Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երա՜զ մը տեսայ. վարդաստան մը, պարտէզ մը՝ ուր մարդիկ սիրով կը խօսէին, սիրով կը վարուէին իրարու հետ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի «Լինել Աստուած (Մարդու աստուածացման եռաստիճան ճանապարհը ըստ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վարդապետութեան)» գիրքը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որ այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գումգաբու առայժմ լուռ…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ծրագրուած դիմումը ի վերջոյ կատարուած է։ Անցեալ տարի Սեպտեմբերին Արամ Ա. Կաթողիկոս Երեւանի մէջ տեղեկացուցած էր այս մասին առաջին անգամ։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի աշակերտներուն համար վերջին շաբաթներուն կազմակերպուեցան ընկերամշակութային բնոյթով զանազան ձեռնարկներ։ Այդ ծիրին մէջ առանձնապէս հետաքրքրական էին տղոց իրականացուցած պտոյտները։
Էսաեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսը վերջին երկու օրերուն առիթ հանդիսացաւ աննախընթաց խանդավառութեան։ Ծնողաց միութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի համատեղ ջանքերով վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած այս աւանդական ձեռնարկը իսկապէս փայլուն անցաւ՝ ինչպէս այցելուներու թիւին, այնպէս ալ ներկայացած առարկաներու ճոխութեան ու որակին տեսակէտէ։
Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան վերջերս ունեցաւ խորհրդանշական հիւր մը։ Այսպէս, իր այցելութեան փութաց Լաքի Վինկաս, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը կը զբաղեցնէր այդ պաշտօնը։ Անտարակոյս Թորոս Ալճանի տեսանկիւնէն զգացական խոր նշանակութիւն ունեցաւ այս այցելութիւնը։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչի պաշտօնը ժամանակաւորապէս յանձնուեցաւ Սարգիս Յովսէփեանին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս այդ պաշտօնէն հրաժարած էր զուիցերացի Պեռնար Շալանտ, որու մականին ներքեւ հայկական հաւաքականը ապրեցաւ լուրջ ձախողումներ։
SALT Galata-ի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շահեկան ձեռնարկի մը բացման հաւաքոյթը։ «Անոնք» խորագրեալ այս ձեռնարկը լուսարձակի տակ կ՚առնէ Թուրքիոյ մէջ «միւս»ներու դասուած խմբաւորումներն ու անոնց վանումին վերաբերեալ երեւոյթները։
Ռուսաստան զեղչ կը կատարէ Հայաստան մատակարարուած բնական կազի սակագինին մէջ։ «Կազփրոմ» ռուսական ընկերութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլէր, որ վերջերս այցելած էր Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած էր այս ուղղութեամբ։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երաժշտական աշխարհին տեսակէտէ յատկանշական ձեռնարկ մը, որու ընթացքին ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ «Գոհար» համոյթի եւ հայ աստղերու համատեղ համերգին վերյիշումը համախմբած էր երաժշտասէր շրջանակները։
«DurDe!»ի, EGAM-ի եւ ՀԲԸՄ-ի համատեղ ոգեկոչումներու ծրագրին եզրափակիչ հանգրուանը:
Լեւենտ Շենսեւէր անդրադարձաւ Թուրքիոյ հասարակութեան պատմութեան վերաբերեալ ընկալումներուն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հովուապետներու հանդիպում մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հրաւէրով, 1915 թուականի դէպքերու նահատակներու Սրբադասման արարողութեան եւ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն առթիւ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ համախմբուեցան համաքրիստոնէական ընտանիքէն բազում ներկայացուցիչներ։
Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Ս. Զատկի տաղաւարին յաջորդած քառասնօրեայ շրջանին զուգադիպած այս Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Կեավուր մահալլէսի» ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը։ Գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեանի համանուն ստեղծագործութեան հիման վրայ պատրաստուած ժապաւէն մըն է այս մէկը, որ ներկայացուեցաւ Շիշլիի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ։ Բեմադրիչն է Եուսուֆ Քենան Պէյսիւլէն։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ, Ս. Զատկի տօնին առթիւ վերջերս Սեբաստիա այցելեցին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Սեբաստիոյ մէջ անոնք դիմաւորուեցան Երուանդ Մղտըսըի կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարդալը անշուշտ որ հաճոյք կը պատճառէ մարդուս, քանի որ մարդ բնական հետաքրքրութիւն մը ունի սորվելու, գիտնալու եւ տեղեկանալու։ Մարդուս այս ընդոծին պահանջքը ամենէն ազդու կերպով կը գոհացնէ ընթերցումը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սրբադասման արարողութեան ընթացքին ներկայացուած սրբութիւնները խոր տպաւորութիւն գործեցին հաւատացեալներուն վրայ:
Մայրավանքի բաց խորանին առջեւ տողանցած մասունքները բոլորին առթեցին ակնածանք ու երկիւղածութիւն՝ նաեւ արդար հպարտութիւն:
Երէկ, Երեւանի մէջ Համահայկական խաղերու կարգադիր յանձնախումբը գումարեց ժողով մը՝ յառաջիկայ ամառ նախատեսուած վեցերորդ ամառնային խաղերու ընդառաջ։ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու կապակցութեամբ հաղորդուեցաւ, թէ յառաջիկայ ամրան Համահայկական վեցերորդ խաղերը աննախադէպ պիտի ըլլան ո՛չ միայն մասնակիցներու քանակով, այլ նաեւ՝ քաղաքներու աշխարհագրութեամբ։
«Եւրոտեսիլ 2015»ի մրցոյթի ընթացքին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ «Genealogy» խումբը, որու անդամները երէկ Երեւանի մէջ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Եւրոտեսիլի Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեան մրցոյթին ընդառաջ կազմակերպուած երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ հինգ ցամաքամասերէ եկած ներկայացուցիչներէ բաղկացեալ այս խումբը կը համարուի ինքնուրոյն։