Արխիւ
Այս շաբաթավերջին համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ վրայ, որու հիմնադրութեան 250-ամեայ յոբելեանը կը նշուի: Յոբելենական այս շրջանին, Վոսփորի Ասիական ափի այս գողտրիկ սրբավայրը ի հիմանէ վերանորոգուած, ամբողջութեամբ բարեզարդուած է՝ տեղւոյն թաղային խորհուրդի ջանքերով:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ երէկ ուշ գիշերուայ ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է Վանուհի Մարգարի Սեդրակեան՝ անողոք հիւանդութեան հետեւանքով: Հանգուցեալը երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին էր եւ մանագիտութեամբ բժշկուհի:
Երէկ, Անգարա-Ռիատ-Իսլամապատ առանցքին վրայ առնուեցաւ կարեւոր քայլ մը: Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Փաքիստան պաշտօնապէս ռազմական դաշինք մը ստեղծեցին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սիրոյ ամենէն վտանգաւոր կողմերէն մէկն ալ տրամաբանութեան կորուստն է՝ մանաւանդ տխրութեան եւ յուսահատութեան պահերուն։ Մարդ կը սկսի երկարաժամկէտ հետեւանքները այնքան ալ նկատի չունենալ եւ վտանգներն ու երեւոյթները ճշգրիտ ձեւով չվերլուծել։
Երէկ, Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքէն ներս տեղի ունեցաւ Վարդավառի տօնակատարութիւն: Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն կատարուած այս արարողութիւնը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Աստուածաշունչի միացեալ ընկերութիւններու համաշխարհային խորհուրդի անդամ ընտրուած է սփիւռքահայ յայտնի գործիչ տքթ. Հրայր Ճէպէճեան:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահը մեծ պատուի արժանացած: Վահագն Խաչատուրեան Երեւանի մէջ առաջին աստիճանի շքանշանով պարգեւատրեց Սեմ Սիմոնեանը:
Փաշինեան մասնակցեցաւ ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու վարչապետներու հերթական ժողովին: Օվերչուք վերստին բարձրաձայնեց Հայաստան-Ռուսաստան տարակարծութիւններու առկայ դրսեւորումները:
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հիւրընկալեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանին: Օրուան տեւողութեան հիւր նախարարը Անգարայի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ՝ ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալընի կողմէ:
«Reuters» գործակալութեան հրապարակումը կը կրէ՝ «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդը դատարանի առջեւ․ կը խորանայ իշխանութիւն-եկեղեցի դիմակայութիւնը»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը քրէական հետապնդման կ՚ենթարկուի՝ իր եկեղեցական ու կանոնական պարտականութիւնները կատարած ըլլալու պատճառով։ Խղճի եւ կրօնի ազատութեան լլկում։ Հայաստանէ ներս առկայ հակաեկեղեցական արշաւի մթնոլորտին մէջ, քաղաքական պատուէրով շարժման անցած դատական իշխանութիւնները արհեստական մեղադրանքներ հասցէագրած են Վեհափառ Հայրապետին եւ ԳՀԽ-ի անդամ սրբազաններուն դէմ։ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ հրապարակուեցան ծանրակշիռ յայտարարութիւններ, որոնք ստեղծեցին լայն արձագանգ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սաղմոսերգուն երգով կը փառաբանէ Աստուած. «Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը. ո՛վ բոլոր երկիր, երգեցէ՛ք Տէրոջը։ Երգեցէ՛ք Տէրոջը, օրհնեցէ՛ք անոր անունը։ Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայիս թուային աշխարհի ամենէն վտանգաւոր երեւոյթներէն մէկը սուտ լուրը չէ միայն, այլեւ այն պատրանքը, թէ հասարակութիւնը ինքնաբուխ կերպով կը մտածէ, կը հաւատայ կամ կը պահանջէ որոշ բաներ։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան ընկերային ցանցերու վրայ հետեւեալ հրապարակմամբ հանդէս եկած է՝ այս օրուան դատավարութեան կապակցութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ…». (ՅՈՎՀ. Գ 16)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սիրահարութեան միւս բացասական կողմերէն մէկը սեփականացնելու փափաքն է։ Սիրահարած մարդը միշտ իր մէջ կ՚ունենայ սիրածը կորսնցնելու վախը՝ նոյնիսկ եթէ անոնց յարաբերութեան սպառնացող ո՛չ մէկ բան գոյութիւն ունի։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Եթէ…
Վստահաբար մեզմէ շատեր այս երեք տառերէն բաղկացած արտայայտութիւնը յաճախ կը գործածենք, առաջին հերթին ափսոսալու կորսնցուցած առիթի մը համար, յետոյ մենք մեզ մեղադրելու կամ յանդիմանելու, թէ եթէ այսպէս վարուած ըլլայի՝ այսպէս կ՚ըլլար, եթէ այդ ուղղութեամբ գացած չըլլայի՝ այնպէս կ՚ըլլար, եթէ այսինչին հետ վիճած չըլլայի՝ հիմա այս լարուածութիւնը չէր ըլլար, եւ այսպէս շարունակ…:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նոր Ջուղան՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենանշանաւոր գաղթօճախներէն մէկը, նախկին պատմական քաղաքը, իր քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքով երկար ժամանակ եղած է պատմաբաններու եւ մշակութաբաններու ուշադրութեան կեդրոնը։
Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ՝ ամրան շրջանի հերթական երիտասարդական համերգը, որ բացառիկ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ: «Մենք երգ ենք» ծրագրին շրջանակներէն ներս կազմակերպուած համերգը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս:
Մահմետական երկիրները խորապէս անհանգիստ. Մեսճիտի Աքսայի ուղղեալ Իսրայէլի քայլերը կրնան հրահրել կրօնական բնոյթով բախումներ: Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան մասնակցեցաւ Յորդանանի նախաձեռնութեամբ Ամմանի մէջ կազմակերպուած կարեւոր հաւաքին եւ ունեցաւ այլ շփումներ: