Արխիւ
Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտար երէկ ներկայացուց իր միամեայ գործունէութեան արդիւնքը։ Ծանօթ է, որ Մուրատ Հազինէտար շուրջ տարի մը առաջ ընտրուած էր քաղաքապետ եւ այդ քաղաքապետութեան մօտ իր գործի գլուխ գալով սկսած էր նոր շրջան մը։
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ սոփրանօ Ալիս Շահինօղլուի համերգը։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի շարքերէն հասած Ալիս Շահինօղլուի համերգի ծրագրին մասնակցութիւն բերին նաեւ թենոր Ճան Ռեհա Կիւն, սոփրանօ Ֆունտա Կիւլլիւ եւ դաշնակահարուհի Սիմթէն Շէնփոլատ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ազատութիւն»ը՝ իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է՝ գործելու կամ չգնործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ ու անկախօրէն վճռելու կատարելիք գործեր։ Այս սահմանումէն կը հետեւի, թէ հացը, ջուրը եւ օդը ի՛նչ որ է մարդուս մարմնին, ֆիզիքական էութեան համար, ազատութիւնը նոյնն է մարդուս մտաւոր կեանքին համար։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Զբօսաշրջութեան խրախուսման ուղղեալ ծրագրերը հետզհետէ կ՚ընդգրկեն ազգային խոհանոցներու ծանօթացման նախաձեռնութիւններ:
Մուսալեռի յուշահամալիրին մօտ այս տարի հինգերորդ անգամ կազմակերպուած խրախճանքը ստեղծեց աննախընթաց խանդավառութիւն:
Կարս քաղաքը հազարաւոր տարիներու անցեալով, բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու մշակութային հետքերով միշտ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ զբօսաշրջութեան աշխարհէն ներս։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, յառաջիկայ շրջանին Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն մօտ թափ պիտի տրուի քաղաքի ծանօթացման ուղղեալ աշխատանքներուն՝ որպէսզի ան հիւրընկալէ աւելի բարձր թիւով եւրոպացի զբօսաշրջիկներ։
Ճաբոն մասնագէտները այս տարի փափաք յայտնած են առաջին անգամ հայ մասնագէտներու հետ միասին պեղումներ իրականացնել Հայաստանի սահմաններէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս պեղումները պիտի կատարուին Արարատեան դաշտավայրի եւ Արագածի նախալեռնային շրջաններուն մէջ։
Վրաստանի խորհրդարանի նախկին նախագահ, «Միացեալ ժողովրդավարական շարժում» կուսակցութեան ղեկավար Նինօ Պուրճանածէ յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը խառնուի իր երկրի ներքին գործերուն ու կը հովանաւորէ երկրի նախկին նախագահ Միխէյիլ Սահակաշվիլիի «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութիւն։
Մոսկուայի քաղաքային դատարանը օրինական նկատեց ռուսահայ գործարար Լեւոն Հայրապետեանի տնային կալանքի ժամկէտին երկարաձգումը։
Անցեալ տարի 13 հազար 266 հոգի ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն, իսկ 2200 անձ հրաժարեցաւ քաղաքացիութենէ։ Վերոյիշեալ նոր քաղաքացիներու շարքին կը գտնուին աւելի քան 3 հազար սուրիահայեր։
Հայաստանի Քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան տեղեկացուց, որ քանի մը օր առաջ Երեւան տեղափոխուած են արքունի ճարտարապետներ՝ Պալեան գերդաստանի անդամներու նախագծային արխիւները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նարեկ Սարգսեան ընդգծեց, որ նախագծերը Երեւան տարուած են Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր այցելութիւն մը կու տայ Պէյրութ՝ Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ճիպրան Պասիլի հրաւէրով։
Ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոններու ցանցը կ՚ընդլայնուի ամբողջ Հայաստանի տարածքին:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պատրիարքական Աթոռի հրատարակչութեան յանձնախումբը լոյս ընծայեց «Կանոն հոգւոյն սրբոյ գալստեան» խորագրեալ գրքոյկը, եկեղեցական ու եկեղեցասէր շրջանակներու գործածութեան համար։ Խմբագիրն է Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ տօնական օր մը ապրեցաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտներու օրուան առթիւ։ Հոգեգալստեան տօնին օրուան զուգադիպած հաւաքին շրջագծով գատըգիւղցիները նախ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնակցեցան թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի շրջանաւարտից օրը առիթ դարձաւ, որպէսզի հին ու նոր թարգմանչացցիներ ի մի հաւաքուին իրենց կրթօճախի յարկին տակ։ Խանդավառ հաւաքոյթին ընթացքին ներկաները ողջունեց սանուց միութեան վարչութենէն Մելիսա Ֆերահեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզն ու իր ընկերները։ Խումբին հետ էին նաեւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը երէկ մեծարեց իր վաստակաւոր վիճակաւորը՝ Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեանը։ Այս առթիւ Գատըգիւղի Ս. Լեւոն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէկուան արարողութիւններուն:
Հոգեգալստեան հանդիսութիւններուն զուգադիպած մատաղօրհնութեան առընթեր, ոգեկոչուեցան Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի հանգուցեալ բարերարները:
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 208-րդ տարեդարձի արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:
Կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններուն առթիւ Պէյօղլուի ընտանիքը ապրեցաւ իսկապէս տօնական օր մը՝ հերթական անգամ հիւրընկալելով նաեւ համայնքային շրջանակները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ունայնութիւն» կը նշանակէ՝ պարապութիւն, ոչնչութիւն, դատարկութիւն։ Իսկ ունայնապաշտ են անոնք՝ որ ո՛չ մէկ բանի կը հաւատան եւ կ՚ըսեն՝ թէ ամէն ինչ պարապ է, ոչինչ եւ պարզապէս երեւակայական։