Արխիւ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Միշտ ալ կը հրաժարէի ճամբորդելէ եւ իւրաքանչիւր առիթի կը յայտարարէի, թէ հայրենիքէս եւ ժողովուրդէս հեռու պիտի չճամբորդեմ երբեք, մանաւանդ բռնազաւթողներու երկիրներ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երբ կ՚աղօթենք, ինչպէս Տէրունական աղօթքին մէջ, «եղիցին կամք Քո…» կ՚ըսենք, այսինքն Աստուծոյ կամքին համաձայն կը ներկայացնենք մեր խնդրանքները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ներկայ աշխարհը ինչքան ալ սէրը որպէս դրական երեւոյթ փորձէ ներկայացնել, ի ներքուստ կը խորշի անկէ, որովհետեւ սէրը մարդուն մէջ կախուածութիւն կը ստեղծէ։ Սէրը սկզբնական շրջանին ինչքան ալ դրական զգացումներ պարգեւէ մարդուն, աւարտին լուրջ եւ վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026

Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին ներկայացուեցաւ «Տեղացի անհայրենիքը» փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որու հեղինակն է Ռըզա Օյլում։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւնը, որ համախմբեց կոկիկ թիւով մշակութասէրներ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026

Մեներգչուհի Սիպիլի վերջին գործը ստեղծած է շատ լայն արձագանգ եւ արժանացած՝ համատարած գնահատանքի։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հետաքրքրութեան առընթեր, ընկերային ցանցերու վրայ ալ Սիպիլի վերջին գործը վառ ուշադրութեան արժանացած է՝ մինչ որոշ հարթակներու վրայ իր երգին ծանօթացումը կը համարուի իր երգին դէպքը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026

Տ. Կորիւն աւաւգ քահանայ Ֆէնէրճեան, որ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը նշանակուած է, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն հրաժեշտին առթիւ այցելութիւն մը տուաւ Շիշլիի գաւառապետ Ճեւտէթ Էրթիւրքմէնին:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեանը, որ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սպասաւոր խումբ մը երիտասարդներուն հետ այսօրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026

Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած է՝ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի վերաբերեալ գիրք մը։ Սա սովորական գործ մը չէ՝ քանի գիրքին հեղինակն է՝ արդէն հանգուցեալ Յովհաննէս Այվազեան։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026

Երէկ, Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարա հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանիին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այցելեց Դամասկոս։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանէ ներս պահուած գերիներու վերադարձի ուղղութեամբ աշխատանքը կ՚իրականացուի ամէն օր եւ երբեք չի դադրիր։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտ Միլիպենտի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին նախարարները անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակը եւ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի հետ։ Նախագահն ու թագաժառանգը անդրադարձան Անգարա-Ռիատ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային օրակարգի խնդիրներուն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Ամրան դանդաղ առաւօտներս, եթէ կարելի է ըսել՝ օրերս, բարեբախտաբար կը շարունակուին: Համրուած օրեր են, գիտե՛մ, ուրեմն թանկ են եւ անփոխարինելի…

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Նոր աշխարհակարգի խմորման գործընթացն ու Իրանի հիւլէական ծրագիրը ուղիղ համեմատութեան մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլ ամբողջական համաձայնութեան հասած՝ որոշ տարակարծութիւններէ վերջ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջին տարիներուն «մարմնի դրական ընկալման» (Body Positivity) գաղափարը դարձած է ժամանակակից մշակոյթի ամենաշատ կրկնուող պատգամներէն մէկը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

12. Ի՞նչ է Հաղորդութեան նիւթը: Ի՞նչ է ձեւը: Խմորեա՞լ է, թէ անխմոր: Ուրիշ ի՞նչ վէճեր կան: 13. Ինչո՞ւ մենք բաժակին ջուր չենք խառներ: 14. Ի՞նչ ձեւով պէտք է հաղորդուիլ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Բարեկամական սէրը» կը կոչուի «եղբայրսիրութիւն», երբ ուրիշին մեծ արժէքը կ՚ըմբռնուի եւ կ՚արժեւորուի, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մօտաւորապէս 20-րդ դարու կէսերուն, հրապարակ դուրս եկաւ սիրոյ նոր տեսակ մը՝ «կայծակնային սէր» անուան տակ։ Այս անունը ընտրողները անգիտակցաբար ի յայտ բերին այնպիսի անուն մը, որ երեւոյթի մը թէ՛ սկիզբը եւ թէ վերջը բացատրելու համար բաւարար եղաւ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 3, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի տասնամեակ առաջ ապրող մտաւորականներէն շատեր կը քննադատէին այն հայերը, որոնք Հայաստանը որպէս «հանգիստի» վայր կ՚ընտրէին եւ լոկ իրենց արձակուրդի ազատ ժամերը «մսխել»ու կու գային։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 3, 2026

Շիշլի մարզակումբի՝ արդէն ութ տասնամեակի բազմակողմանի գործունէութեան փայլուն համայնապատկերին վրայ փառաշուք եւ անմոռանալի տօնակատարութիւն մը:
Գնալը կղզիի մէջ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած երեկոյթը բարձր տրամադրութեան պայմաններով համախմբեց համայնքային շրջանակները, որոնք տարեդարձի կարկանդակի հատման պահը ողջունեցին որոտընդոստ ծափահարութիւններով:
Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք ելոյթին ժամանակ մասնաւորապէս շեշտադրեց ապագայի ճանապարհին նոր սերունդը համախումբ ու միասնական պահելու անվիճելի հրամայականը:

Էջեր