Արխիւ
Երեւանի մէջ Մատենադարանի մօտ ի պահ դրուած արժէքները նոր կեանք կը գտնեն վերականգնման բաժնի յամառ նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ:
Օտար մասնագէտներու մասնակցութեամբ տարուած աշխատանքներու արդիւնքին այս պահուն գրեթէ չկան ձեռագրեր, որոնք կարիք ունին հրատապ նորոգութեան:
Շուտով պիտի սկսի Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 12-րդ շարժանկարի փառատօնը։ Այս առթիւ Երեւանի մէջ սարքուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը։ «Ոսկէ ծիրան»ի միջազգային կապերու բաժնի ղեկավար Տաթեւիկ Մանուկեան այս առթիւ յայտնեց, թէ փառատօնը այս տարի յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ հայ շարժարուեստի վարպետներուն։
Տեսակցութիւն՝ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու կաճառ-մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի հետ:
«Ժողովուրդը կու գայ ճանչնալու իր ինքնութիւնը, անցեալը հասկնալու։ Պէտք է տեսնել այցելուներուն զարմանքը, ուրախութիւնն ու հիացումը։ Մենք գրկաբաց կ՚ընդունինք բոլորը»:
Հինգ տարիէ ի վեր «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը կը կազմակերպէ գիտելիքներու մրցոյթ՝ «Թէքէեանական ողիմպիական», որուն կը մասնակցին Հայաստանի եւ Արցախի Վահան Թէքէեանի անուան դպրոցներու աշակերտները։ Տարուէ տարի ձեռնարկը աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ ու կ՚ընդլայնէ իր ծաւալները։
Երթուղի՝ Հայտարփաշայէն դէպի Այաշ եւ աւելի հեռուները…
Հայ եւ թուրք համալսարանականներ աքսորավայրերու մէջ պիտի որոնեն հայոց հետքերը:
Բաղրամեան պողոտային վրայ կը շարունակուի հասարակութեան ցոյցը:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ժողովրդականութիւն չվայելող քայլ որակեց կատարուած ձեռնարկները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Միեւնոյն յունարէն բառը կը նշանակէ թէ՛ «ուխտ» եւ թէ «կտակ»։ Այն նոր ու վերջնական ուխտը՝ զոր Աստուած ըրաւ մարդոց հետ, կտակի մը յատկութիւնը ստացաւ, կտակարարին մահուամբը, եւ այսպէս այն քսան եւ եօթ գրութիւնները՝ որոնք անոր նուիրական վաւերագիրները կը համարուին, «Նոր Կտակարան» անունը ստացան։
Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտները, որոնք նախընթաց օր ստացած էին իրենց վկայականները, երէկ իրիկուն խրախճանքով մը նշեցին իրենց ուսումնական կեանքի յաջող աւարտը։
Էսաեան վարժարանի երբեմնի տնօրէնուհի Հերմինէ Գալուստեան, որ ուսուցչական պաշտօն վարած է նաեւ Կալաթասարայի վարժարանին մէջ, երէկ ոգեկոչուեցաւ իր խումբ մը սաներու այցելութեամբ։
Վագըֆներու ընդհանուր խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Տքթ. Թորոս Ալճանի ատենապետութեամբ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրամասնութեանց համայնքներէ ներկայացուցիչներու երկրորդ ժողովը։
Հռչակաւոր դաշնակահար Տիգրան Համասեան, որ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբին հետ ձեռնարկած է «Լոյս ի լուսոյ» կոչուած համերգաշարի մը, Անիի աւերակներուն եւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համերգներէն վերջ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ։
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունիի վախճանման կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ցաւակցագիր մը յղեց Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նօթեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Փարիզի ելոյթէն վերջ - Ե
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը սկսած է խօսիլ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին եւ յղումներ ընել Լոզանի դաշնագրին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նորութիւն մը չէ, որ կը բացայայտեմ: Հաւանաբար այս տողերը շատերուն տափակ «հնութիւններ» թուին կամ ըլլան: Բայց անպայման կ՚ուզեմ ըսել, թէ կ՚ապրինք 21-րդ դար, որ տակաւին իր քառորդին չհասած՝ արդէն մեզի ազգովին սկսած է կրկին անգամ համտեսել տալ եւ կամ ճանչցնել՝ տառապանքն ու սարսափը, ահն ու մահը, աւերակն ու ջարդը եւ նոյնիսկ՝ պատերազմն ու կոտորածը:
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը տեղի ունեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։
Փոքրամասնական վագըֆներու ներկայացուցիչ Տոց. Տքթ. Թորոս Ալճան երէկ կատարեց գրաւոր յայտարարութիւն մը՝ խստօրէն դատապարտելով Կարսի Գորշ գայլերու միութեան ատենապետ Թոլկա Ատըկիւզէլի կողմէ հայերու դէմ արտասանուած անարգական նախադասութիւնները, որոնք կը պարունակէին նաեւ սպառնալիքներ։
Երկար ժամանակէ ի վեր ձգձգուող հարցին ուղղութեամբ պաշտօնական քայլ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան հանդիպում մը ունեցաւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիպ Շահինի հետ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նօթեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Փարիզի ելոյթէն վերջ - Դ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւնը սփիւռքեան անհեռանկար ազդեցութեան պայքարներու լոյսին տակ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ընդունեց Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լիւպոմիր Զաորալէքը, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Երեւանի մէջ։
Կառավարութիւնը որոշեց անփոփոխ թողուլ սակագինը:
Ելեկտրականութեան թանկացումին դէմ ցոյցը կը շարունակուի խաղաղ կերպով:




