Արխիւ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2025

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2025

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2025

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Կազզէի վերաբերեալ ամերիկեան նախագծին գործադրութեան առաջին փուլ անցումը կայացած է արդէն: Այս նախադրեալը կը խօսի իրադարձութիւններու արագութեան մասին:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2025

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանայի նախագահ երկրի՝ Ֆինլանտիայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վալթոնենը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան առանձնազրոյց մը ունեցաւ իր պաշտօնակցին հետ, նաեւ սարքեց համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2025

Երեւանի ղեկավարութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Պելժիոյ Մաթիլտա թագուհին, որ Հայաստան կ՚այցելէ՝ որպէս ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներու դեսպան։ Յաջորդ տարի ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան համաժողովը (COP17) նախատեսուած է Հայաստանի մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2025

Մխիթարեան միաբանութեան 325-ամեակին առթիւ կեանքի կոչուեցաւ յոբելենական ծրագիր մը:
Նախաձեռնութեան ոգին կը ցոլացնէր արեւելքն ու արեւմուտքը, նաեւ անցեալն ու ներկան կամրջելու ձգտումը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025

Սուրիոյ ներքին կայունութեան ուղղեալ որոնումներու մթնոլորտին մէջ Դամասկոսէն հասան կարեւոր լուրեր։ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան այդ երկրի շառաւիղը՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու գլուխը՝ Մազլում Ապտի հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութեամբ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025

Հայաստանի դատական իշխանութիւնները փոփոխութեան ենթարկեցին՝ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններով բանտարկուած ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի դէմ մեղադրանքը։ Ան «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիրն է եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներէն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025

Մերձաւոր Արեւելքի Խաղաղութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս համատեղ կարեւոր զրոյց:
Նիկոլ Փաշինեան Շարմ-Էլ-Շէյխի մէջ երէկ սեղանի մը շուրջ մէկտեղուեցաւ Իլհամ Ալիեւ եւ Շահպազ Շերիֆի հետ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025

Սպասուած լաւ լուրերը. Իսրայէլի եւ «Համաս»ի միջեւ արդէն տեղի ունեցաւ գերիներու փոխանակում:
Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Եգիպտոս-Քաթար ստորագրութիւն՝ Կազզէի պատերազմին վերջ տալու համար:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025

Շիշլի մարզակումբը հետեւողականօրէն կ՚ընթանայ վերելքի ճանապարհով՝ մինչ անոր նկատմամբ համակրանքը կը կամրջէ պոլսահայութիւնն ու արտասահման հաստատուած նախկին պոլսեցիները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025

Գումգաբուի ընտանիքը արդէն ձեռնարկած է հերթական մատաղօրհնութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Այս կիրակի տեղի պիտի ունենայ Պէզճեան Մայր վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025

Մեր հոգեւորականաց դասուն, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն, համայնքային եւ թաղային մարմիններու, համայնքային հաստատութիւններու եւ միութիւններու վարչութեանց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կը տեղեկացնենք, թէ
Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՏԻՐԱՀԱՅՐԸ
ՅԱԿՈԲՃԱՆ ՄԱՇԱԼԸ

իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդած է, 12 հոկտեմբեր 2025, կիրակի, առաւօտեան վաղ ժամերուն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի ընթերցող բարեկամներ. կը գտնուի՞ մարդ մը՝ որ վատ չզգայ, եթէ մէկը անոր հարցնէ. «Ծանօ՞թ ես քու մայրենի լեզուիդ»։ Արդարեւ, հարցը մայրենի լեզուին ծանօթ ըլլալ կամ չըլլալ չէ, այլ՝ մայրենի լեզուի հանդէպ պինդ անտարբերութի՛ւնն է:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տասնամեակներ շարունակ հայ ժողովուրդին մէջ արմատացած է այն համոզումը, որ լեզուն ազգին հոգին է եւ անոր գոյութեան երաշխիքը, որովհետեւ լեզուն միայն քերականութիւն եւ կամ բառերու հաւաքածու մը չէ, այլ հաւաքականութեան մը ամբողջ պատմութիւնը, մշակոյթը աւանդութիւններն ու ինքնութիւնը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2025

Գումգաբուի կալայի բազմակողմանի ծրագրին տարբեր խորք մը վերագրեց՝ ֆիլմի առաջին տպաւորութիւններու լոյսին տակ կազմակերպուած շահեկան ասուլիսը:
Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըի վարած զրոյցի ատենախօսներն էին՝ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տիգրան Պասկեւիչեան, Արմէն Սարուխանեան եւ Յակոբ Քորթմոսեան:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2025

«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի արեւմտահայերէն տարբերակի առաջին ներկայացումը:
Գումգաբուի մէջ փառաշուք կալա:
ԺԱՄԱՆԱԿ Օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնի համագործակցութեան ողջունելի ու պատկառելի արդիւնքը մատուցուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնի շաբաթավերջին:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս դէպքի վերածուած ձեռնարկը հովանաւորեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը: Երեկոյթը համախմբեց համայնքային ընտրանին, որ ականատեսը դարձաւ աննախընթաց գործի մը:
Բացառիկ նախաձեռնութիւնը դուռ բացաւ նոր հայեացքով մը արժեւորելու բազմաթիւ կենսական հարցեր՝ թարմ շունչ մը տալով եկեղեցի-մամուլ-դպրոց եռամիասնութեան:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Փիլիսոփայ ու քննադատ Ճորճ Սանտայանայի արտայայտած ամենէն կարեւոր մտածումներէն մէկն է՝ «Ով չի յիշեր իր անցեալը, դատապարտուած է զայն կրկնելու» խորիմաստ արտայայտութիւնը, որովհետեւ պատմութիւնը տարրալուծարանն է որոշ քաղաքականութիւններու, իտէալներու եւ որոշումներու, որոնք իրենց դրական ու բացասական ազդեցութիւնը կ՚ունենան հասարակութեան կեանքին վրայ եւ զանոնք լաւապէս սերտելը ապագան կառուցելու լաւագոյն տուեալները կու տայ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2025

ԱՆՆԱ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Ոչ-սովորական զգացում է յայտնուիլ քաղաքի մը մէջ, ուր Ասիան ու Եւրոպան կը նկարագրուին պարզ բառով մը՝ ափ։ Երեւան-Իսթանպուլ թռիչքը մեզ վայր իջեցուց Ասիական ափին ու քաղաքը, որ մեզի օտար լեզուով կ՚արթննար, առաւօտեան յարահոսի մէջ Վոսփորով մեզ դուրս հանեց իր միւս ափը, որուն Եւրոպական կ՚ըսեն։

Էջեր