Արխիւ
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) կողմէ երէկ համայնքային մամուլին ներկայացուեցաւ՝ «İtimat Bürosu»ի տագնապով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կատարուած քննութեան արդիւնքը։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Աստուածամօր պատկերին առաջ կ՚աղօթեմ… Արցունքախառն կը խնդրեմ…
Տոքթորականի վկայականս նոր ստացած Հայաստանէն Երուսաղէմ կը վերադառնամ։ Զոհողութիւնս շատ մեծ էր։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ գրող, հրապարակախօս, բժիշկ եւ պատմավիպագիր Ծերենց՝ նոյնինքն Յովսէփ Շիշմանեան (1822-1888թթ.) նոյնպէս դարձած է Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային ջոջերէն» մէկը։
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Օրերս, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպիսկոպոս Իսախանեանը դիմատետրի իր էջին վրայ զետեղած էր գրութիւն մը, ուր դիմելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, մի քանի հարցադրումներ կու տար եւ մի քանի կարծիքներ կը յայտնէր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկինքի մէջ ապրիլ՝ կը նշանակէ «Քրիստոսի հետ ըլլալ». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 3), (ՓԻԼ. Ա 23), (Ա ԹԵՍ. Դ 17)։ «Ընտրեալներ»ը «Անոր մէջ» կ՚ապրին, հոն պահպանելով, աւելի ճիշդ՝ հոն գտնելով իրենց իսկական ինքնութիւնը՝ իրենց յատուկ անունը. (ՅԱՅՏ. Բ 17)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Սորվեցուր անոր մարդոց հանդէպ ազնիւ ըլլալ»: Շատ մը առաքինութիւններ մարդուն հետ կը ծնին. վարքի եւ նկարագիրի մէկ անբաժան մասը կրնայ ըլլալ բարութիւնը, ազնիւ ըլլալը, ողորմածութիւնը եւ այլն, սակայն, Լինքըն (ինչպէս նաեւ մանկավարժութիւնը) կը հաւատայ, որ այդ մէկը ո՛չ միայն բնածին կրնայ ըլլալ, այլ նաեւ կրթութեան ճամբով կարելի է փոխանցել:
Միջազգային ուժանիւթի գործակալութեան (IEA) կողմէ վերջերս հրապարակուեցաւ տեղեկագիր մը, ըստ որու՝ աշխարհ նուրբ նշանակութեամբ միներալներու պարագային արդէն յանձնուած է Չինաստանին։
ԵՊՀ-ի երդիքին տակ մանկավարժական ոլորտի սպասաւորներու մասնակցութեամբ կարեւոր ծրագիր:
«Նորարար ուսուցիչ՝ հզօր պետութիւն» խորագրեալ նախաձեռնութեան բացման ելոյթ մը ունեցաւ նախարար Անդրէասեան:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։
Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանը պիտի օժտուի նոր, գերժամանակակից գրադարանով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համապատասխան նախագծի գործադրութիւնը արդէն սկսած է։
Սպիտակ պաստառի հրապոյրին ներքեւ հեղինակաւոր վարպետներու անմոռանալի ու շքեղ տողանցք:
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 22-րդ շարժանկարի միջազգային փառատօնի փակման ու մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Քիթին տակէն առանց ընդմիջումի իր յօրինած օփերան կ՚երգէր եւ մատները թըփ-թըփ սեղանին կը զարնէր։ Մինչեւ այսօր չեմ ազատուած թըփ-թըփի բարդոյթէն։ Ակռաներս կը կրճտէի ջղայնութենէս, մայրս ծուռ-ծուռ եւ յանդիմանական նայուածք մը կը նետէր.
-Մէկը չունի, մենք ենք իր ընտանիքը։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կ՚ուզեմ քեզի խօսքեր գրել,
Որ խօսքերու չի՛ նմանիր.
Եւ քեզի յատուկ լեզու մը հնարեմ,
Որ կազմաւորեմ զայն քու մարմինիդ չափերուն համաձայն
Եւ սիրոյս տարածութեան չափ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս տողերուն մէջ կ՚ուզեմ արտայայտել այն բոլորը, որոնք իբրեւ մտահոգութիւն մտքիս մէջ ամբարած էի ինքնածին, իբրեւ մարմաջ, նաեւ՝ ազնիւ ցանկութիւն եւ տրամադրութիւն: Ազատ երկնքի տակ կ՚ապրինք, բայց կարծես ներկայէն բացակայ ենք: Միւս կողմէ, այս դարու պատմութիւնն ալ հայու մեր դէմքին վրայ բացած է նոր եւ անօրինակ ակօսներ, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ մարդկային ամէն տեսակի ցնցումներու ենթակայ դարձած ենք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուշը՝ զանազան գիտելիքներու, տեղեկութիւններու եւ ծանօթութիւններու մտքի մէջ ամբարումն է։ Բայց ուշերը հետզհետէ կը զտուին մտքին մէջ եւ մնայ անոնցմէ միայն մէկ մասը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Սորվեցուր անոր արժանապատիւ ձեւով պարտուիլ եւ վայելել յաղթանակը՝ երբ յաղթէ»: Իրականութիւն է, որ մեր ծնողները եւ նոյնիսկ դպրոցը մեզի կը սորվեցնեն, թէ ինչպէ՞ս պէտք է յաջողիլ, սակայն երբեք ակնարկութիւն չեն ընկեր, թէ ինչպէ՞ս պէտք է «ձախողիլ»:
Կիրակոս Գույումճեանի «Յուշագրական պատառիկներ» գիրքին շնորհանդէսը համախմբեց ընթերցասէրներ:
Երեւանի «Քոնկրես» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ծանօթացման հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ եւ Քուէյթի դեսպանները:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Թէեւ մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը որբեր էին, բայց մեր ծնողները շատ հօրաքոյրներ ու մօրաքոյրներ ունէին։
Որբերն ու որբուհիները բոլորը քոյր-եղբայրներ էին։
Այդ ե՛ւ հօրաքոյր ե՛ւ մօրաքոյր որբուհիներէն մէկը թանթիկ Աննիկն էր։ Մեր թանթիկ Աննիկը։
Բնութեան մէջ բոլորը ունի իր հեւքը՝ մանաւանդ իր թիրախը։ Յաճախ կ՚ըսուի՝ դաժան է բնութեան օրէնքը։ Տկարը չի կրնար գոյատեւել, հզօրն ալ չի կրնար սայթաքիլ կամ տկարանալ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամառը իր «զէնքերը» շալկած՝ կէս ճամբան կտրած է արդէն։
Այս եղանակը նման է խենթ եւ գեղեցիկ երաժշտութեան մը, որ կը լեցնէ տիեզերքը՝ թարմութիւն հաղորդելով յոգնած հոգիներուն եւ մարմիններուն։ Բնութիւնը ամբողջական գունախաղի մը մէջ է։