Արխիւ
Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարէն ներս ամրան արձակուրդի առթիւ հիւրընկալուած մեր համայնքի մանուկներու եւ պատանիներու կեցութեան շրջանը արդէն լրացաւ։
Երէկ, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնի առթիւ ստեղծուեցաւ բացառիկ ոգեւորութիւն։
Ս. Աստուածածնի տօնը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւններուն նախագահեց՝ Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Մօտաւոր անցեալի երկրաշարժով ցնցուած գիւղը թէեւ տակաւին աւերի հետքերը կը կրէ, սակայն, անոր գողտրիկ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը եւ աւանդական ժողովրդական խրախճանքը անցան բարձր տրամադրութեան մթնոլորտի մէջ։
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնը համախմբեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալները:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, բաց խորանին վրայ կատարուած խաղողօրհնէքին հետեւեցաւ հոծ բազմութիւն մը:
Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ, շաբաթավերջին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սփիւռքի առաջնորդները հանդէս եկան յայտարարութեամբ մը։
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները որոշեցին երկարաձգել Շիրակի թեմի առաջնրդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի բանտարկութեան ժամկէտը։ Նորին սրբազնութիւնը կալանաւորուած է՝ երկրէն ներս յառաաջացած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան մթնոլորտին մէջ։
Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարէն ներս, ամրան արձակուրդի առթիւ հիւրընկալուած մեր համայնքի մանուկներու եւ պատանիներու կեցութիւնը այս շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին։
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարի ներկայ շաբաթավերջին, թրքահայ ազգգային-եկեղեցական կեանքէն ներս վերստին բոլորի ուշադրութեան կիզակէտին է Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր աւանդական շուքով տեղի կ՚ունենայ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Շարակնոցը Հայ Եկեղեցւոյ գոհար երգարանն է, ուր կը տողանցեն շարականներ, որոնք իրենց երաժշտական արժէքին առընթեր, ունին նաեւ գրական արժէք։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնը եւ աւանդական խաղողօրհնէքը մեզի համար առիթ են խորհրդածելու հաւատքի եւ բնութեան, աստուածայինի եւ առօրեայի անքակտելի կապի մասին, որ յատուկ է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եւ Աննա ըսաւ.- Ո՜հ, Տէր իմ, քու անձդ կենդանի է. ես այն կինն եմ, որ հոս քու քովդ կայնեցայ Տէրոջը աղօթք ընելու համար։ Ես այս տղուն համար աղօթք ըրի եւ Տէրը իմ խնդրուածքս ինծի տուաւ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցի։ Հիմա ալ զանիկա Տէրոջը կը նուիրեմ, անիկա իր բոլոր կեանքին մէջ Տէրոջը փոխ տրուած ըլլայ։ Եւ հոն Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ». (Ա ԹԱԳԱՒՈՐ. Ա 26-27)։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
«Աստուածածին» է։
Մայրերու, հայրերու օր, Վարդանանց, Թարգմանչաց կը տօնենք, բայց այս օրը՝ «Աստուածածին» է, կ՚ըսենք։ Գիրքերուն ու օրացոյցներուն մէջ ի՛նչ կ՚ուզէ թող գրուի. ամէնուն, ամէնուս համար՝ «Աստուածածին» է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղը, 17 օգոստոս 2025-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնը: Այս առիթով, մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք մի քանի բանաստեղծութիւններ, նուիրուած Մայրիկ Աստուածածնին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Ալասքայի մէջ տեսակցեցան՝ խոշորացոյցի տակ առնելով Ուքրայնայի հակամարտութիւնը։
Ս. Աստուածածնի տօնին ընդառաջ, երէկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան այցելեց Պուրկազ կղզի, ուր Այիոս Եուաննիս յունաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայածէս արարողութիւն մը։
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները երէկ երկարաձգեցին յայտնի գործարար ու ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի կալանաւորման ժամկէտը։ Եւս երկու ամիսով Կարապետեանի բանտարկութիւնը երկարաձգուեցաւ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Տոհայի մէջ ունեցաւ բարձր մակարդակի շփումներ։ Այսպէս, ան ընդունուեցաւ Քաթարի Էրիր շէյխ Թամիմ պին Համիտ ալ Սանիի եւ վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման ալ Սանիի հետ։
Տանըլտ Թրամփ տեղեկացուց, որ եթէ այսօր Վլատիմիր Փութինի հետ համաձայնութեան մը հասնի, ապա յաջորդ հանդիպումներու ձեւաչափը պիտի ըլլայ եռակողմանի:
ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի նախագահներու՝ Ալասքայի սպասուած ժամադրութեան օրը: Իսթանպուլ պատրաստ՝ հիւրընկալելու Վոլոտիմիր Զելենսքիի մասնակցութեամբ յաջորդ հաւանական գագաթաժողովը :
TRIPP-ի կապակցութեամբ Երեւան կը ձգտի փարատել Մոսկուայի եւ Թեհրանի առկայ մտահոգութիւնները:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի Հայաստան այցելութենէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան պիտի ուղեւորուի Ռուսաստան: