Արխիւ
Զուիցերիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւնները անցան շինիչ մթնոլորտի մէջ:
Լիբանանէ ներս Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ուղղութեամբ դրական լուրեր: Տարածաշրջանի իրադրութիւնը արժեւորուեցաւ՝ Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Փաքիստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ առանցքին վրայ, արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով:
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները շաբաթավերջին համախմբուեցան՝ եղանակի եզրափակման աւանդական հաւաքոյթին առթիւ: Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ աւ. քահանայ Չնարեան:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի երեք շրջանաւարտուհիներ իրաւունք շահած են յառաջիկայ տարի իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու Իտալիոյ մէջ: Այս երեք շրջանաւարտուհիներու յաջողութիւնը Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին մեծ ուրախութիւն պատճառած է:
Միջմիութենական «Ռուբէն Սեմէրճեան» պասքեթպոլի այս տարուայ ախոյանը հանդիսացաւ Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան խումբը:
Պոլսահայ մարզական կեանքի առանցքային իրադարձութիւններէն մին է այս մրցաշարքը, որ արդէն 33-րդ անգամ տեղի ունեցաւ:
Երէկ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր՝ հոգելոյս բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ կողակցին՝ Նատիա Կիւլմէզկիլի մահուան տարելինցերուն վրայ: Ծանօթ է, որ ճիշդ տարի մը առաջ Տիգրան Կիւլմէզկիլ անակնկալօրէն մահկանացուն կնքած էր՝ խոր ցաւ պատճառելով համայնքային շրջանակներուն:
Շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցան սուրբ պատարագներ, որոնց մասնակցութիւն բերին բազմաթիւ հաւատացեալներ:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու գիւտի տօնին առթիւ, շաբաթ առաւօտ, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան մատոյց Ս. Պատարագ:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
«Սո՛ւտ» է ըսուեցաւ բոլոր անոնց, որոնք առաջ բերին, ակնարկեցին, դիտել տուին ու մէջբերեցին Ատրպէյճանի նախագահին եւ իշխանութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն ամիսներէ ի վեր անվարան տարածած յայտարարութիւնները «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» մասին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Իրանի մէջ կիներու իրաւունքներուն եւ արուեստի ազատութեան դէմ մղուող պայքարը հասած է նոր եւ անողոք սահմանագիծի մը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Արհեստական բանականութիւնը մեր ժամանակներու ամենաարագ զարգացող երեւոյթներէն մէկն է։ Ան այլեւս միայն գիտաֆանթասթիք պատմութիւններու կամ ապագայի երազանքներու մաս չի կազմեր, այլ ներկայ է մեր առօրեային մէջ՝ մեր հեռաձայններուն, համակարգիչներուն, աշխատանքային միջավայրերուն եւ նոյնիսկ մեր անձնական յարաբերութիւններուն մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ապրի՛ս, բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ գումարը շահարկելու մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, քեզ աւելի մեծ գործերու պատասխանատու պիտի կարգեմ։ Դո՛ւն ալ եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան». (ՄԱՏԹ. ԻԵ 23)։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը արժեւորեց Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը՝ իր վերջին ժողովին ընթացքին։
Երէկ, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ՝ «Ինքնութիւն եւ որոնում» անուանեալ լուսանկարչութեան խառն ցուցահանդէսին բացումը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է «Պոլիս լուսատու» միաւորման նախաձեռնութեամբ։
ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Պէյօղլուի Սէն թ՚Անթուան եկեղեցին իր պատմական կամարներուն տակ երէկ իրիկուն հիւրընկալեց երաժշտասէր բազմութիւն մը։
Համայնքային անմոռանալի բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի՝ իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց մէջ իր ուրոյն հետքը թողած է ան՝ որպէս երախտաշատ բարերար եւ հեռատես վարչային գործիչ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնութիւնը. Միջին Արեւելքի բաց վէրքերը միշտ կ՚ենթադրեն մարդկային ողբերգութիւններ: Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի ստորագրած փաստաթուղթը կը սահմանէ առաջին լուրջ քաղաքական շրջանակը՝ պատերազմի դադրեցման ճանապարհին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Քու Տէր Աստուածդ պէտք է պաշտես եւ միայն Անո՛ր ծառայես». (ՄԱՏԹ. Դ 10)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բնականաբար, բոլորս պիտի ուզենք, որ Հայաստանը իր ներկայով ու ապագայով ունենայ նախանձելի դիրք մը. թէ՛ քաղաքական, թէ՛ դիւանագիտական, թէ՛ ռազմական եւ թէ տնտեսական գետնի վրայ գրաւէ ազդեցիկ տեղ մը բովանդակ քաղաքակրթութիւններուն մէջ։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ի միջի այլոց, հայերէնի մէջ կայ հետեւեալ հանճարեղ ասացուածքը. «Դուն քու վրադ խնդայ», որ շատ պատգամալից է եւ շատեր չեն խորացած անոր մէջ:
Երէկ, Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որ բացառիկ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մամուլը մարդկութեան կեանքին մէջ, յատկապէս վերջին երկու դարերու ընթացքին, մեծ եւ որոշիչ ազդեցութիւն գործած է անհատներու եւ հասարակութիւններու կազմաւորման վրայ։