Արխիւ
Türkiye Ermenileri Patriği Sayın Sahak Maşalyan,
Ermeni Toplumunun Kıymetli Mensupları,
Değerli Vatandaşlarım,
Sizleri en kalbi duygularımla, muhabbetle selamlıyorum.
Birinci Dünya Savaşı’nın zorlu şartlarında hayatlarını kaybeden Osmanlı Ermenilerini bu yıl da saygıyla anıyor, torunlarına bir kez daha taziyelerimi iletiyorum.
Համայն աշխարհի հայութիւնը այսօր կ՚ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակները։ Մեծ եղեռնէն 111 տարի անց, դարձեալ Ապրիլի 24-ն է եւ հայութիւնը նոյնացած, ամբողջականացած է սրբադասեալ նահատակներու յիշատակին հետ՝ հերթական անգամ հայցելով անոնց բարեխօսութիւնը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Իսթանպուլի Շարժանկարի թանգարանի տնօրէն Պիրտալ Տանեըլտըզը։ Հարկ է նշել, որ այս թանգարանը կը գործէ՝ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Շարժանկարի ընդհանուր տնօրէնութեան հովանիին ներքեւ։
Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ մեր,
Այսօր դարձեալ 24 Ապրիլ է. օր մը, որ մեզ կը հրաւիրէ խոնարհումով կանգնելու մեր պատմութեան ամենէն ցաւալի էջերէն մէկուն առջեւ։ Այս օրը մեզ կը վերադարձնէ դար մը առաջ ապրուած ողբերգութեան յիշատակին, որ խոր հետք ձգած է մեր ազգային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկային հաղորդակցութիւնը երբեք պարզ ուղիղ գիծ մը չէ։ Ան ալիք մըն է, որ կը բախի սիրտէ սիրտ, միտքէ միտք, բայց միշտ չի հասնիր իր նպատակին այն ձեւով, ինչպէս մենք կը պատկերացնենք։
Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարները անդրադարձան գործակցութեան ապագային:
Սուրէն Պապիկեան եւ Իրակլի Չիքովանի արժեւորեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր:
Ապտուլլահ Կիւլի եւ Արմէն Գրիգորեանի միջեւ զրոյց՝ միջազգային հաւաքի մը շրջանակներէն ներս:
Նախկին նախագահն ու Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարը շօշափեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ նիւթեր:
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ այս տարի իսկ արդէն դաշտի վրայ պիտի սկսին TRIPP նախագծի իրագործման աշխատանքները:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան մօտալուտ Խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ ներկայացուց՝ իր գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը:
Անգարայի մէջ նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին ընդառաջ ընդհանուր քարտուղարին կողմէ այց:
«Թուրքիա յեղափոխութիւն մը ապրած է պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտի արտադրութեան առումով»:
Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնին առթիւ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ աւանդական մթնոլորտ:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը տիրէ մեծ եռուզեռ։ 23 ապրիլի Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնը եկած է մեծ խանդավառութեամբ համախմբել երկիրը՝ մինչ կը նշուի նաեւ Ազգային մեծ ժողովի հիմնադրութեան 106-րդ տարեդարձը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վենետիկը՝ դարերու ընթացքին մշակոյթներու, ժողովուրդներու եւ գաղափարներու հանդիպման խաչմերուկը, վերջերս դարձաւ հայկական հոգեւոր ներկայութեան նոր խորհրդանիշ մը կրող վայր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն փունջ մը մտածումներ պիտի ներկայացնենք արաբ գրողներէ թարգմանաբար եւ այդ մտածումներուն մասին պիտի փորձենք ամփոփ խորհրդածութիւն կատարել:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դատապարտուած եւ բանտարկուած անձ մը բանտէն արձակելու համար «ներում շնորհել»ը կրնայ պաշտօնական բացատրութիւնը ըլլալ. բայց դատական պոռացող սխալմունք մը այդ անիմաստ եւ անտեղի բացատրութեամբ պարտկելու ձեւականութիւնը նոյնքան պոռացող ծիծաղաշարժութիւն մը չէ՞։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մերօրեայ նոր սերունդը ի տարբերութիւն անցեալի սերունդներուն, ունի այն բախտաւոր առաւելութիւնը, որն է գիտելիք մը դիւրաւ ձեռք բերելու հնարաւորութիւնը։ Այսօրուան պատանին կամ երիտասարդը մի քանի վայրկեաններու մէջ ձեռք կը բերէ այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնց համար մի քանի տասնամեակներ առաջ ապրողները պարտէին գրադարան այցելել եւ զանազան աղբիւրներու մէջ երկար ժամեր մսխել:
Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները մասնակցեցան՝ Իսրայէլի անկախութեան 78-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան, որու տանտէրն էր երկրի նախագահը՝ Եէիցաք Հերցոք:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի կողմէ գլխաւորուած խումբ մը: Վերակազմեալ Ասողիկ դպրաց դաս-երգչախումբի անունով մեզի այցելութեան փութացած խումբին մաս կազմեցին նաեւ՝ փոխ-նախագահ Տ. Գէորգ աւ. քահանայ Չնարեան, դպրապետ Լեւոն սարկաւագ Գույումճեան, տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Արդար Պաղճը եւ ատենադպիր Սարգիս Տեմիրճի:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Թրքահայ ակադեմականներու հարթակի անդամները։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ ստեղծուած է այս հարթակը.
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գնալը կղզիի յունաց վանքի ամառնային ճամբարի տնօրէն Տիմանտի Քումվոփուլոսն ու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուները՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլն ու տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը։
Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան ընդունեց Սուրբ Երկրի նորանշանակ Պապական նուիրակ Ճիորճիօ Լինկուա եպիսկոպոսը։ Այսպէս, մոնսենիէօրը առաջին անգամ պաշտօնապէս Երուսաղէմի Հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքը այցելեց՝ պաշտօնը ստանձնելէ վերջ
