Արխիւ
Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Ս. Զատկի տաղաւարին յաջորդած քառասնօրեայ շրջանին զուգադիպած այս Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Կեավուր մահալլէսի» ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը։ Գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեանի համանուն ստեղծագործութեան հիման վրայ պատրաստուած ժապաւէն մըն է այս մէկը, որ ներկայացուեցաւ Շիշլիի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ։ Բեմադրիչն է Եուսուֆ Քենան Պէյսիւլէն։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ, Ս. Զատկի տօնին առթիւ վերջերս Սեբաստիա այցելեցին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Սեբաստիոյ մէջ անոնք դիմաւորուեցան Երուանդ Մղտըսըի կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարդալը անշուշտ որ հաճոյք կը պատճառէ մարդուս, քանի որ մարդ բնական հետաքրքրութիւն մը ունի սորվելու, գիտնալու եւ տեղեկանալու։ Մարդուս այս ընդոծին պահանջքը ամենէն ազդու կերպով կը գոհացնէ ընթերցումը։
Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած միջվարժարանային չորրորդ նկարչութեան մրցոյթին եզրափակիչ փուլը:
Թաքսիմի «Փոինթ» պանդոկին մէջ կազմակերպուած մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընկերային կեանքի ներդաշնակութեան եւ ընդհանուր խաղաղութեան ու անդորրութեան վտանգ սպառնացող մարդկային արարքն է՝ դատարկախօսութիւնը, այսինքն անիմաստ, աննպատակ եւ սնամէջ ամէն խօսակցութիւն եւ նողկալի ունայնամտութիւնն է մարդոց, այսինքն առանց հետեւանքը խորհելու, առանց դատելու, բանականութեան ներհակ գաղափար յայտնե՛լ, որոնք ամենէն շատ վնաս կը պատճառեն մարդկային ընտանիքին, մարդկութեան ընդհանուր կառուցուածքին, կատարելագործութեանը։
Մոսկուա պատասխանեց Անգարայի վերջին քննադատութիւններուն, որոնք հնչեցուած էին՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ 1915 թուականի դէպքերուն համար ցեղասպանութեան բնորոշման օգտագործման բերումով։ Թրքական կողմի բուռն հակազդեցութեան զուգահեռ՝ Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով ըսաւ.
Իսրայէլի Նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին Երուսաղէմի մէջ ոգեկոչման արարողութեան մը մասնակցեցաւ 1915 թուականի դէպքերու 100-րդ տարելիցին առթիւ։ Երուսաղէմի Նախագահական ապարանքին մէջ իր տանտիրութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ ան մէկտեղուեցաւ սաղիմահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն։ Նկատի ունենալով, որ ընտրութեան առաջին փուլին թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չէր կրցած քուէներու 50 տոկոսէն աւելին ստանալ, երէկ, անխուսափելիօրէն տեղի ունեցաւ երկրորդ փուլը։
Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի նախագահները խօսեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Իլհամ Ալիեւ բաւարարուած է Ֆրանսուա Օլանտի կարգաւորման ուղղեալ աշխոյժ դերակատարութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ կրակ ժայթքել ան երկիրներուն դէմ, որոնք կ՚աջակցին հայոց պնդումներուն:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Նախ եւ առաջ մի առ մի թող մաքրեն իրենց սեփական պատմութեան արատները»:
UCLA-ի եւ «Tarih Vakfı»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ գիտաժողով՝ «Պողազիչի» համալսարանին մէջ:
Աշխարհի զանազան հեղինակաւոր համալսարաններէն մասնագէտներ չորս գիտական նիստերու ընթացքին շահեկան զեկուցումներով հայկական հարցը խոշորացոյցի տակ առին բազում երեսակներով:
Հայաստանի եւ Պելժիոյ արտաքին գործոց նախարարները կը ծաւալեն քննարկումներ:
Տիտիէ Ռէյնտէրս շեշտը դրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վրայ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը արդէն հրաժեշտ կու տայ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն եւ նահատակներու սրբադասման արարողութիւններուն առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած միջեկեղեցական հիւրերուն։
Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան յարկէն ներս հետաքրքրական հանդիպում:
Փիթըր Ճամպազեան. «Շարժումները շատ աւելի զօրաւոր ազդեցութիւն կը գործեն խօսքերուն բաղդատմամբ»:
«Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութեան ենթակայութեան տակ գործող Թոփհանէի DEPO-ի յարկէն ներս շաբաթավերջին շահեկան ասուլիս մը տեղի ունեցաւ պրազիլահայ լուսանկարիչ Նորայր Շահինեանի հետ, որ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն առթիւ այցելեց քաղաքս։ Ծանօթ է, որ վերջին օրերուն բացուեցաւ Նորայր Շահինեանի ցուցահանդէսը եւ նոյն շարժառիթով հրատարակուեցաւ իր ստեղծագործութիւններուն ալպոմը՝ «Արաս» հրատարակչատան կողմէ։
Թուրքիա հայկական հարցին շուրջ վերջին օրերուն կատարուած յայտարարութիւններուն բերումով երէկ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ Նախագահ Եոախիմ Կաուքի դէմ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Օպամայի Ապրիլ 24-ի յայտարարութիւնը Ա. Աշխարհամարտի շրջանին ապրուածներու տեսակէտէ կը ցոլացնէ միակողմանի մօտեցում մը, մինչդեռ այդ բոլորը հայոց չափ թուրք ժողովուրդին տեսակէտէ ալ կը ներկայացնեն զգայնութիւն։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ, որոնք մասնակցեցան Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութինի հետ զրուցելու ընթացքին Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդի համար կարեւոր նշանակութեամբ օրուան ընթացքին Երեւանի մէջ գտուելու կապակցութեամբ։
Ապրիլի 24-ին առթիւ երէկ երեկոյեան ժամը՝ 19.15-ին հերթական անգամ սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ:
Թուրքիոյ մէջ հասարակական շրջանակներուն վերաբերմունքը հետզհետէ կը խրախուսէ հայկական հարցին շուրջ հարցաքննական միտքը:
Երէկ երեկոյեան Իսթանպուլի Ֆրանսական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին նուագներով հանդէս եկաւ հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի։ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Միւրիէլ Տոմենաքի եւ ամուսնոյն՝ Օլիվիէ Պուքէի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Հայ Կաթողիկէից Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։