Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 27, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

27 յունիսին մոռնալ ու շրջանցել՝ առանց յիշատակելու ծննդեան 100-ամեակը սփիւռքի հայութեան ոգիին համասփիւռ արտայայտիչն հանդիսացած, սփիւռքի ցաքուցրիւ հայութեան կոտտացող Երազը բեկոր առ բեկոր հայահաւաքի երդումի վերածած Վահրամ Մավեանի (Երուսաղէմ, 27 յունիս 1926 - Լիզպոն, 11 յունուար 1983, թաղուած Պէյրութ, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը), աններելի մեղքի համազօր բան մը պիտի ըլլայ:

Շաբաթ, Յունիս 27, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Պուքրէշ եղած էի 11 տարի առաջ եւ բաւական փոխուած տեսայ զայն։
Եւրոմիութեան անդամակցութեան կապեցի այդ մէկը։ Այո, ինքնին քաղաքներու յառաջդիմական ու պայծառ կերտուածքները համեմատութիւններով կը բանին եւ որքան քաղաք այցելես, այնքան կը մաղուի այսպէս ըսած՝ քաղաքատեսման, զնման, զուարճացման ու լուսաւորման մաղուածութիւնները, սակայն, հոս զգալի էր եւրոպականացումը:

Շաբաթ, Յունիս 27, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ընտրութեան յաջորդած առկայ իրավիճակին մէջ Հայաստանի ներքին միասնականութեան հարցը հրատապ:
Անվտանգութեան երաշխաւորումը կրնայ կարեւոր հնարաւորութիւն մը ընձեռել՝ քանի կ՚ենթադրէ լայնախարիսխ համախմբում:

Շաբաթ, Յունիս 27, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Բժշկական արուեստի ամենափորձ ճարտարութեամբդ պատճառ ես Դուն անախտ կեանքի, երկնաւոր հզօր թագաւոր, Տէր Յիսուս Քրիստոս, ամենուն Աստուածը, իմանալիներուն եւ տեսանելիներո՛ւն…». (ՆԱՐԵԿ. ԽԳ)։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Խորհրդային Միութեան տարիներուն օտարազգի բազմաթի՜ւ մտաւորականներ ձերբակալելէ եւ Սիպիրի կամ մահապատիժի արժանացնելէ ետք արեւու պէս յստակ էր, որ ուշ կամ կանուխ այդ ճակատագիրին պիտի արժանանան նաեւ որոշ հայ գրողներ՝ որոնք միտքի ազատութիւնն ու իրենց ունեցած գաղափարախօսութիւնները աւելի կը կարեւորէին՝ քան սեփական հանգիստն ու ազատութիւնը:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ստորեւ կը ներկայացնենք շահեկան հատուածներ՝ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի (1951-1961) «Դպրաց դասերուն եւ երգչախումբերուն ուղղուած» մայիս 24, 1953 թուակիր կոնդակէն։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային կեանքի մէջ կան դժուարութիւններ, որոնք տեսանելի չեն. մարմնի վրայ չեն տեսնուիր, ջերմաչափով չեն չափուիր եւ ազդեցութեան որոշ չափանիշ մը չունին. կը շարունակեն ապրիլ լուռ ու անաղմուկ մարդու ներաշխարհին մէջ:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքի ոստիկանապետ նշանակուեցաւ հայազգի պաշտօնեայ մը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Կլենտէյլի ոստիկանապետի պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ հայազգի պաշտօնատար մը:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

Ամերիկահայ ակադեմական տքթ. Հուրի Պէրպէրեան «Chancellor՚s Professor» կոչման արժանացած է Գալիֆորնիոյ Համալսարան-Իրվինէն (UCI) ներս։ Ան այս համալսարանի պատմութեան բաժնի դասախօսներէն է, միեւնոյն ժամանակ, Հայկական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէնուհին։ 

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

Հայաստանի մէջ ներկայ ամսուան սկիզբին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն վերջ, արդէն պատրաստութիւններ յառաջ կը տարուին՝ նորընտիր խորհրդարանի անդրանիկ նիստին ընդառաջ։ Ազգային ժողովի նոր կազմը յառաջիկային աշխատանքի պիտի ձեռնարկէ եւ այս փուլի սեմին՝ խորհրդարանէն ներս ջախջախիչ մեծամասնութեան տիրացած «Քաղաքացիկան պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը աշխատանք կը տանի՝ ներկայացնելու համար խորհրդարանի դիւանին մաս կազմելիք դէմքերու իր թեկնածուները։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

Նախարարներ Հաքան Ֆիտան եւ Անիթա Անանտ ուսումնասիրեցին Տարլինկթընի հիւլէակայանի աշխատանքը:
Թորոնթոյի բազմակողմանի հանդիպումներուն ժամանակ քննարկուեցան համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

Բժիշկներու համաշխարհային նուագախումբին փառաշուք ելոյթը՝ Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ:
Աշխարհահռչակ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեանի մասնակցած ձեռնարկի հասոյթը կը տրամադրուի երեխաներու բուժման:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

Նիկոլ Փաշինեան. «Ղարաբաղի շարժումը շարունակելու ուղղեալ բոլոր ջանքերը պիտի կասեցուին»:
Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ համագործակցութիւնը կ՚ընթանայ, TRIPP-ի առջեւ որեւէ խոչընդոտ չկայ:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

Հայաստանի Հանրապետութեան դատական իշխանութիւնները որոշեցին բաւ համարել՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ արք. Աջապահեանի դէմ սահմանուած տնային կալանքը։ 

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Հայոց գիրերու գիւտարարներուն՝ Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի յիշատակութեան տօնը։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

Գալֆաեան տան ընտանիքը ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ դպրոցի այս տարուան շրջանաւարտներուն: Պաղլարպաշըի «Հալք էղիթիմ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ներկաներու շարքին էին՝ Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան, մայր Գայիանէ Տուլքատիրեան, քոյր Հռիփսիմէ Թերզեան, խնամակալութեան ատենապետ Թամար Մայօղլու եւ գործակից ընկերները, խնամակալութեան նախկին ատենապետներ, Սկիւտարի հաստատութիւններէն պատասխանատուներ եւ այլ հիւրեր:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտները խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ առին՝ կրթական կեանքէ ներս իրենց առագաստը ուղղելու համար դէպի նոր հորիզոններ: Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 8-րդ դասարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ: 

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ կազմակերպուած ՀԱՅMUN ծրագիրը վերջին օրերուն համախմբեց պոլսահայ հինգ լիսէներու սաները: Միջազգային գետնի վրայ արդէն վաղուց ընդունուած ձեւաչափ մըն է այս մէկը, որով նոր սերունդի ներկայացուցիչները ՄԱԿ-ի մոտելի նմանութեամբ կը քննարկեն միջազգային բնոյթով զանազան հարցեր:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

Երէկ երեկոյեան, Էսաեան վարժարանը փայլուն հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ 2025-2026 կրթական շրջանի իր հունձքին: Լիսէի բաժնի շրջանաւարտները յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ, խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ առին դպրոցէն:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր իրաւաբաններէն Ալին Տավութհան-Էօզպիւլպիւլ պարգեւատրուած է՝ Իսթանպուլի փաստաբանական կաճառին կողմէ։

Էջեր