Արխիւ

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուղիղ գործելու համար, չի՛ բաւեր «լաւ դատել» կամ մեր ընելիքը յստակօրէն գիտնալ, եթէ նոյնիսկ ասիկա առաջնահերթ ըլլայ։ Շատ անգամ, մենք անտրամաբանական ենք մեր համոզումներուն հետ, նոյնիսկ եթէ անոնք ամո՛ւր են։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ալտըս Հաքսլի կը հաւատայ, որ աշխարհ լուրջ պայքար կը մղէ, որպէսզի մարդ պարտաւորուած սիրէ այն բոլորը, որ իր կամքէն անկախ կը կատարէ։ Այսինքն այն աշխատանք կամ արարքը, որ ընկերութեան համոզումներուն գոհացում տալու պատճառով կ՚ընէ, ունենայ այն համոզումը, որ սիրելով կ՚ընէ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2026

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Արթուն Էօզպիւլպիւլ այս տարի աւարտած է համալսարանը:

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2026

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ նորոգ հանգուցեալ Մաթիլտ Մոսկոֆեանի յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը։ Յուղարկաւորները յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ Մաթիլտ Մոսկոֆեանին, որ մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին էր։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2026

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Հայաստանի կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ աննախընթաց ձեռնարկ:
Մեներգչուհի Սիպիլի երաժշտութիւնը նոր հարթութեան վրայ՝ տեսահոլովակի մէջ մեծն Կոմիտասի հետ խորհրդանշական զուգերգով:

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2026

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը խոր ցաւով գուժեց մահը՝ երէց սերունդի հոգեւորականաց դասէն Տ. Սիփան աւ. քհնյ. Մխսեանի։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2026

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս արք. Ներսիսեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026

Հայաստանի թղթատարութեան ընկերութիւնը՝ «Հայփոստ»ը վերջերս թողարկեց դրոշմաթուղթ մը, որ ձօնուած է անմոռանալի լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026

Անգլիոյ նոր նախարարաց խորհուրդը ձեւաւորուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Էնտի Պէօռնհըմի:
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վստահուած՝ Բանուորական կուսակցութեան նախկին ղեկավարներէն Էտուըրտ Միլիպենտին:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026

Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի նախագահներու հանդիպումը՝ Սպիտակ տան երդիքին տակ:
Թրամփ Աունի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց «Հիզպուլլահ»ի ղեկավարներուն հետ խօսելու համար:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026

Գերմանիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուեցաւ ռազմավարական համագործակցութեան հռչակագիր մը:
Հարաւային Կովկասի խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը անհրաժեշտութիւն. տարածաշրջանի նշանակութիւնը կ՚աճի:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026

Երեւանի Մատենադարանին մէջ, յառաջիկայ ամսուան սկիզբը տեղի պիտի ունենայ հետաքրքրական աշխատաժողով մը, որուն զուգահեռ նախատեսուած է նաեւ ցուցահանդէս մը: «Կոստանդնուպոլսոյ հայ տպագրիչները» խորագրեալ այս նախաձեռնութիւնը կեանքի պիտի կոչուի՝ 7-8-ը օգոստոսին

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Կեդրոնական վարժարանի 2025-2026 շրջանի հունձքէն Լուսին Քարթուն բացառիկ յաջողութիւն արձանագրած է համալսարանի մտից քննութիւններուն արդիւնքով։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Եղիշէ վրդ. Աւետիսեանը, որ տարեկան արձակուրդը կ՚անցընէ քաղաքիս մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Աշխատանքի առիթներու մտահոգութիւնը պիտի մնայ այնքան ատեն, որ արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) կը շարունակէ զարգանալ եւ տարածուիլ: Սակայն տակաւին կան գործեր, որոնք պիտի մնան մարդոց «ձեռքերուն» մէջ: 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ո՞վ պիտի կանգնեցնէ տեղահանութիւնը:
Օրեր առաջ կը հարցնէին, թէ ո՞վ պիտի կանգնեցնէ պարտութիւնը, իսկ հիմա կը պոռանք. ո՞վ պիտի կանգնեցնէ տեղահանութիւնը… այս կնոջ տեղահանութիւնը: 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Որովհետեւ Քրիստոս զիս մկրտելու չղրկեց, այլ՝ աւետարանելու, եւ աւետարանելու՝ առանց խօսքի ճարտարութեան դիմելու, որպէսզի Քրիստոսի Խաչելութեան մասին քարոզութիւնը իր ուժէն չպարպուի». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ա 17)։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային կեանքին մէջ կան որոշ հարցեր, որոնց պատասխանը եղած է եւ մի՛շտ ալ պիտի ըլլայ յարաբերական, որովհետեւ իւրաքանչիւր անձի մտածելակերպը կը կազմուի միջավայրի, փորձառութեան եւ իր հաւատացած արժէքներուն հիման վրայ եւ, հետեւաբար, բնական է, որ ըլլան տարբեր ու շատ անգամ հակառակ: 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Պատկերացուցէք, որ 1933 թուականին, երբ Գերմանիոյ մէջ նացիները իշխանութեան գլուխ եկան, խորհրդարականութիւնը, կուսակցութիւնները եւ ազատ մամուլը արգիլուէին ո՛չ թէ մի քանի ամսուայ ընթացքին (իրականութեան մէջ գործընթացը տեւած է յունուարէն մինչեւ հոկտեմբեր), այլ սա տեւէր 2-3 տարի:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026

Երեւանի մէջ, վերջերս բացառիկ համերգով մը հանդէս եկաւ՝ աշխարհահռչակ շեփորահար Իպրահիմ Մալուֆ: «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնի օրերուն, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս երաժշտահանդէսը, որու մասնակցիները անբացատրելի ապրումներ ունեցան:

Էջեր