Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է. կոտրած եւ խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր». (ՍԱՂՄ. ԾԱ 17)։ Խոնարհութիւնը աստուածահաճոյ առաքինութիւն մըն է, որ մարդս աւելի եւս կը մօտեցնէ Աստուծոյ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խորհրդային Միութիւնը որպէս ըմբոստ ու հայրենասէր գրող սկզբնական թիրախ կ՚ընտրէ Յովհաննէս Շիրազն ու Պարոյր Սեւակը, որոնց կը յաջորդեն Սարմէնը, Խաչիկ Դաշտենցը, որոնք իշխանութիւններու կողմէ կ՚որակուին որպէս «յոռետեսական եւ սովետական իրականութիւնը աղաւաղող» գրողներ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Պուքրէշ եղած էի 11 տարի առաջ եւ բաւական փոխուած տեսայ զայն։
Եւրոմիութեան անդամակցութեան կապեցի այդ մէկը։ Այո, ինքնին քաղաքներու յառաջդիմական ու պայծառ կերտուածքները համեմատութիւններով կը բանին եւ որքան քաղաք այցելես, այնքան կը մաղուի այսպէս ըսած՝ քաղաքատեսման, զնման, զուարճացման ու լուսաւորման մաղուածութիւնները, սակայն, հոս զգալի էր եւրոպականացումը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ընտրութեան յաջորդած առկայ իրավիճակին մէջ Հայաստանի ներքին միասնականութեան հարցը հրատապ:
Անվտանգութեան երաշխաւորումը կրնայ կարեւոր հնարաւորութիւն մը ընձեռել՝ քանի կ՚ենթադրէ լայնախարիսխ համախմբում:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բժշկական արուեստի ամենափորձ ճարտարութեամբդ պատճառ ես Դուն անախտ կեանքի, երկնաւոր հզօր թագաւոր, Տէր Յիսուս Քրիստոս, ամենուն Աստուածը, իմանալիներուն եւ տեսանելիներո՛ւն…». (ՆԱՐԵԿ. ԽԳ)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խորհրդային Միութեան տարիներուն օտարազգի բազմաթի՜ւ մտաւորականներ ձերբակալելէ եւ Սիպիրի կամ մահապատիժի արժանացնելէ ետք արեւու պէս յստակ էր, որ ուշ կամ կանուխ այդ ճակատագիրին պիտի արժանանան նաեւ որոշ հայ գրողներ՝ որոնք միտքի ազատութիւնն ու իրենց ունեցած գաղափարախօսութիւնները աւելի կը կարեւորէին՝ քան սեփական հանգիստն ու ազատութիւնը:
Սամաթիոյ ընտանիքը վերջին օրերուն հրաժեշտ տուաւ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի 2025-2026 կրթական շրջանի հունձքին: Դպրոցի լիսէի բաժնի շրջանաւարտութեան հանդէսը անցաւ բացառիկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի գիտնականներէն տքթ. Արման Խաչատրեանը:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի «Կլոպալ առաջնորդութեան» եւ «Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագրերուն մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդները:
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան այս օրերուն վերստին կ՚այցելէ Հայաստան: Մինչ ֆութպոլի համաշխարհային ախոյենութիւնը արդէն մագնիսացուցած է ամբողջ աշխարհի ֆութպոլասէրներու ուշադրութիւնը, այս նոյն ժամանակաշրջանին Հայաստանի ֆութպոլասէրներու տեսակէտէ յաւելեալ խանդավառութեան առիթ դարձաւ՝ Հենրիխ Մխիթարեանի ներկայութիւնը վայելելը:
Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Համբարձում Մատթէոսեան, նախընթաց օր Լոնտոնի մէջ մասնակցեցաւ հաւաքոյթի մը, որ կազմակերպուած էր Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորի բարձր հովանաւորութեամբ:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
27 յունիսին մոռնալ ու շրջանցել՝ առանց յիշատակելու ծննդեան 100-ամեակը սփիւռքի հայութեան ոգիին համասփիւռ արտայայտիչն հանդիսացած, սփիւռքի ցաքուցրիւ հայութեան կոտտացող Երազը բեկոր առ բեկոր հայահաւաքի երդումի վերածած Վահրամ Մավեանի (Երուսաղէմ, 27 յունիս 1926 - Լիզպոն, 11 յունուար 1983, թաղուած Պէյրութ, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը), աններելի մեղքի համազօր բան մը պիտի ըլլայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան դատական իշխանութիւնները որոշեցին բաւ համարել՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ արք. Աջապահեանի դէմ սահմանուած տնային կալանքը։
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Հայոց գիրերու գիւտարարներուն՝ Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի յիշատակութեան տօնը։
Գալֆաեան տան ընտանիքը ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ դպրոցի այս տարուան շրջանաւարտներուն: Պաղլարպաշըի «Հալք էղիթիմ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ներկաներու շարքին էին՝ Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան, մայր Գայիանէ Տուլքատիրեան, քոյր Հռիփսիմէ Թերզեան, խնամակալութեան ատենապետ Թամար Մայօղլու եւ գործակից ընկերները, խնամակալութեան նախկին ատենապետներ, Սկիւտարի հաստատութիւններէն պատասխանատուներ եւ այլ հիւրեր:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտները խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ առին՝ կրթական կեանքէ ներս իրենց առագաստը ուղղելու համար դէպի նոր հորիզոններ: Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 8-րդ դասարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ կազմակերպուած ՀԱՅMUN ծրագիրը վերջին օրերուն համախմբեց պոլսահայ հինգ լիսէներու սաները: Միջազգային գետնի վրայ արդէն վաղուց ընդունուած ձեւաչափ մըն է այս մէկը, որով նոր սերունդի ներկայացուցիչները ՄԱԿ-ի մոտելի նմանութեամբ կը քննարկեն միջազգային բնոյթով զանազան հարցեր:
Երէկ երեկոյեան, Էսաեան վարժարանը փայլուն հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ 2025-2026 կրթական շրջանի իր հունձքին: Լիսէի բաժնի շրջանաւարտները յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ, խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ առին դպրոցէն:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր իրաւաբաններէն Ալին Տավութհան-Էօզպիւլպիւլ պարգեւատրուած է՝ Իսթանպուլի փաստաբանական կաճառին կողմէ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կեանքի մէջ կան պահեր, երբ մարդ կը կարծէ, թէ ամէն ինչ աւարտած է։ Դուռ մը կը փակուի, ճամբայ մը կը կտրուի, երազ մը կը փշրուի եւ սիրտը կը համոզուի, թէ այլեւս ոչինչ պիտի փոխուի։ Այդպիսի պահերուն վերջի մը համը կ՚ըլլայ. ծանր, մութ եւ լուռ։