Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2026

Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Միեւնոյն ժամանակ, ան լքեց Բանուորական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնը։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026

Եթովպահայ համայնքը կը ջանայ սահմանափակ ներուժով ապահովել նոր կենսունակութիւն մը՝ ապագայի ճանապարհին:
Ատիս Ապապայի «Արարատ» ակումբի համալիրէն ներս հաստատուած թանգարանի պաշտօնական բացման արարողութեան պատուոյ հիւրն էր Զարեհ Սինանեան, որ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Եթովպիոյ իշխանութիւններուն եւ Ափրիկեան միութեան ղեկավարութեան կողմէ:

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026

Զուիցերիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւնները անցան շինիչ մթնոլորտի մէջ:
Լիբանանէ ներս Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ուղղութեամբ դրական լուրեր: Տարածաշրջանի իրադրութիւնը արժեւորուեցաւ՝ Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Փաքիստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ առանցքին վրայ, արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով:

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները շաբաթավերջին համախմբուեցան՝ եղանակի եզրափակման աւանդական հաւաքոյթին առթիւ: Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ աւ. քահանայ Չնարեան:

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի երեք շրջանաւարտուհիներ իրաւունք շահած են յառաջիկայ տարի իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու Իտալիոյ մէջ: Այս երեք շրջանաւարտուհիներու յաջողութիւնը Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին մեծ ուրախութիւն պատճառած է: 

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026

Միջմիութենական «Ռուբէն Սեմէրճեան» պասքեթպոլի այս տարուայ ախոյանը հանդիսացաւ Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան խումբը:
Պոլսահայ մարզական կեանքի առանցքային իրադարձութիւններէն մին է այս մրցաշարքը, որ արդէն 33-րդ անգամ տեղի ունեցաւ: 

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026

Երէկ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր՝ հոգելոյս բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ կողակցին՝ Նատիա Կիւլմէզկիլի մահուան տարելինցերուն վրայ: Ծանօթ է, որ ճիշդ տարի մը առաջ Տիգրան Կիւլմէզկիլ անակնկալօրէն մահկանացուն կնքած էր՝ խոր ցաւ պատճառելով համայնքային շրջանակներուն:

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026

Շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցան սուրբ պատարագներ, որոնց մասնակցութիւն բերին բազմաթիւ հաւատացեալներ:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու գիւտի տօնին առթիւ, շաբաթ առաւօտ, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան մատոյց Ս. Պատարագ:

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

«Սո՛ւտ» է ըսուեցաւ բոլոր անոնց, որոնք առաջ բերին, ակնարկեցին, դիտել տուին ու մէջբերեցին Ատրպէյճանի նախագահին եւ իշխանութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն ամիսներէ ի վեր անվարան տարածած յայտարարութիւնները «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» մասին: 

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Իրանի մէջ կիներու իրաւունքներուն եւ արուեստի ազատութեան դէմ մղուող պայքարը հասած է նոր եւ անողոք սահմանագիծի մը: 

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Արհեստական բանականութիւնը մեր ժամանակներու ամենաարագ զարգացող երեւոյթներէն մէկն է։ Ան այլեւս միայն գիտաֆանթասթիք պատմութիւններու կամ ապագայի երազանքներու մաս չի կազմեր, այլ ներկայ է մեր առօրեային մէջ՝ մեր հեռաձայններուն, համակարգիչներուն, աշխատանքային միջավայրերուն եւ նոյնիսկ մեր անձնական յարաբերութիւններուն մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ապրի՛ս, բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ գումարը շահարկելու մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, քեզ աւելի մեծ գործերու պատասխանատու պիտի կարգեմ։ Դո՛ւն ալ եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան». (ՄԱՏԹ. ԻԵ 23)։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ մտաւորականութիւնը ամէ՛ն բանէ աւելի, աւելի քան մէկ դար գրեց հայրենասիրութեան ինչութեան մասին, սակայն, մինչեւ օրս ալ չյստակացաւ, թէ ի՛նչ է հայրենասիրութիւնը։ Մարդկութիւնը նոյն դժուարութեամբ փորձեց բացատրել, թէ ի՛նչ է հաւատքը, սակայն, այնպէս ալ հաւատքին կատարեալ սահմանումը չկրցան տալ: 

Շաբաթ, Յունիս 20, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնութիւնը. Միջին Արեւելքի բաց վէրքերը միշտ կ՚ենթադրեն մարդկային ողբերգութիւններ: Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի ստորագրած փաստաթուղթը կը սահմանէ առաջին լուրջ քաղաքական շրջանակը՝ պատերազմի դադրեցման ճանապարհին:

Շաբաթ, Յունիս 20, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Քու Տէր Աստուածդ պէտք է պաշտես եւ միայն Անո՛ր ծառայես». (ՄԱՏԹ. Դ 10)։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բնականաբար, բոլորս պիտի ուզենք, որ Հայաստանը իր ներկայով ու ապագայով ունենայ նախանձելի դիրք մը. թէ՛ քաղաքական, թէ՛ դիւանագիտական, թէ՛ ռազմական եւ թէ տնտեսական գետնի վրայ գրաւէ ազդեցիկ տեղ մը բովանդակ քաղաքակրթութիւններուն մէջ։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ի միջի այլոց, հայերէնի մէջ կայ հետեւեալ հանճարեղ ասացուածքը. «Դուն քու վրադ խնդայ», որ շատ պատգամալից է եւ շատեր չեն խորացած անոր մէջ:

Շաբաթ, Յունիս 20, 2026

Երէկ, Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որ բացառիկ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ 

Շաբաթ, Յունիս 20, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մամուլը մարդկութեան կեանքին մէջ, յատկապէս վերջին երկու դարերու ընթացքին, մեծ եւ որոշիչ ազդեցութիւն գործած է անհատներու եւ հասարակութիւններու կազմաւորման վրայ։ 

Շաբաթ, Յունիս 20, 2026

Միջին Արեւելքէ ներս եկեղեցիներու դիմագրաւած բարդ խնդիրները առարկայ կը դառնան առաջնահերթ ուշադրութեան: Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Եփրեմ Բ. Պատրիարքը անդրադարձան արեւելեան ուղղափառ-կաթոլիկ երկխօսութեան ընթացքին շուրջ մանրամասնութիւններ:

Էջեր