Արխիւ
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման բարդ գործընթացէն ներս հերթական գագաթնային շփումով պայմանաւորուած նոր ու կարեւոր փուլ մը:
Ուղիղ կապեր եւ երկխօսութիւն:
Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձան Հարաւային Կովկասէ ներս հաշտութեան ուղղեալ ջանքերուն եւ տարածաշրջանային ամենավերջին իրադարձութիւններուն: Այժմու իրադրութեան պայմաններով Թուրքիա կը կարեւորէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան համաձայնեցուած ըլլալը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
«Ինչպէ՞ս ապրիլ» թէ՛ անհատական ու թէ պետական մակարդակներով, անշուշտ, ներկայ բաց ու գերգովազդուած աշխարհին մէջ կան հրամցուած ու այսպէս կոչեցեալ կերտուած ոճեր, որոնք ակամայ հետեւելի են մարդոց զանազան խաւերուն կողմէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ կին մը իր ամուսինէն նոր հագուստ կը խնդրէ: Ամուսինը, անշուշտ, իր կինը անսահման սիրելով կը յօժարի այդ նոր հագուստը գնել, սակայն, կ՚ուզէ այդ մէկը «շահաւէտ» առիթի մը վերածել եւ հետեւեալ պայմանը առաջ կը քաշէ. հագուստը կ՚առնեմ, պայմանով, որ հարցումիս ճիշդ պիտի պատասխանես. կինը կը խոստանայ ճիշդ պատասխանել՝ պայմանով, որ ամուսինը հաստատ մնայ հագուստը գնելու իր որոշումին մէջ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Բնականաբար, ես յոյս ունիմ, թէ Փաշինեան չի յաջողիր յեղաշրջում իրականացնել Մայր Աթոռի մէջ։ Ես սա բացարձակապէս անընդունելի կը համարեմ ո՛չ թէ այն պատճառով, որ չեմ տեսներ մեր եպիսկոպոսներու եւ ընդհանրապէս հոգեւորականներու թերութիւնները։
Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը եւ «Կերոն» զարգացման հիմնադրամը ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը։
Հանրապետութեան նախագահը այսօր Հայաստանի վարչապետը հիւրընկալելու ընդառաջ երէկ Ատրպէյճանի պաշտօնակցին հետ էր:
Անգարայի կշիռը հետզհետէ զգալի կը դառնայ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացէն ներս: Թուրքիա հաշուի կ՚առնէ հարեւան տարածաշրջաններու հրատապ եւ անկիւնադարձային իրադարձութիւնները՝ առանց էական փոփոխութեան ենթարկելու Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ խօսոյթը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գանատացի երիտասարդ բեմադրիչ Քայլ Էտուարտ Պալլի «Skinamarink» (2022) ժապաւէնը, ժամանակակից սարսափ ժանրի սահմաններէն անդին քալող, գեղարուեստական եւ յուզական խորիմաստ աշխատանք մըն է։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ յիշատակեց Սուրբ Յովհաննէս Կարապետն ու Սուրբ Աթանագինէ Եպիսկոպոսը։ Այս վերջիններուն յիշատակութեան տօնը, միեւնոյն ժամանակ, Վաղարշապատի Սուրբ Շողակաթ վանքի ուխտի օրն է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր շատ ոգեւոր պայմաններով հիւրընկալուեցաւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան համալիրէն ներս։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան յատկանշական փուլերէն մին սահմանեց Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ կազմակերպուած երեկոյթը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ճգնութիւնը արդի միտքին առհասարակ խորթ է եւ անհաղորդ եւ անըմբռնելի։ Մրցումներու, հսկայական մեքենական կոյր ուժերու անորոշ ընթացքով՝ գերզբաղած, արագընթաց եւ խճողեալ կեանք կ՚ապրինք ընդհանրապէս։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մենք որպէս հայ ժողովուրդ մեր անցեալէն՝ անցած ճամբայէն դասեր չկրցանք քաղել. գուցէ աշխարհի վրայ ուրիշ ո՛չ մէկ ազգ չէ՛ ունեցած այնքան մտաւորականութիւն՝ ինչքան մենք, չէ՛ ունեցած այնքան գրականութեան ճամբով փոխանցուող խրատներ՝ ինչքան մենք, սակայն, միւս կողմէ եւս գոյութիւն չէ ունեցած նաեւ ազգ մը՝ որ այդ խրատները այնքան ոտնակոխած ըլլայ՝ ինչքան մենք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին շրջանին Հայաստանի իշխանութիւնները կատաղի կերպով սկսած են յարձակում գործել Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին դէմ: Իրենց յարձակումը արդարացնելու համար, պատրուակ բռնած են Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ ըսելով, թէ ան զաւակ ունի եւ խախտած է կուսակրօնութեան ուխտը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յակոբոս առաքեալ իր ընդհանրական նամակին մէջ կը գրէ. «Ուստի համբերո՛ղ եղէք, եղբայրնե՛ր, մինչեւ Տիրոջ գալուստը։ Տեսէք թէ ի՛նչպէս մշակը համբերութեամբ կը սպասէ, միչեւ որ աշնան եւ գարնան անձրեւները իջնեն եւ հողը իր թանկագին բերքը տայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Զանազան առիթներով խօսած ենք դպրոցին կարեւոր դերին եւ արժէքին մասին, հաւատալով, որ դպրոցը՝ ընտանեկան դաստիարակութեան կողքին կարեւորագոյն ազդակներէն մէկն է ապագայ սերունդը հայ պահելու եւ անոնց մէջ հայու դաստիարակութիւն ու արժէքներ սերմանելու համար. առ այդ հաւատացա՛ծ ենք ու կը շարունակենք հաւատալ, որ մեր դպրոցները՝ մանաւանդ սփիւռքի տարածքին մէջ շահութաբեր միջոցներու չե՛ն կրնար վերածուիլ.
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի նոր սերունդի շառաւիղներէն Թալիա Մելքոնեան ծափահարելի յաջողութիւն մը արձանագրած է Լոս Անճելըսի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ թիրախաւորումը ունի քաղաքական հաշուարկներով մեկնակէտ:
«Որքան կը գահավիժի կառավարութեան հեղինակութիւնը, այնքան կը բարձրանայ եկեղեցւոյ ազդեցութիւնը։ Հանրութեան զգալի հատուածը անտարբեր չէ այս հարցին շուրջ եւ պատրաստ է գործողութիւններու։ Անոնք գաղափարական հակառակորդներ են՝ ազգային արժեհամակարգի դէմ կամ կողմնակից ըլլալու առումով»:
Գալֆաեան տան տարեվերջի հանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան վարժարանի վարիչները, ծնողներ եւ հիւրեր, որոնք ջերմօրէն շրջապատեցին շրջանաւարտները։
Կեդրոնականի ընտանիքը 2024-2025 տարեշրջանի աւարտին իրականացուց իր աւանդական դաշտագնացութիւնը։ Աշակերտները, կրթական մշակներ, դպրոցի պաշտօնէութիւնը, կամաւորները, հիւրեր եւ վարիչները միասնաբար ուղեւորուեցան դէպի Քիլիոս։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտները ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ ստացան իրենց վկայականները։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակիցջ «Իլգգան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու հրաժեշտի հանդէսը, որուն ներկայ էին Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, կրթական մշակներ, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ հիւրեր։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «ՀայMUN»ը, որուն մասնակցեցան համայնքային հինգ լիսէներու սաները։