Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ 

Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանն ենք։ Շուրջ երկու ամիս հայրենիքը «վայելելէ» ետք, տէր եւ տիկին Ամերիկա կը վերադառնանք։ Առաւօտ շատ կանուխ էր։ Այդպէս էր մեր թռիչքի ժամը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2025

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Իմ խեղճ եւ աշխատասէր եղբայրներ.
Ներեցէ՛ք ինծի, որովհետեւ այս կեանքին մէջ երկու ժամ անտեսեցի ձեզ, այն ալ երբ տկարացայ եւ արձակուեցայ ձեր նկատմամբ անցեալին ունեցած իմ բոլոր պարտաւորութիւններէս եւ ընդունեցի զբօսաշրջութեան նախարարին հրաւէրը, ներկայ գտնուելու «ալ-Մերիտեան» պանդոկէն ներս իր կազմակերպած ընթրիքին:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Եկեղեցւոյ պաշտօնեան կոչուած է հռչակելու, տարածելու, մեկնաբանելու, «խօսք»ի ճամբով իմանալի եւ ընդունելի դարձնելու Քրիստոսի կրօնքին ճշմարտութիւնը։ Արդարեւ, Յիսուս այնքան վեհիմաստ արժէք ընծայեց «խօսք»ին, իր քարոզած ճշմարտութեան, որ պատգամաշեշտ հանդիսաւորութեամբ եւ ջինջ յստակութեամբ յայտարարեց. «Երկինք եւ երկիր անցցեն եւ բանք իմ մի՛ անցցեն». (ՄԱՏԹ. ԻԴ 35), այսինքն՝ «Երկինք եւ երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատեր կը կարծեն, թէ կեանքի մէջ պայքարիլը եւ կամ անարդարութեան դէմ ձայն բարձրացնելն է կարեւորը, սակայն մեր այսօրուան «վա՜յ»ը կու գայ ըսելու, որ անոնցմէ շատ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ է ժամանակը. պայքարելէ եւ ձայն բարձրացնելէ առաջ կարեւոր է «երբ»ը, որովհետեւ ժամանակը թէ՛ մարդու եւ թէ ազգի մը կեանքին մէջ շատ բան կ՚որոշէ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Մարիամ Աստուածածնի Աւետման տօնը։ Քաղաքիս զանազան եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան Ս. Պատարագներ՝ ներառեալ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մատուռը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին յանձնուեցաւ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անցեալ տարուան գործունէութեան տեղեկագիրը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025

Bu topraklarda yüzyıllardır yaşayan Ermeni toplumu, bu ülkenin köklü ve ayrılmaz bir parçasıdır. Bu kadim halk, tarih boyunca bu topraklara kültürel, ekonomik ve toplumsal açıdan önemli katkılarda bulunmuş, bugün de aynı kararlılıkla varlığını sürdürmektedir.

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ ուխտագնացութիւն մը տեղի ունեցաւ դէպի Նափոլիի Ս. Գրիգոր Հայ եկեղեցին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Շատերուս մօտ կայ սխալ ըմբռնում մը մեր կեանքը ապրելու: Ոմանք կը կարծեն, թէ եթէ հաւատքի կամ հոգեւոր կեանքով կ՚ապրին, ապա հեռու պէտք է մնան ազգային կեանքէ, քաղաքական պարտաւորութիւններէ, եւ այլն:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը առ այն, թէ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը Սուրիայով սահմանափակուած չէ եւ ան Լիբանանի մէջ եւս ժխտական դերակատարութիւն ունի, կարելի է տեղաւորել Թուրքիա-Իսրայէլ՝ որոշ ընդհատումներով ընթացող հռետորաբանական պատերազմի սահմաններուն մէջ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025

Փարիզ-Գահիրէ-Ամման առանցքին վրայ փոխըմբռնում՝ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ կացութեան շուրջ:
Ֆրանսա, Եգիպտոս եւ Յորդանան հասարակաց յայտարարի հասան՝ Պաղեստինի պատերազմի դադրեցման կապակցութեամբ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ քննարկումներուն մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ ծալքեր:
Թրամփ Նեթանիյահուին երէկ խոստացաւ Էրտողանի հետ մեղացում ապահովել՝ տրամաբանական ըլլալու պայմանով:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անցեալ տարեվերջին լրացաւ հայ առաջին տպագիր թերթի՝ «Ազդարար»ի 230-ամեակը եւ հայ մամուլի պատմութեան մէջ նշանաւոր այս իրադարձութիւնը տակաւին կը տօնուի։ Իր օրին «Ազդարար»ի հրատարակութիւնը՝ հայրենիքէն հեռու, հնդկահայոց գաղութին մէջ, անշուշտ, իրադարձութիւն եղած է:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Պարզ փնտռտուք մը չէր ըրածս, ոչ ալ պարզ բան մըն էր փնտռածս:
Ճիշդ է, թէ թանկագին առարկայի մը արժէքը ունէր, սակայն առարկայ մը չէր:
Փնտռտուքս չէր նմաներ մամուլի էջերու այն փոքրիկ սիւնակներու մէջ շարքի անցած յայտարարութիւններուն:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Նկատելի է, որ երբ աղքատ մը պայմաններու կամ պարագաներու բերումով հարստութեան տիրանայ, կամ դիրքի ու պաշտօնի բարձրանայ, կը մոռնայ իր անցեալը, իր աղքատութիւնը, իր կրած նեղութիւնները, եւ կը սկսի դաժան կերպով վարուիլ աղքատներուն հետ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երբ ամէն աղօթքի վերջաւորութեան կ՚ըսենք «ամէն», այս բառով կ՚արտայայտենք մեր հաւատարմութիւնը Աստուծոյ հանդէպ, ինչպէս նաեւ մեր վստահութիւնը Անոր հանդէպ։ Եւ Աստուած երբեք չի թողուր մարդը՝ որ հաւատարիմ է Իրեն, քանի որ Ինքն ալ հաւատարիմ է Իր խոստումներուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ազգերու պատմութեան մէջ բռնութիւն ըսելով պէտք չէ հասկնալ լոկ ֆիզիքականը. բռնութիւնը ունի նաեւ իր միւս կողմերը, որոնցմէ ամենէն վտանգաւորը միտքի ստրկութիւնն է, որ շատ անգամ աւելի վտանգաւոր ու սարսափելի է՝ քան կոտորածը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 7, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդիկ միշտ հետաքրքրուած են աշխարհով՝ յատկապէս միջավայրի ստեղծման սկզբնակէտին հետ: Միշտ հետաքրքրութեան առարկայ դարձած է, թէ ինչպէ՛ս յառաջացած է աշխարհը եւ ինչպիսի գործընթացներու մէջէն անցած է այս ընթացքին:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 7, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յաճախ կը յիշենք եւ կը կրկնենք Յիսուսի խօսքը, թէ՝ «…աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք…». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Այս պատճառով, աշխարհ միշտ նեղութեան մէջ է եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ։ Ամէն մարդ, թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքաբար կը ջանայ կարօտեալները եւ չքաւորեալները հոգալ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 7, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ իրապէս վստահ չըլլայի, որ այս տողերը գրուած են Ճպրան Խալիլ Ճպրանի կողմէ, ապա պիտի կարծէի, թէ հեղինակը գրած է ժամանակակից Հայաստանի իշխանութիւններու ընթացքը աչքի առջեւ ունենալով, որովհետեւ այս տողերը մեր օրերուն այնքա՛ն ժամանակակից են, որ մարդ ակամայ շփոթի կը մատնուի:

Էջեր