Արխիւ
Պատրիարքական Աթոռի թանգարանը ստացաւ պաշտօնական ճանաչում։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքարանի պատմական համալիրէն ներս վերջին տարիներուն սկսած է գործել Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Թ. Բաղիշեցի Կոլոտ Պատրիարքին անուան ձօնուած թանգարանը, որուն ներկայիս շնորհուած է պաշտօնական կարգավիճակ։
Գալփաքճեան ընտանիքը շաբաթավերջին ապրեցաւ մեծ երջանկութիւն։ Այսպէս, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի երէցներէն, թերթիս սիւնակագիր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի սիրասուն թոռնիկին՝ Արա-Ժոզէֆ Գալփաքճեանի։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչ այսօր Երեւան կը ժամանէ՝ դէպի Հարաւային Կովկաս ձեռնարկած ուղեւորութեան շրջագծով։ Հայաստան հասնելէ առաջ ան այցելեց Ատրպէյճան եւ Վրաստան։
Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Երուանդ Զախարեան յայտարարեց, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին լուրջ աշխատանք կատարուած է երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը տեղեկացուց, թէ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ուժանիւթի բնագաւառէն ներս կատարուած աշխատանքներուն մեծ մասը ուղղուած է ուժանիւթի անվտանգութեան հայեցակարգի հաստատման։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը կը ծաւալէ հրատարակչական աշխոյժ գործունէութիւն:
Անցեալ տարի լոյս տեսած գործերը հաւաքաբար ներկայացուեցան մասնաւոր հաւաքոյթով մը:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսացի յայտնի նկարիչ ու քանդակագործ Ժագ Սերժէֆի ցուցահանդէսի բացումը։ Հայաստանի Քաղաքաշինութեան նախարարութեան Ազգային թանգարան-կաճառին մէջ կը ներկայացուին իր ստեղծագործութիւնները։
2015-ի մթնոլորտին մէջ, միջազգային գետնի վրայ կը շարունակուի ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները իւրացնելու ուղղեալ շարժումը։ Մինչ բոլորովին վերջերս Պրազիլիոյ Ծերակոյտը բանաձեւ մը ընդունելով 1915 թուականի դէպքերը որակեց որպէս ցեղասպանութիւն, ներկայիս կը հաղորդուի, թէ համապատասխան պատրաստութիւններ յառաջ կը տարուին նաեւ Պելժիոյ մէջ։
Հալէպի շղթայազերծման վտանգը ներկայիս դարձած է սուրիահայութեան հիմնական մտահոգութեան առարկան:
Ներկայիս Լաթաքիան կը համարուի յարաբերաբար աւելի անվտանգ շրջան մը, շատեր արդէն մեկնած են այնտեղ, սակայն գլխաւոր հարցականներէն մին հետեւեալն է. ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ ընդդիմադիրները սկսին արշաւել դէպի ծովեզերք:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաշխարհը կը նշէ մեծ բանաստեղծ, քնարերգու, հասարակական-քաղաքական գործիչին ծննդեան 130-ամեայ յոբելեանը:
«Վահան Տէրեան. անտիպ եւ անյայտ էջեր» հատորը լոյս տեսաւ իր ծոռան՝ բանասէր Գէորգ Էմին-Տէրեանի հեղինակութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնական երեւոյթ մըն է՝ մարդ, ընդհանրապէս իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ իր իսկ գործերուն «մեծութեան» ու «կարեւորութեան» վրայ եւ ինքզինք «մե՛ծ» ու «կարեւո՛ր» անձ մը կը նկատէ։
Հայաստանի Սեւան եւ Արտաշատ քաղաքներուն մէջ շաբաթավերջին օծուեցան եւ պաշտամունքի բացուեցան նորակառոյց եկեղեցիներ։ Սեւան քաղաքի Ս. Հրեշտակապետաց եւ Արտաշատ քաղաքի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցիները օծուեցան հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ փոքրիկն Լինա Շիրինօղլուի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը։ Ան դուստրն է Արթօ-Նաթալի Շիրինօղլու ամոլին եւ թոռնիկը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչ այս օրերուն ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այս շրջագծով ան վաղը պիտի այցելէ Երեւան։
Հանդիսապետութեամբ եւ հաւանութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի:
Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
ԵՄ-ի գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր շաբաթավերջին հիւրընկալեց Եւրոխորհրդարանի զեկոյցին հեղինակը:
Եթէ զեկոյցին մէջ ակնարկութիւն կատարուի հայկական հարցին, ապա Թուրքիա չեղեալ պիտի համարէ այդ փաստաթուղթը:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի երդիքին տակ շրջանաւարտից անդրանիկ հանդիսութիւն:
Տասը ընթացաւարտներուն կարեւոր մէկ մասը ուսումը պիտի շարունակէ Հայաստանի մէջ:
«Պողազիչի» համալսարանի երդիքին տակ 24-30 Մայիս թուականներուն կայացաւ Բազմամշակոյթ թատերական օրերու փառատօնը։ Հանդիսականները փառատօնի օրերուն առիթն ունեցան դիտելու նաեւ հայկական մշակոյթէ նմոյշներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բարեկամութիւն»ը իր իսկական իմաստով, մարդկային ամէն յարաբերութիւններու մէջ գերադաս զգացում մըն է՝ գլխաւորը, անհրաժեշտը եւ լրացուցիչը անոնց։ Մարդկային յարաբերութիւններու գագաթնակէ՛տն է բարեկամութիւնը, քանի որ անոր ազդակները ո՛չ թէ նիւթական կամ մարմնաւոր, այլ բարոյական բարձր արժէքներ են՝ բարին, գեղեցիկը եւ ճշմարիտը։
Աթագիւղի «Իսփիրթօհանէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ վաստակաւոր ուսուցչուհի Նատիա Թեքիրօղլուի ի պատիւ։ 45 տարի Տատեան վարժարանի մէջ ծառայելէ վերջ հանգստեան կոչուած Նատիա Թեքիրօղլուին տեսակէտէ իսկական անակնկալ մըն էր այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր իր սաներու ինքնաբուխ նախաձեռնութեամբ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Աւագ հիւպատոս Չարլզ Հանթըրը եւ Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան քաղաքական գործերու գծով խորհրդական Ճասթին Ֆրիտմընը։
