Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի «Խոհք եւ խօսք»ը մեզ՝ հոգեւորականներու սնարի գիրք մըն է, ուր կը գտնուին ո՛չ միայն իր կեանքի տեսարանները, այլ նաեւ տիպար հոգեւորականի մը որդեգրած սկզբունքները՝ որոնք ուղեցոյցներ են ներկայ հոգեւոր կեանքին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդիկ մի՛շտ ալ կը ծնին տարբեր՝ իրենց արտաքինով, համոզումներով, բնաւորութեամբ ու մշակոյթով, որոնք ժամանակի ընթացքին զարգանալով հանդերձ որոշ առանձնայատկութիւն մը կ՚ունենան, սակայն, այդ տարբերութիւններով հանդերձ կ՚ունենան հասարակաց գիծեր, որոնք կը կազմուին անկախ անձի կամքին.
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց խումբ մը երիտասարդներ, որոնք սփիւռքի զանազան թեմերէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած են՝ հայագիտական եւ կրօնագիտական նորահաստատ դասընթացքներու մասնակցելու համար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ՝ պոլսահայ լիսէներու 2024-2025 ուսումնական շրջանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս կեցութեան օրերուն պիտի այցելէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կեդրոնատեղին:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երկուշաբթի պիտի ուղեւորուի Լոս Անճելըս, ուր շաբաթ մը մնալէ վերջ պիտի անցնի Նիւ Եորք: Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերուն մէջ այժմէն ստեղծուած է արտասովոր խանդավառութիւն՝ մինչ կարգադիր յանձնախումբերը բծախնդրօրէն կը վերահսկեն բոլոր մանրամասնութիւնները:
Նորին Ամենապատուութիւնը պիտի հիւրընկալուի նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, որ զինքը պիտի պատուէ ճաշասեղանով մը:
Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու առկայ գագաթնային լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ ամփոփ գրառումով մը հանդէս եկաւ՝ «Նիկոլիզմի վերջը» խորագրին ներքեւ։
Իսրայէլ գիշերուան ժամերուն յարձակեցաւ Իրանի վրայ։ Իսրայէլի բանակի ռազմական գործողութիւններով թիրախաւորուեցան մայրաքաղաք Թեհրանն ու երկրի այլ զանազան քաղաքները։
Շաբաթավերջին նախատեսուած լիսէներու մտից քննութեան՝ LGS-ի ընդառաջ, երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ունեցաւ իր երկրորդ հանդիպումը պոլսահայ վարժարաններու աշակերտութեան հետ։
Էսաեան վարժարանի մէջ 2024-2025 կրթական շրջանի ներկայ եզրափակիչ փուլը կը բնորոշուի խանդավառ հանդէսներով։ Վերջին օրերուն դպրոցին մէջ տեղի ունեցան մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսն ու առաջին դասարանի ընթերցման տօնը:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 564-րդ տարեդարձը երէկ աւանդական արարողութեամբ նշուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութեան հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն մասնակցեցան պոլսահայ հոգեւորականաց դասու բազմաթիւ անդամներ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետին կողմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ հրապարակուած մեղադրանքներու եւ պահանջներու քաղաքական շարժառիթները հիմնականին մէջ երկու ուղղութիւն ունին:
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէն, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ ԵԽ-ի ընդհանուր քարտուղարը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Զանազան առիթներով «Յառաջ»ի հին թիւերէն քաղելով ներկայացուցած ենք հայ գիրին ու մշակոյթին նուիրեալ վաստակաշատ խմբագիր, ազգային-քաղաքական գործիչ Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրականներէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արաբական ծոցի երկիրներէ ներս Տանըլտ Թրամփի շփումներու լոյսին տակ կարեւոր հաւանականութիւններ:
Ուաշինկթընի տարածաշրջանային նոր քայլերն ու մտադրութիւնները Թեհրանի դէմ հրահրումներ չեն ենթադրեր:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
* Մուսթաֆա Մահմուտը բարոյականութեան մասին կը գրէ.
Բարոյականութիւնը մարդկութեան գոյատեւումին միակ երաշխիքն է: Երբ բարոյականութիւնը վերանայ, մարդիկը աղուէսներու նման կ՚ըլլան՝ զիրար կ՚ուտեն: Օրէնքները առանձինն, բաւարար չեն մարդկային հոգին սանձելու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս, ընտանիքներու մէջ կան՝ որոնք բան չեն ուզեր նետել կամ հրաժարիլ որեւէ առարկայէ՝ բարոյական հանգամանք մը վերագրելով անոր։ Կան նաեւ, որ պատրաստ են նետել ամէն բան՝ որ աւելորդ կը նկատեն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ ժողովուրդին համար պէտք է պարզ ըլլայ, որ պետութեան խնդիրը ո՛չ թէ Կաթողիկոսի վարքին, այլ ընդհանուր եկեղեցւոյ հետ կապ ունի։ Յիշեցեցէ՛ք, թէ ինչպէս մի քանի տարիներ առաջ դպրոցներու դասագիրքէն կրօնի գիտութիւնը դուրս դնելու համար կը պայքարէին, չյաջողեցան, որովհետեւ այդ ժամանակ անոնք ուղղակի կրօնը ուզեցին դուրս դնել. այժմ աւելի խելացի ձեւանալով կը փորձեն այնպէս մը ներկայանալ, որ իրենք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներ են եւ իրենց խնդիրը պարզապէս Վեհափառ Հայրապետի անձին հետ կապ ունի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կար ատեն, երբ «բան մը չգիտցող» մարդը անհանգստութիւն կը պատճառէր. սակայն, ժամանակը եկաւ սորվեցնել, որ չգիտնալը ամօթ չէ. անշուշտ, շատեր լսած են, որ չսորվիլն է ամօթը. իրականութեան մէջ չսորվիլն ալ ամօթ չէ. ամօ՛թ է՝ երբ չես գիտեր, սակայն, լռութիւնդ պահելու փոխարէն աբեղ-ցփեղ կը փիլիսոփայես... եւ մեր օրերուն պէտք եղածէն շա՜տ շատ աւելի են այդ փիլիսոփաները:
Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթը երէկ ընկերային ցանցերու իր պաշտօնական հաշիւներուն վրայ տեղ տուաւ այս լուսանկարին։
2024-2025 կրթական շրջանի աւարտին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս տարի եւս հայրական հետաքրքրութեան առարկայ կը դարձնէ համայնքային վարժարաններու սաները։