի միշտ վառ պահեն անցեալի դառն յիշողութիւնները՝ դասեր քաղելու համար անոնցմէ եւ անոնց սերունդէ սերունդ փոխանցման համար»:
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մոնիք Երկանեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան այս առաւօտ մեր մամուլը տեղեակ պահեց այս իրադարձութեան շուրջ։ Մոնիք Երկանեան երկար ժամանակէ ի վեր կ՚արտայայտուէր նման մտադրութեան շուրջ։