Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ օրհնութեան կարգ՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ:
ՀՄԸՄ-ի համահայկական տասներկրորդ մարզախաղերու մասնակից՝ շուրջ ութհարիւրյիսուն երիտասարդներ այցելեցին Մայր Աթոռ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյթ մը, որ կազմակերպուած էր Վարդավառի տօնին առթիւ։ «Ցնծա՛ հայ երաժշտութիւն» խորագրեալ համերգը համախմբեց հոծ թիւով կղզեբնակ երաժշտասէրներ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

Թրքահայ ակադեմականներու հարթակը (ԹԱՀ-TEAP), որ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան տակ կը գործէ, հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, զոր այս առաւօտ հրապարակուեցաւ Գումգաբուի աղբիւրներուն կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

ARA KOÇUNYAN

Ermenistan Başbakanı Paşinyan’ın İstanbul ziyaretini bu köşede, ruhbanların tavrı ve ardından Amerika Birleşik Devletleri dönüşü Patrik Maşalyan’ın düzenlemiş olduğu basın toplantısındaki açıklamalar ekseninde ele aldık.

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Ինչո՞ւ համար այս շփացածութիւնը: Կրօնքս ու ազգութիւնս ժառանգեցիր, եւ ընտրելու մէկ վայրկեան իսկ չդիմագրաւեցի: Եւ հիմա կը հարցնեմ ձեզի. ձեզմէ ո՞վ ընտրեց հրեայ ըլլալ…, ո՞վ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրիշ ժողովուրդներու նման՝ հայերն ալ, իրենց պատմութեան հետագայ փուլերուն, «Նոր տարի» հասկացողութիւնը, բնութեան շրջանակաձեւ հոլովոյթի կամ անոր կրկնման սկիզբը կապուած են բերքի հասունացման, բերքահաւաքի հետ եւ այն կը տեղափոխեն Աւելեաց ամիսէն (13-րդ՝ լրացուցիչ ամիս, որ կը սկսի օգոստոս 6-ին եւ կը վերջանայ օգոստոս 10-ին՝ 5 օր) անմիջապէս ետք՝ օգոստոսի 11-ը ըստ Յովհաննէս Սարկաւագի կազմած անշարժ տոմարի։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Սորվեցուր անոր հաւատալ իր գաղափարներուն, նոյնիսկ եթէ բոլորը ըսեն, որ սխալ են». վստահաբար Լինքըն այստեղ ըսել չ՚ուզեր, որ ան սխալ գաղափարներու կողմնակից թող ըլլայ, այլ կ՚ուզէ շեշտել, որ իր զաւակը քարացած ու հաստատուած գաղափարներու կոյր հետեւորդը չըլլայ, այլ ունենայ իր սեփական գաղափարները եւ հաւատայ անոնց.

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Բայց նաեւ առիթ տուր մտածելու թռչուններու խորհրդաւորութեան, արեւի տակ գտնուող մեղուներու եւ կանաչ բլուրին վրայ գտնուող ծաղիկներուն մասին». այս խնդրանքը հաւասարակշռութեան մը խնդրանք է՝ իրապաշտին եւ վերացականին միջեւ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025

ARA KOÇUNYAN

Ermenistan Başbakanı Paşinyan’ın İstanbul ziyareti sırasında ruhbanlar tarafından benimsenen tavır ve Patrik Maşalyan’ın Amerika Birleşik Devletleri yolculuğu sonrasında düzenlediği basın toplantısı çeşitli boyutlarıyla gündemde kalmaya devam etmekte.

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան միջեւ մաքսատուրքերու հարցին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացաւ։ Առեւտուրի համաձայնագրի ստորագրումով Ուաշինկթըն-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ առ այժմ կանխուեցաւ մաքսի տագնապը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025

Մենհեթթընի մէջ երէկ երեկոյեան ժամերուն սարսափելի դէպք մը պատահեցաւ, ինչ որ ամբողջ աշխարհէ ներս արձագանգ գտաւ:
Լաս Վեկասէն Նիւ Եորք մեկնած 27-ամեայ չարագործը, որ հոգեկան հիւանդ էր, պատճառ դարձաւ չորս հոգիի մահուան, կայ նաեւ ծանր վիրաւոր մը:

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025

Այսօր, Անգարայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Ղազախիստան բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հինգերորդ ժողովը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման գործընթացի երկարաձգումը կրնայ պատճառ դառնալ տարածաշրջանէ ներս լարուածութեան աճի։

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025

Երեւանէն շաբաթավերջին հասած դրուագները խոր տպաւորութիւն գործեցին բոլորին վրայ։ Վարդավառի աւանդական տօնակատարութիւնները, ջրամարտերը վերակենդանացուցին աւանդութիւնները։

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուած է ֆրանսահայ անմահ նկարիչ Ժանսեմի (Յովհաննէս Սեմէրճեան) ցուցահանդէսը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Յիմարին հետ պէ՞տք է վիճաբանիլ:
Պատասխան.
Առակացին մէջ կը կարդանք. «Իմաստուն մարդը, երբ յիմարին հետ վիճաբանութիւն ընէ, թէ՛ սրդողի եւ թէ ծիծաղի՝ հանգիստ չ՚ըլլար» (Առ 29.11):

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոգեւոր կեանքը շիտակ դիմաւորելու եւ անոր մէջ յառաջանալու, հաստատուելու, աճելու եւ պտղաբերելու համար մարդ պարտի իր ներքին հոգեւոր մարդուն համար եւս կիրարկել նոյն օրէնքները՝ զորս նկատելի են եւ անհրաժեշտ ֆիզիքական-մարմնական կեանքին համար։

 

Երկուշաբթի, Յուլիս 28, 2025

Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ նշեց, որ իր երկիրը կը փափաքի, որպէսզի հայ ժողովուրդը վերջ դնէ Ատրպէյճանի դէմ բոլոր տարածքային պահանջներուն՝ Սահմանադրութեան համապատասխան փոփոխութիւններու միջոցաւ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 28, 2025

Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկումներ կը ծաւալուին Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան՝ մանաւանդ Կազզէի ողբերութեան շուրջ։ Անգարայի եւ Փարիզի դիրքորոշումները հետզհետէ կը դառնան իրերանման եւ այս մթնոլորտին մէջ երէկ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 28, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Քանի մը շաբաթ առաջ լաւ ու վատ կոչած իմ համերգներուս մէջ՝ լաւ համերգներէն մէկն էր ասիկա. թերեւս ալ՝ լաւագոյններէն, անմոռացներէն մէկը։ 

Էջեր