Արխիւ
Երեւանի Մատենադարանին մէջ, յառաջիկայ մարտի 10-ին տեղի պիտի ունենայ բացառիկ ցուցադրութիւն մը։ Այսպէս, Շուրիշկանի փրկագործ Աւետարանը պիտի ներկայացուի հանրութեան։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Պատերազմ է:
Դարձեալ ու կրկին՝ պատերազմ:
Հեռաձայնները մեր ձեռքերուն մէջ՝ կը թուի այնպէս, որ բոլորս, ամբողջ աշխարհը նո՛յն պատերազմին մէջ է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սանձազերծուած պատերազմը անխուսափելիօրէն նոր ճամբաբաժանի մը պահը ուրուագծած է:
Ուաշինկթընի քայլերը պիտի բնորոշեն ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի ապագայ պատկերը՝ մինչ Թեհրանի ներքին արձագանգն ալ կրնայ ազդու գործօնի մը վերածուիլ դաշտի վրայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ սկիզբ առին մեծանուն գիտնական, լեզուաբան, բառարանագիր Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները։ Հին տոմարով այս շաբաթավերջին՝ մարտի 8-ին (նոր տոմարով՝ 20-ին) ծնած է անմահ լեզուաբանը, որուն յոբելենական 150-ամեակը ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի 2026-2027-ի օրացոյցին մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Աշխարհը յաճախ կը փորձէ բացատրել չարիքը՝ պատերազմներով, գաղափարախօսութիւններով, կրօնական հակասութիւններով կամ պատմական թշնամութիւններով։ Բայց եթէ շերտերը մէկ առ մէկ հանենք, եթէ փայլուն բառերը մերկացնենք, կը մնայ միեւնոյն մութ արմատը՝ ագահութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սկզբունքներ՝ այն բարոյական համոզումներն են, որ կեանքը կը վերանորոգեն եւ անոր ուղղութիւն կու տան։ Ահաւասի՛կ, այս իմաստով, մեր հոգեւոր կեանքին երեք սկզբունքը կը կազմեն՝ Աստուծոյ հետ երկխօսութիւն, մարդուն ինք իրեն հետ հաղորդակցութիւն, այսինքն ներհայեցողութիւն եւ վերջապէս հաւաքական, ընկերային կեանքի մէջ ուրիշներու հետ հաղորդակցութիւն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկան հիմքն է ապագային. եթէ հաւատանք այս խօսքին, ապա պէտք է ընդունինք, որ տարօրինակ, նոյնքան ալ մտահոգեցուցիչ ապագայ մը կը սպասուի ամբողջ մարդկութեան։ Այդ մէկը ես, դուն կամ ուրիշը կը տեսնենք թէ ոչ՝ յստակ չէ:
Երէկ, Մեծ պահքի Անառակի կիրակիին, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Արամ արք. Աթէշեան նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմենճեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք հաւատքի մասին, քանի որ ան աշխարհի մեծագոյն ո՛ւժն է։ Իրմով կը շինուին հոգեւոր շէնքեր՝ անկարելիներ կարելի կը դառնան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այս յօդուածաշարքերուն ամենէն հետաքրքրիր գրողը Ճոն Պեռնարն է (1901-1971), որ իր գիտական յօդուածներով ու մտածողութեամբ յաջողած է մեծ ազդեցութիւն ունենալ գիտութեան զարգացման մէջ: Գիտական, ինչպէս նաեւ բժշկական աշխարհի մէջ օգտագործուող շատ մը մեքենաներ ստեղծագործութիւնն են անոր աշակերտներուն։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Պզտիկը, անաղարտը, ամենասուրբն ու ջերմը ի դէմանհունութեան-անծայրացման տեղատուութեան ու պահանջքին:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ծնած է 7 յունուար 1825-ին, Պոլսոյ Բերա թաղամասին մէջ:
1828-1830-ին ապրած է Ղալաթիոյ մէջ:
Այտընեան կրթութիւն ստացած է Վենետիկի մխիթարեաններու եւ ապա Ղալաթիոյ Վիեննայի մխիթարեաններու վարժարաններէն ներս:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԱՄՆ-ի զօրքերու հետզհետէ հեռացման զուգահեռ՝ Սուրիոյ մէջ ուժերու վերադասաւորման նոր փուլ մը: ԻՇԻՊ-ի վերակենդանացման հաւանականութիւնը կը ձեւէ երկրի քաղաքական եւ անվտանգային իրականութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի այս ճամբորդութիւնը հրաշալի առիթ մըն է իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար, կտրուելով աշխարհէն եւ իր ականջները գոցելով աշխարհի աղմուկին դիմաց, բանալ զայն երկնայինին դիմաց եւ լսել, թէ՝ «Ես եմ իրաւ [քաջ] հովիւը.
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու ամերիկահայ նոր սերունդէն իսկապէս արժէքաւոր եւ համակրելի ներկայացուցիչ մը։ Այսպէս, մեր հիւրն էր Շիքակոյի Northwestern համալսարանէն Սարին Մկրտիչեան, որ կ՚ուսանի քաղաքագիտութիւն եւ աւարտական թեզը պատրաստելու համար այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան որոշած են ամուսնալուծուիլ։ Այս մասին երկուքն ալ տեղեկացուցած են ընկերային ցանցերու միջոցաւ։
Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։
Այս առաւօտ միջազգային բոլոր աղբիւրները արձագանգ հանդիսացան, որ Իսրայէլ Իրանին հասցուցած է հարուածներ։ «Reuters» գործակալութեան հաղորդումներով՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս գործողութիւնը նախատեսուած էր քանի մը ամիսէ ի վեր, իսկ անոր մեկնարկի ժամկէտը որոշուած էր քանի մը շաբաթ առաջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքի լոյսին տակ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ հակասական կացութիւն -3
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի առանձնայատուկ դիրքով պայմանաւորուած հաւասարակշռութիւններու անտեսումը օգուտէ աւելի վնասաբեր է:
Երէկ, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի բանակցութիւններուն երրորդ փուլը։ Թեհրանի թէ՛ հիւլէական ծրագրին եւ թէ օրակարգի այլ հրատապ նիւթերուն վերաբերեալ ծաւալուեցաւ միջնորդաւորուած երկար քննարկում մը։