Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Փաքիստանի խնդրանքին ընդառաջ երկարաձգած է Իրանի հետ հրադադարը։ Ծանօթ է, որ ապրիլի 8-ին հաստատուած էր երկշաբաթեայ հրադադար մը, որու ժամկէտը պիտի լրանար այսօր։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Եկեղեցին պետութենէն անջատ է, բայց, այն չի կրնար դուրս ըլլալ պետութենէն կամ պետութեան մէջ պետութիւն ըլլալ»։
Անմոռանալի վարպետին տաղանդով կը ցոլանան Քաննի շարժանկարի փառատօնէն պատմական դրուագներ:
Արա Կիւլէրի թանգարանէն ներս կազմակերպուած հերթական ցուցահանդէսը լոյս կը սփռէ ժամանակաշրջանի մը ոգիին վրայ՝ ընձեռելով յետադարձ հայեացքի անկրկնելի հնարաւորութիւն մը:
Բացման արարողութեան մասնակցեցան դեսպան Տիւմոն, աւագ հիւպատոս Ֆանթոն եւ «Տողուշ» խմբակէն Աքհան:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանի ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի Գումգաբու տուած այցելութիւնը նշանակալի կը համարուի զանազան առումներով։ Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի տագնապը անխուսափելիօրէն անդրադարձ կ՚ունենայ արտասահմանի մէջ՝ քանի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աշխարհով մէկ սփռուած ցանց մըն է եւ համակարգին գլուխը կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը՝ որպէս ընդհանրական կեդրոն։
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ճաշարանի ճամբուն վրայ կը զգայի, թէ նոր աշխարհի մը մէջ կը քալէի, որու մէջ ամէն ինչ նոր է՝ օդը, արեւն ու մարդիկը, փողոցն ալ նոյնը չէր, որուն արդէն վարժուած էի ամէն օր ճաշարան գացած ատենս, այն եւս նոր բան մըն էր եւ ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ առաջին անգամն է, որ անկէ կը քալէի…:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զգացումները լաւագոյն կերպով արտայայտելու գեղեցկաշուք միջոցն է բանաստեղծութիւնը։ Ոգեխօսութիւնը կամ ոգեհարցութիւնը հանդիսացած են գեղեցիկ միջոցներ, որոնք մարդս մտերիմ եւ ջերմ յարաբերութեան մէջ կը թողուն աշխարհէն հեռացող սիրելի հոգիներու հետ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ազգային մշակոյթն ու աւանդութիւնները այսօր մեր կեանքին վրայ ինչքանո՞վ ազդեցութիւն ունին եւ կ՚ունենան՝ կը կարծենք անորոշ է, որովհետեւ կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մշակոյթներն ու աւանդութիւնները տեղի կու տան «ընդհանրական» քաղաքակրթութեան մը, որ լաւապէս գիտէ վերացնել տոհմիկ բարքերն ու սովորութիւնները:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի շաբաթավերջին Գումգաբու տուած այցելութիւնը զուտ քաղաքավարական կամ արարողակարգային բնոյթ չունէր։ Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքին կողմէ իր հիւրընկալման արձագանգները կը շարունակուին։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք Մաշալեան ընդունեց Գալֆաեան Ուխտի միաբաններէն Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեանն ու ընտանեկան անդամները:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք Մաշալեան ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուն, որուն կ՚ընկերանար անդամներէն Ռոպէր Կիւտիւճիւ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք Մաշալեան ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զընկըքն ու գործակից ընկերները: Ներկայ էին նաեւ Տ. Մելքոն քհնյ. Փնարճեան եւ Արշաւիր սրկ. Պիւյիւքիշման:
Երէկ, Տ. Արամ արք. Աթէշեան քաղաքավարական այցելութիւններ տուաւ Տիարպաքըրի կուսակալ Մուրատ Զորլուօղլուին եւ քաղաքապետ Տողան Հաթունին: Նորին Սրբազնութիւնը շաբաթավերջին տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահած էր արարողութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան Ս. Զատկի շրջանին, Աշխարհամատրան կիրակիի շաբաթավերջին:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան շաբաթավերջին այցելեց Սպանիոյ մայրաքաղաքը Մատրիտ։
Հայց. Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցիներու ընդհանրական հայրապետներու հանդիպումը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Տ.Տ. Եփրեմ Բ. Պատրիարքը ողջագուրուեցան՝ փոխանակելով բարեմաղթանքներ եւ աղօթելով տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման համար:
Ըստ Փաշինեանի՝ աշխատանք կը տարուի նոր ռազմավարութեան մը մշակման վրայ:
«Հայաստանի արտաքին անվտանգութեան առաջին միջոցն է՝ միջազգային օրինականութիւնը»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլիս ապրած տարիներուն է, որ ապագայ լեզուաբան, գիտնական Հրաչեայ Աճառեան առաջին անգամ խորապէս կը հաղորդուի բառերու կախարդական աշխարհին։
Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
4. Հարստութիւնն ու աղքատութիւնն ալ այսպէս է եւ երբեմն ալ դիպուած. եթէ հարստութիւնը յատուկ Աստուածային պարգեւ է մասնաւոր անձերու, ըսել է, թէ հարուստները սիրելի են, վա՜յ աղքատներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս բարոյական կեանքը իր ակունքը կը քաղէ Հաւատքին մէջ Աստուծոյ, որ Իր սէրը կը յայտնէ արարածներուն։ Պօղոս առաքեալ «հաւատքի հնազանդութեան». (ՀՌՈՎՄ. Ա 5, ԺԶ 26) մասին կը խօսի իբրեւ «առաջին պարտաւորութեան» մասին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արտասովոր է նման արտայայտութիւն ունենալ, սակայն, պատերազմը միշտ բացասական ազդեցութիւն չ՚ունենար։ Մարդկային կեանքի մէջ տեղի ունեցած իւրաքանչիւր պատահար՝ անկախ դրական կամ բացասական ըլլալէ, ծնունդ կու տայ լաւատես ու յոռետես մարդոց, որոնք կը յաջողին նոյն արդիւնքէն ամբողջութեամբ տարբեր արդիւնքներ ստեղծել:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Ապրիլի քսանը անցաւ եւ սա, ինչպէս միշտ, յստակ օրակարգ մը կ՚առաջարկէ մեր առօրեային մէջ: Եթէ ձեր հեռաձայնին ընդմէջէն հայկական տարբեր գաղութներու լուրերուն կը հետեւիք, ուրեմն ձեր քով կամաց-կամաց ընթացք առած պէտք է ըլլան յիշատակի երեկոները, տարելիցի նշումները, ոգեկոչման ձեռնարկները…