Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Վերջերս Պոլիս այցելեց սփիւռքահայ պատմաբան Վարագ Գեթսեմանեան, որու քաղաքէս ներս կեցութիւնը տեւեց շուրջ ամիս մը։ Ան ներկայիս կը դասաւանդէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ներս։ Վարագ Գեթսեմանեան քաղաքս փութացած էր՝ «Սապանճը» համալսարանի հրաւէրով։
Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ երաժշտութեան խանդավառ ձեռնարկ մը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան։
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Մէ՛կ է խորագիրը - Գրիգոր (1843-1920) եւ Կարապետ (1849-1934) Մելգոնեան անմահ բարերար եղբայրներու հիմնած մայր կրթարանի 100-ամեակի ոգեկոչումներու շղթայաշար՝ չորս օրերու վրայ երկարող, 25-28 յունիս 2026:
Անգարայի գագաթաժողովի աւարտին ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ յայտարարեց. «ՆԱԹՕ հզօր է աւելի քան երբեք»:
Հաւաքական պաշտպանութիւն:
Եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ՝ Ռուսաստանի ներկայացուցած սպառնալիքին, Ուքրայնային աջակցութեան, Իրանի խնդրին եւ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացման: Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ կարեւոր առաջարկներ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Ճահիճ» բառը լսելուն պէս, մեր մտապատկերին մէջ անմիջապէս կը կազմաւորուի կանգնած ջուրի, տիղմի ու անշարժութեան պատկեր մը։ Այս տպաւորութիւններուն կ՚ընկերակցի հնութեան, նեխումի ու թանձր լճացման ծանր հոտի յիշողութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս տարի եւս 9 յուլիսը լուռ անցաւ…։
Ո՛չ զանգեր հնչեցին, ո՛չ յուշեր արթնցան, ո՛չ ալ ազգային մեր կեանքը կանգ առաւ մէկ վայրկեան՝ յիշելու համար այն մարդը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Հայ Եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթին, հայ հոգեւոր միտքին եւ հայ ժողովուրդին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Չկայ մէկը, որ իմանայ Անոր ճանապարհները, ոչ ոք, որ գիտակցի Անոր շաւիղները։ Բայց ան, որ գիտէ ամէն ինչ, ան կը ճանչնայ իմաստութիւնը, ան է որ իր իմաստութեամբ կը գտնէ զԱյն, Ան որ ստեղծեց երկիրը յաւիտենական ժամանակներու համար…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայ ժամանակներու տեսերիզի աշխարհը ամէն ձեւով կը փորձէ հանդիսատեսը համոզել մէկ իրականութեան. դրամն ու հարստութիւնը միշտ չէ՛, որ ուրախութիւն կը բերէ, հակառակ անոր, որ համացանցը ամէն գնով կը փորձէ փաստել հակառակը՝ նիւթական հարստութիւնը ներկայացնելու որպէս ուրախութիւն, անկախութիւն ու բարօրութիւն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խորհրդային Միութեան իշխանութիւններուն քննադատութեան դէմ ըլլալու ճշմարտութիւնը կարելի է փաստել հետեւեալով. 1926-1953 թուականներուն Հայաստանի մէջ ո՛չ մէկ երգիծական թերթ լոյս տեսած է, նոյնիսկ եթէ եղած են փորձեր, անոնց կեանքը տեւած է մի քանի ամիս:
Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանը երէկ վճիռ արձակեց՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կուսակցապետին դէմ:
Գագիկ Ծառուկեան կը մեղադրուի մեծ չափով խարդախութիւններով ու նոյնպէս մեծ չափով գումարներու լուացումով. կան նաեւ այլ ամբաստանեալներ:
Երեւան կը ջանայ նոր ցանցեր ունենալ՝ Ծոցի երկիրներու, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի առանցքին վրայ:
Հայաստան կը ձգտի զանազանութիւն ապահովել իր արտադրանքի արտածման ուղղութիւններու պարագային՝ այլընտրանքային լոժիստիք կապերով:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ, երէկ, ընդունուեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտագաղթեալներու գծով նախարար Եուսէֆ Ռաճիին կողմէ:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Սուրիոյ մէջ։ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին մասնակցելու համար Անգարա գալէ առաջ, Մաքրոն շփումներ ունեցաւ Դամասկոսի մէջ։
Անգարայի մէջ կ՚ընթանայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որ այսօրերուն միջազգային բեմահարթակի գլխաւոր իրադարձութեան վերածուած է։ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս գագաթաժողովը բացառիկ նշանակութիւն ունի թէ՛ դաշինքի ապագային եւ թէ համաշխարհային անվտանգութեան հաւասարակշռութիւններու վերաձեւաւորման տեսակէտէ։
Երէկ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ օծման եւ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւն, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ խօսեցաւ քարոզ մը։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամփոփելով, Փարիզը, կոչ մըն է աշխարհի բոլոր աղքատներուն եւ թշուառներուն, որպէսզի մնան հոն՝ ուր որ կան…: Ան այնքան հզօր, գեղեցիկ եւ անձեռնմխելի կը թուի, որ իր մայթերու իւրաքանչիւր սալիկը, ցուցափեղկերու իւրաքանչիւր օծանելիքի շիշը, անտառներու իւրաքանչիւր աղաւնիի թռիչքն ու արձաններու բռնած իւրաքանչիւր սուրը նախ զարմանք, ապա նախանձ, յետոյ ալ զայրոյթ եւ հեռանալու ցանկութիւն կը ներշնչեն քեզի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Պատարագի խորհուրդը հասկնալու համար անհրաժեշտ է յստակօրէն պատասխանել երկու հարցադրման. նախ՝ ինչպէ՞ս կ՚ըմբռնենք մեր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի խորհուրդը, երկրորդ՝ ինչպէ՞ս կը հասկնանք Քրիստոսի Մարմինը եւ Արիւնը ճաշակելը Սուրբ Հաղորդութեան ժամանակ։
Հայաստան նորանկախ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ Փաքիստանի մէջ կ՚ունենայ դեսպան մը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրին հիման վրայ՝ Կարէն Գրիգորեան համատեղութեան կարգով նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Իսլամապատի մօտ։
Յայտնի գործարարին Ծաղկաձորի զբօսարանները կապարակնքուեցան, բնակարանն ալ դատարկուեցաւ:
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավարը ձերբակալուեցաւ իրաւապահ մարմիններու գործողութեամբ:
«Իննոփրոմ-2026» միջազգային արդիւնաբերական ցուցահանդէսի շրջանակներէն ներս կարեւոր տեսակցութիւն:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Միխայիլ Միշուսթին Եքաթերինպուրկի մէջ շօշափեցին Հայաստան-Ռուսաստան օրակարգային հարցերը: