Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Պատերազմի մասին գոյութիւն ունին հազարաւոր ժապաւէններ, սակայն քիչեր ուժով կրնան ներկայացնել մարդկային խոցելիութիւնը՝ ինչպէս «Կրիաներն ալ կրնան թռչիլ»ը, որ պարզապէս պատերազմի մասին նկարահանուած պատմութիւն մը չէ։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սէրը քանի որ ուրախութիւն է եւ քանի որ ընտանիքը սիրոյ վրայ հիմնուած միութիւն մըն է, ապա ուրեմն ընտանիքը ուրախութեան օճախ մըն է։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աւելի քան հինգ հարիւր տարի առաջ ապրած իտալացի գրող Նիքոլօ Մաքիավելլի (Niccolò Machiavelli) իր յայտնի «Իշխանը» աշխատութեան մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Քաղաքականութեան մէջ ճշմարտութիւնը հազուադէպ յաղթէ ուժին»։ 

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026

Այս կիրակի, Հոգեգալուստի տօնին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ եպիսկոպոսական օծում ու ձեռնադրութիւն պիտի ստանան չորս վարդապետներ։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026

Մայրաքաղաքի հարուստ ժառանգութիւնը տեսանելի եւ հասանելի դարձնելու ուղղեալ նախաձեռնութիւններ:
Հայաստանի կառավարութեան միջոցներով վերանորոգուած Կարմիր կամուրջը լայն ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026

Մերձաւոր Արեւելքի լարուածութիւնով հանդերձ, Հայաստան օդագնացութեան համար ապահով:
Wizz Air ընկերութիւնը Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն կը հաստատէ բազմաթիւ թռիչքներ՝ դէպի բանուկ կէտեր:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026

Կովկասի հարցերով յայտնի մեկնաբան Թոմաս տը Վաալ համոզուած է, թէ Իրանի շուրջ պատերազմը կրնայ բարդացնել TRIPP ծրագիրը։ Թոմաս տը Վաալ, որ աւագ գիտաշխատողն է «Քարնեկի-Եւրոպա»ին, «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Ռուսաստան կը դիտարկէ իւրաքանչիւր պահը եւ կը փորձէ այդ մէկէն լաւագոյնը ստանալ։ 

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026

​Երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ 

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յաջորդ ամիս պիտի մասնակցի Մեծն եօթնեակի (G7) գագաթաժողովին, որ նախատեսուած է Ֆրանսայի մէջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ նոր գործընկերութիւն մը հաստատած է՝ իր հիմնադրութեան 120-ամեակի յոբելենական շրջանին, երբ գործունէութեան հեռանկարները կ՚երանգաւորուին համագործակցութեան յաւակնոտ ձեւաչափերով, ինչ որ կը վերահաստատէ անոր անփոխարինելի դերակատարութիւնն ու անվիճելի հեղինակութիւնը հայ իրականութենէն ներս:
Ձեռքբերումներու հարթակ:
Կապակցուածութիւն՝ մարդկային շփումներով:
Պրիւքսէլ աշխարհատարած կազմակերպութեան կը վստահի սփիւռքի ներուժը զօրաշարժի ենթարկելու գործը:
ՀԲԸՄ-ի Երեւանի կեդրոնի երդիքին տակ, Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Եագուպեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2026

Հնդկաստան եւ Իտալիա կ՚ընթանան՝ իրենց յարաբերութիւնները յատուկ ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի բարձրացնելու ճանապարհով։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2026

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեան ընդունեց ցաւակցական այցելութիւններ՝ տիրամայր Գոհար Գազանճեանի մահուան առթիւ։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կար ժամանակ, երբ մարդոց տուներուն դռները գրեթէ երբեք չէին գոցուեր։ Գիւղի մը մէջ ոեւէ մէկու մը տուն երթալու կամ այցելելու համար հասցէ պէտք չէր. բաւարար էր անուն մը տալ եւ վերջ…։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յայտնի առածը կ՚ըսէ, թէ լճացած ջուրը կ՚ապականի, կը վատանայ։ Ասիկա կը պատահի նաեւ երբ սիրոյ այն կեանքը՝ մանաւանդ ամուսնութեան ընթացքին, կը լճանայ, կ՚անշարժանայ եւ կը դադրի զինք յառաջ բերող եւ մղող շարժունութիւնը ունենալէ։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ժամանակակից աշխարհը իր նորարարութիւններով հասարակութեան շա՜տ բան տուաւ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, անաղմուկ ձեւով շա՜տ բան տարաւ մարդկութենէն. ինչպէս օրինակ՝ ընտանեկան ու բարեկամական ջերմութիւնը, համբերութիւնը, ուշադրութիւնը, պարզութիւնը, վստահութիւնը եւ գրեթէ բոլոր այն բաները՝ որոնք անցեալին մարդը մա՛րդ ընող արժէքներ էին:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կեանքը՝ որ կ՚ապրինք, նեղութիւններով լեցուն է. վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, թէ ամբողջ կեանքի մը մէջ աւելի՛ շատ են տրտում, տխուր օրերը, քան ուրախ, զուարթ օրերը։ Անշուշտ, ասիկա նոյն համեմատութիւնը չունի բոլոր կեանքերու մէջ՝ ոմանց համար մէկը երկար եւ միւսը կարճ, եւ փոխադարձաբար…

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայերէն լեզուն ոչ-շատ հեռու անցեալին ապրեցաւ անկիւնադարձային ժամանակաշրջան մը. շրջան՝ ուր գրաբարը սկսաւ դիտուիլ որպէս «եկեղեցական լեզու» եւ մեր կեանք մուտք գործեց աշխարհաբարը՝ իր զանազան ճիւղաւորումներով, որոնք վերջաւորութեան ամփոփուեցան Արեւմտահայերէն եւ Արեւելահայերէն բաժանումներու տակ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

20 մայիս 1851-ին, ծայր աստիճան աղքատ, Աբրահամ եւ Արուսեակ ամոլի ընտանեկան յարկին տակ աշխարհ եկած Պետրոս Դուրեան (Սկիւտար, Ենիմահալլէ, Կ. Պոլիս, Օսմանեան կայսրութիւն, 20 մայիս 1851 - Կ. Պոլիս, 21 յունուար 1872)

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեանը, որ մաս կը կազմէ Հայաստանեայց Առաքեալական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասուն: 

Էջեր