Արխիւ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երիտասարդ ուժերէն Աւետ Հէրկէլ վերջերս մասնագիտացած է օրթոտոնթիի վրայ։ Գարակէօզեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի նախկին սաներէն Աւետ Հէրկէլ 2002-2008 թուականներուն ուսանած է «Մարմարա» համալսարանի Ատամնաբուժութեան ֆաքիւլթէէն ներս։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ գրական երեկոյթ մը, որ ձօնուած էր ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանին: Վարժարանի նախակրթութեան կազմի համատեղ աշխատութեամբ կեանքի կոչուած այս ոգեկոչման հանդիսութեան ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, Մատակարար մարմնի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արման Գամառի, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ ծնողներ:
Էսաեան վարժարանի վոլէյպոլի աղջկանց կազմը մաս կազմեց Պէյօղլուի մէջ կազմակերպուած մրցաշարքի մը դափնեկիրներու շարքին։ Այսպէս, մարզանքի ուսուցչուհի Անժէլ Ելէկէնի կողմէ վերասհկուած խումբը երրորդ հորիզոնը նուաճեց միջվարժարանային այս մրցաշարքի արդիւնքին։ Էսաեանցիները երէկ ստացան իրենց բաժակն ու մետայլ&
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտներու հանդէսին առթիւ։ «Աճառեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։
«Ամէն ինչ գիտութեան համար» կարգախօսով Էսաեան վարժարանի երդիքին տակ երէկ սկսաւ «Լոյսի տարուան» ձօնուած գիտական եռօրեայ խրախճանքը, որ այս տարի կը կազմակերպուի հինգերորդ անգամ։ Էսաեանի լիսէի բաժնի աշակերտները այս շրջագծով վարժարանի զանազան դասարաններուն մէջ ներկայացուցին շատ հետաքրքրական ծրագրեր։
Համայնքին մօտ խոր յուզում յառաջացուցած է մեր արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն 42-ամեայ Նիրվա Սահիլեանի մահուան գոյժը։ Անժամանակ, անմխիթար ու եղեռնական այս կորուստը սուգի մատնած է իր սիրելիներու շրջանակը։
Պատրիարքարանի համալիրէն ներս նորաստեղծ բաժիններու ծանօթացման առթիւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յուշանուէր մը յանձնեց Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տէմիրին: Նորին Սրբազնութիւնը ընդունելութեան ընթացքին բարձր գնահատեց նաեւ համայնքային բարերարներուն կողմէ Աթոռին ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութիւնը
Հայաշխարհի զանազան անկիւններէն ներս կը շարունակուին սուրիահայոց զօրակցելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնները։ Վերջերս այս նպատակով շարժման անցան նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի երիտասարդ արհեստավարժները։
Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ մեծարանք ի պատիւ մեծանուն վարպետին:
Տիգրան Մանուսրեանի ծննդեան 75-ամեակին՝ իր ստեղծագործական ուղիին ամփոփումը:
Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները տեսակցեցան ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահին հետ:
Նալպանտեան. «Ատրպէյճան Ռիկայի մէջ ապացուցանեց, որ չէ փոխած իր ապակառուցողական դիրքորոշումը»:
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը վճռած է կայուն ընթացքով տեւականացնել Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի գործունէութիւնը։ Երբ ներկայ կրթական շրջանը աւարտելու վրայ է, թաղային խորհուրդը փափաքած է համայնքային շրջանակները տեղեակ պահել իր այս տրամադրութեան շուրջ, որպէսզի 2015-2016 եղանակի վերամուտին ընդառաջ, մասնաւորապէս արձանագրութիւններու սեմին հանրային կարծիքին միտքը չպղտորի՝ առկայ զանազան շշուկներուն բերումով։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ շփումներ ունեցաւ Փրակի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Չեխիոյ Վարչապետ Պոհուսլաւ Սոպոթքայի կողմէ։ Այցելութեան շրջագծով ան մէկտեղուեցաւ նաեւ Չեխիոյ Խորհրդարանի նախագահ Եան Համաչէքի եւ այդ երկրի պետական աւագանիէն այլ զանազան դէմքերու հետ։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարը Երեւանի մէջ:
Իվիցա Տաչիչ կը տեսակցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Երեւանի «Արամէ» պատկերասրահը պիտի ցուցադրէ ֆրանսահայ հռչակաւոր նկարիչ Ժանսեմի (Յովհաննէս Սէմէրճեան) ստեղծագործութիւնները։ Պատկերասրահի «Մաշտոց» մասնաճիւղին մէջ նախատեսուած է այս ցուցահանդէսը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բարկութիւն, «ցասում», «զայրոյթ», զգացում մը՝ որ յաճախ կը դիմաւորուինք մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ։ Զգացո՛ւմ մը՝ որ թէ՛ կը զգանք եւ թէ կը դիմաւորուինք։
Շիշլի մարզակումբի ճատրակի կազմը ախոյեան հանդիսացաւ Իսթանպուլի ակումբներու առաջնութեան շրջագծով։ Գարթալի քաղաքապետութեան մարզասրահին մէջ, 23-31 Մայիս թուականներուն տեղի ունեցաւ մրցաշարքը, որու ընթացքին շիշլիցիները յաղթական դուրս եկան իրենց բոլոր հանդիպումներէն։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարանի աշակերտներուն տարեվերջի հանդիսութիւնը։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ կրթական մշակները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հանդիսութեան բոլոր մասնակիցները։
Էսաեան վարժարանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի տարեվերջի հանդիսութիւնը։ Փոքրիկներուն համար կազմակերպուած հանդէսը տօնական մթնոլորտ ստեղծեց ամբողջ դպրոցին մէջ։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Կեանք» խորագրեալ ներկայացում մը, որ արժանացաւ աշակերտութեան եւ հանդիսատեսներու հետաքրքրութեան։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Եղիսաբէթ Չաթանասլան։
Երէկ, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը։ Վարժարանէն ներս մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ այս հանդէսը, որու ընթացքին շնորհաւորութեան եւ գնահատանքի խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։



