Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պարոյր Սեւակ լաւապէս կը գիտակցէր, որ կան մտաւորականներ, որոնք պատրաստ են պատիւ ստանալու սիրոյն ամէն տեսակ ցածոգի արարքներ ընելու. գիտէր, որ թիւով քիչ չեն մարդիկ, որոնք ամենայն սիրով իր գրութիւններուն մէջ ուղղակի կամ անուղղակի քննադատութիւնները, հայրենասիրական կոչերը պիտի մատնեն իշխանութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026

Օրթագիւղի ընտանիքը բարձր տրամադրութեամբ հրաժեշտ տուաւ՝ թաղի Ս. Թարգմանչաց վարժարանի 2025-2026 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն: Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ: 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026

Կը տեղեկանանք, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքը «College Board»ի կողմէ ճանչցուած է՝ որպէս «Level II Approved School»։
Վարժարանը աւելի քան տարի մը առաջ դիմած է այս ճանաչումը ունենալու համար:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026

Գաւառի հայոց հոգեւոր տեսուչ Տ. Աւետիս քահանայ Թապաշեան նախընթաց օր Անտիոքի մէջ մասնակցեցաւ՝ Ս.Պօղոս-Ս.Պետրոս առաքեալներու յիշատակութեան տօնակատարութեան: Հարկ է նշել, որ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ տօնացոյցին վրայ ամէն տարի յունիսի 29-ը նախատեսուած է՝ որպէս այս սուրբերու յիշատակութեան օրը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը այս տարի ունի տասնմէկ շրջանաւարտ:
Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հովանաւորուած 2025-26 կրթական շրջանի փակման աւանդական արարողութիւնը փայլուն անցաւ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026

Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի այցելութեան նախօրեակին եւրոպացի դեսպաններու հետ հանդիպում:
Հայաստան-ԵՄ գործակցութիւնը յառաջ կը տարուի՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բոլոր ուղղութիւններով:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոյանձնաժողովի բարձր մակարդակի պատուիրակութիւնը:
Թուրքիա եւ ԵՄ տարածաշրջանային կայունութիւնը կ՚արժեւորեն՝ յարափոփոխ աշխարհաքաղաքական պայմաններով:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026

Այսօր, Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ: Ան կը մասնակցի՝ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տարածաշրջանային մակարդակով կազմակերպուած համաժողովի մը, որու տանտէրն է Թուրքիան:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Յունիսի 25-28, 2026-ի օրերուն, Կիպրոսի տեղական եւ հայկական գաղութը ապրեցան զգացական ջերմ օրեր՝ յիշատակելով Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 100-ամեակը

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Աշխարհը արդէն տեղեակ է, թէ այս տարի (2026), Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը դառնայ 250 տարեկան: Թուական մը, որ բոլորի մտքին առջեւ կը բանայ մտածումի նոր ակօսներ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026

ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երբ այդ օրը վերադարձայ, ինքնաշարժին մէջ առանձին էին…, սակայն, վարորդը հանգիստ չձգեց զիս…, ժայռը ցոյց տուաւ եւ ինքնաշարժի շարժիչի հանած ձայնին մէջէն գոռալով ըսաւ. 

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբը աւանդական արարողութիւններով փակեց 2025-2026 շրջանը։ Այս առթիւ սարքուեցաւ բացօթեայ սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ընտանեկան անմիջական մթնոլորտ։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

Երէկ, Թոփգաբուի ընտանիքէն վարիչներ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Ֆաթիհի քաղաքապետարանը։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը հիւրընկալեց քաղաքապետ Մեհմէտ Էրկիւն Թուրան, որու կողքին էր իր տեղակալը՝ Մեհմէտ Էօզչելիք։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ հանրահռչակման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն շրջանակէն ներս կարեւոր ու յատկանշական քայլ մը կատարուեցաւ։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1. Ի՞նչ ըսել է ապաշխարութիւն եւ ո՞վ տնօրինած է զայն: Ի՞նչ է ապաշխարութեան միջոցը: 2. Խորհուրդ ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է: 3. Քանի՞ տեսակ ներողութիւն կայ: Ո՞րն է կատարեալը եւ ո՞րն է՝ անկատարը: Ո՞րն է մասնաւորը: Որո՞նք իշխանութիւն ունին ներելու: 

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Լոյս եւ խաւար»ի գաղափարականը մարդուն մէջ սկիզբէն իսկ գոյութիւն ունեցած է։ Մարդը մի՛շտ սիրած է «լոյս»ի գաղափարը եւ անոր մասին երգած, նոյնիսկ պաշտած է զայն։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նախորդ մեր գրութեան մէջ տեսանք, որ Յովհաննէս Շիրազ ինչպիսի գովասանքներով մեծարած էր Ստալինը եւ երբեւէ Խորհրդային Միութեան դէմ ըմբոստ արտայայտութիւն մը չէր ունեցած։ Անոր ստեղծագործութիւններուն առանցքը 1915-ի Մեծ Եղեռնն ու հայրենասիրութիւնն էր, սակայն, նոյնը չէ Պարոյր Սեւակի պարագան։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ուաշինկթընեան համաձայնութեան 14 կէտերը պէտք է իրաւագիտական ուսումնասիրութեան ենթարկել՝ նկատելու համար այն բաց կարելիութիւնները, որոնք Իսրայէլին առիթ կու տան իր զօրքերը չհեռացնելու Լիբանանի ինքնիշխան տարածքներէն:

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

Վրաստան-Ղազախիստան յարաբերութիւնները նոր հարթութեան մը վրայ:
Թիֆլիզ եւ Աստանա հետամուտ՝ համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով զարգացնելու:

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան մէջ նոր ոստում մը կ՚որոնուի՝ այժմու դրական մթնոլորտով:
Անգարա եւ Պրիւքսէլ կը ջանան վերահաստատել իրարու նկատմամբ ընծայուած կարեւորութիւնը՝ հրատապ նպատակներու հետամուտ:

Էջեր