Արխիւ

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

​Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկիրը կը թեւակոխէ TRIPP-ի իրագործման փուլը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախընթաց օր, վարչապետը Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, երեսփոխանի մը հարցումին պատասխանելու ժամանակ ըսաւ. 

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

​Անգարա-Երեւան առանցքի բնականոնցման որոնումներով պայմանաւորուած իրավիճակին տեսակէտէ յատկանշական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Այսպէս, երէկ, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ տեսակցեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա համաշխարհային տագնապի պայմաններուն ներքեւ անկարելի է՝ ձեռնունայն սպասէ։
Երէկ, Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս, նախագահ Էրտողան հանդիպումներ ունեցաւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներուն հետ, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն Թուրքիա։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կը պատմուի, թէ ուսուցչուհի մը իր դասարանի աշակերտներէն կ՚ուզէ, որ գծեն նկար մը՝ որ ցոյց տայ բան մը՝ որուն համար սրտանց շնորհակալ են։ Մինչ ուսուցչուհին կը մտածէ, որ ընդհանրապէս համեստ դասակարգէ եկած աշակերտները, իրականութեան մէջ շատ քիչ բան ունին շնորհակալ ըլլալու, քանի որ անոնք շատ բաներէ զրկուած ընտանիքներու կը պատկանին։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այնպէս ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր եւս հայ ժողովուրդին մէջ կան բազմաթի՜ւ երեւոյթներ, որոնք քննադատելի են։ Եթէ ուշադրութեամբ հայկական բոլո՛ր թերթերը աչքէ անցընենք՝ ի՛նչ գոյնի, ինչ գաղափարախօսութեան ալ պատկանին անոնք, անպայմանօրէն ունին բողոք մը, կոչ մը, քննադատութիւն մը, սակայն, անոնց հասարակաց գիծը այն է, որ չունին լուծումներ:

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Վերջի ու վերջաբանութեան հասկացողութիւնը գոյութենական ամենացայտուն ու իմաստադրոշմ հասկացողութիւններէն է՝ սկիզբի եւ ընթացքի հասկացողութիւններուն հետ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համակրելի եւ այնքան սիրելի մենեգչուհի Սիպիլ կորսնցուցած է իր անզուգական մայրը՝
ՏԻԿԻՆ
ՄԱՐԻ ՓԵՔԹՈՐՈՍՕՂԼՈՒՆ

Սա իսկապէս ցաւալի կորուստ մըն է՝ մանաւանդ, որ հանգուցեալը մեր համայնքի երէց սերունդի տիրական դէմքերէն մին էր՝ արժանացած ըլլալով յարգանքի եւ համակրանքի։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

Երէկ երեկոյեան, Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային յատկանշական ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր հայ գրականութեան եւ մտաւորականութեան տիտաններէն Զապէլ Եսայեանին։ Այս հաւաքոյթը առիթ դարձաւ թէ՛ Զապէլ Եսայեանի ոգեկոչման եւ թէ անոր թողած մեծ ժառանգութեան վերարժեւորման։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

Երէկ երեկոյեան, Պոլսահայ միջմիութենական յանձնախումբը ժողով մը գումարեց Մխիթարեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Զանազան սանուց միութիւններու եւ ակումբներու ներկայացուցիչները լայն մասնակցութիւն բերին այս խորհրդակցութեան, որու ընթացքին ծաւալուած քննարկումներու կիզակէտին էին զօրակցութիւնն ու համատեղ ծրագրեր կեանքի կոչելու որոնումները։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

Երուսաղէմի մէջ Ս. Զատկի շրջանին միջեկեղեցական շնորհաւորական այցելութիւնները կը շարունակուին։ Երէկ, այս ծիրէն ներս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Երուսաղէմի Յոյն Ուղղափառ Տ. Թէոֆիլոս Գ. Պատրիարքը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Սպանիայէն ժամանած խումբ մը գործարարներ։ Հիւրերուն ընկերացաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ Սպանիոյ մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եկեղեցական խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Գրիգորեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ նախատեսուած երկրորդ փուլի բանակցութիւններուն ընդառաջ, Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆ կը շարունակէ իր բազմակողմանի շփումները։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

Կը տեղեկանանք, որ Ս. Խաչ դպրեվանքէն խումբ մը սաներ այսօրերուն կ՚այցելէն Աթէնք։ Անոնք մասնակցութիւն կը բերեն ՄԱԿ-ի ձեւաչափի օրինակով (MUN) կազմակերպուած միջվարժարանային քննարկումներու։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան արդէն եկած է Պոլիս, ուր կը մասնակցի Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ վեհաժողովին։ Ընդհանուր քննարկումներու բաժնին մէջ Ալէն Սիմոնեան երէկ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

ARA KOÇUNYAN

Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı Başkanı Aksel Topalyan son basın toplantısında, Türkiye Ermenilerinin toplumsal yaşamına dair önemli gözlemler dile getirdi. Bu bütünün içerisinde cemaat eğitim kurumlarıyla ilgili saptamaları gerçekten dikkate değerdi. 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տասնօրեայ հրադադար Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ, որ ռազմավարական հաշիւներու զոհասեղանին վրայ է:
Պէյրութ կորսնցուցած է ո՛չ միայն իր արտաքին դիրքորոշման վերահսկողութիւնը, նաեւ ներքին որոշումներու ինքնուրոյնութիւնը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդու հոգին երբեմն կը լեցուի այնպիսի ծանրութեամբ մը, որ ո՛չ մէկ լեզու, ո՛չ մէկ բառ, ո՛չ մէկ ձայն կրնայ ամբողջովին կրել զայն։ Կը պատահի, որ սիրտդ կը բաբախի լուռ փոթորիկի մը պէս, մտքիդ մէջ հազարաւոր խորհուրդներ կը խառնուին իրարու, բայց, երբ կու գայ պահը զանոնք արտայայտելու՝ շրթունքներդ կը ծանրանան, բառերը կը փախչին, իսկ լռութիւնը կը դառնայ միակ ապաստանը։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ եւ այսօր եւ յաւիտեան». (ԵԲՐ. ԺԳ 8)։ 
Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին մէջ փոփոխութիւնները կը վկայեն եւ կը փաստեն Անոր անփոփոխութիւնը. մշտավառ ապացոյցներն են Իր անփոփոխելիութեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Արաբ փիլիսոփայ, գրող եւ բանաստեղծ Սայիտ Աքըլ մեր թուականէն 62 տարիներ առաջ՝ 1964 թուականին, Լիբանանի հեռատեսիլէն խօսք առնելով կը սկսի խօսիլ հայ ժողովուրդին մասին։ Արաբ այս բանաստեղծը եղած է Վահան Թէքէեանի, Միքայէլ Կիւրճեանի եւ այլ հայ գրողներու բարեկամը եւ անոնց ճամբով ճանչցած էր հայ ազգն ու Հայաստանը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2026

Երէկ, Աստուածաշունչի ընկերութեան կողմէ հրատարակուած «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ի Պոլիս ուղարկուած օրինակներու շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Սաքըզաղաճի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի։ 

Էջեր