Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Լաւատեղեակ ենք, թէ անորոշ եւ անստոյգ օրեր կ՚ապրի Սուրիան եւ իր հետ նաեւ հոն ապրող մեր հայութիւնը: Սակայն, ո՞վ տեղեակ չէ, թէ սուրիահայութիւնը պատմութիւն ունեցող եւ մանաւանդ համբուրելի արժէքներու տէր գաղութ մըն է, բայց այս օրերուն ճակատագրի բերումով, իրեն համար լոյսի եւ օդի չափ եւ աւելի, անհրաժեշտ է նիւթական օժանդակութիւնը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդիկ կը կարծեն, որ երջանկութեան միակ աղբիւրը աշխատանքը, դրամը կամ իշխանութեան ձեռքբերումն է, բայց երջանկութեան պատճառները իրականութեան մէջ շատ աւելի տարբեր են։ Ոմանց համար երջանկութեան որոնումը կը ցուցադրուի որպէս կեանքի ամենահիմնական նպատակը, իսկ ոմանց համար սա ակնթարթային բաւարարուածութեան հասնելու միջոց մըն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քա՛ջ ըլլանք նեղութիւններու դէմ եւ յոյսով յաղթահարենք բոլոր նեղութիւնները՝ որոնք կը պաշարեն մեզ, մեր առօրեան։
Թէեւ լռութիւնը հոգիի մաքրման սկիզբն է, բայց կարելի չէ լուռ մնալ Friedrich Nietzsche-ի (1844-1900) սա խօսքին մասին թէ՝ «Յոյսը ամենամեծ գէշութիւնն է, քանի որ տանջանքը կ՚երկարաձգէ»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկուան մեր գրութեամբ խօսեցանք վախի դրական ազդեցութիւններուն մասին, սակայն ինչպէս գիտենք, վախ բառը ինքնին բացասական զգացում մը կու տայ մարդուն. վախի դրական ազդեցութիւնները կ՚օգնեն մարդու կազմաւորման անոր մէջ աւելի ինքնավստահ մարդ մը ստեղծել կը փորձեն, սակայն, բացասականները դրականէն ամբողջութեամբ տարբեր կը կործանեն մարդը.
Ազգային Մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ նախընթաց օր Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սահիպա Կաֆարովան։ Այս առթիւ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ Թուրքիա Զանգեզուրի միջանցքի նախագծի շուտափոյթ իրականացման յոյս ունի։
«D-8»ի երկիրներու ղեկավարներուն մասնաւոր նիստը՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի կացութեան շուրջ:
Նախագահ Էրտողան. «Թուրքիա կը ջանայ նպաստել կայունութեան հաստատման՝ ահաբեկչութենէ մաքրագործուած ձեւով»:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի թղթակիցներէն Անուշ Թրուանց եւ Սագօ Արեան այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։ Տարեվերջի կարճ արձակուրդի մը համար անոնք եկած են Պոլիս, ուր կը շփուին իրենց բարեկամական շրջանակին հետ։
Էսաեան վարժարանէն խումբ մը սաներ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու շրջանին այցելեցին Պէյօղլուի կարգ մը սրբավայրերը։ Այսպէս, իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ, տղաքը նախ ծանօթացան Սեն թ՚Անթուան լատին կաթոլիկ եկեղեցիին, ուր տեսան համապատասխան դաւանանքի աւանդութիւններուն հիման վրայ պատրաստուած մսուրը։
Ստեղծուած ծրագիրը համակարգիչի պաստառի վրայ հայերէն թեքստը կը վերածէ բանաւոր խօսքի:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Ռուսաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմով յայտարարեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը յաջողութեամբ կ՚ընթանան դէպի երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորում։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստան գործնականօրէն դուրս եկած է ՀԱՊԿ-էն եւ այդ կառոյցը կը լքէ, երբ թոյլտուութիւն ստանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ «Պարզ է, թէ ուր կ՚երթայ Հայաստան», ըսաւ ան։
Հայաստանը՝ քրիստոնեայ բնակչութեամբ ժողովրդավարութիւն, Ռուսաստան-Իրան մրցակցութեան կեդրոնին:
«The New York Times» կը մեկնաբանէ պայթիւնավտանգ Կովկասի իրավիճակը՝ մատնանշելով անսովոր երկընտրանքները:
Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորումի 8-րդ նախարարական հաւաքը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
«Աշխարհ կը խաբուի անվտանգային շարունակական սպառնալիքներու՝ ինքնութեան հիմունքով ատելութեամբ»:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան տակաւին պաշտօնապէս չէ արձագանգած տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ առաջարկներուն։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ընդունեց Լիբանանի վարչապետ Նեճիփ Միքաթին, որ այցելեց Անգարա։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ իրադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի Լիբանանէ ներս «Հիզպուլլահ»ի դէմ յարձակումերը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ կեանքէն ներս շրջանառութեան մէջ են Գալֆաեան տան վերաբերեալ լսումներ։ Այսպէս, խնամակալութենէն ներս ծագած են տարաձայնութիւններ, յառաջացած է պառակտում եւ ատենապետ Ալֆրէտ Սունա հրաժարած է, եւս քանի մը խնամակալ կրնայ հրաժարիլ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանի խոշորագոյն նուիրատուներուն մէջ առանձնակի երախտիքով կը նշուի կեսարացի Յարութիւն Հազարեանի անունը: Այդ անուան հետ սերտ առընչուած է հայկական մշակոյթի գանձերու հայրենադարձութեան շարժումը, որ սկիզբ առած է անցեալ դարու կէսերուն եւ կը շարունակուի մինչ այսօր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք եւ կը լսենք անորոշութեան մասին, բայց թերեւս մեզմէ շատերը չեն մտածած, թէ խորքին մէջ ի՛նչ է անորոշութիւնը, կամ ուրկէ՞ կու գայ:
Բառարանները անորոշութիւնը կը բացատրեն որպէս անստուգութիւն, տարտամութիւն, անյստակութիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի իրականութիւն մըն է, թէ՝ դժուար է պատմութիւնը անջատել առօրեայ քաղաքականութենէն, եւ աւելի կամ նուազ ճշդուած լուրերու խիտ ցանցին մէջէն զատորոշել այսօրուան, ներկայ երեւոյթները, որոնք վաղուան «պատմութիւն»ը պիտի ըլլան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հասարակաց վախերը բազմաթիւ են. անոնցմէ մէկն է, օրինակ, սիրեցեալի մը կորուստը. այս վախը համընդհանուր երեւոյթ ունի եւ բնածին զգացում մըն է. այս վախի հիմնական պատճառը մեր մեզի համար սիրելի եղած անձերու հանդէպ կապուածութիւնն է եւ անոնց բացակայութիւնը՝ մանաւանդ յաւիտենական կորուստը ինքնին վախ կը պատճառէ, որովհետեւ մարդ արարած ընդհանրապէս կը վախնայ մինակութեան զգացումէն: