Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իմաստութիւնը եւ խրատը գիտնալու համար, հանճարին խօսքերը հասկնալու համար…». (ԱՌԱԿ. Ա 2)
Առակաց Գիրքի այս բառերը հիմնաքարն են հայ գրականութեան։ Եւ գրականութիւն ունենալու նախապայմա՛նն է գի՛րը։ Եւ այս տողերը եղան հայ գրականութեան եւ հայ կեանքին «ալֆա»ն եւ «օմեկա»ն՝ սկիզբը եւ վախճանը, մէկ խօսքով՝ ինքնապահպանման եւ ինքնատեւման պատճառը։
ԱՆՆԻԿ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նախակրթարանի ուսուցման տարիները իսկութեան մէջ մարդուս կեանքին ամենէն տարրական եւ կարեւոր շրջանն է։ Այս շրջանին է, որ կը հաստատուին ապագայի մտային եւ հոգեկան շէնքին առաջին հիմերը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները արդէն անցեալի էջերուն կը պատկանին։
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը մասնակցեցաւ այս ընտրութիւններուն՝ կատարելով իր սահմանադրական իրաւունքն ու քաղաքացիական պարտականութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամերիկայի հայկական թանգարանը արուեստասէրին վերադարձուցած է կարծես թէ մոռցուած, բայց իրականութեան մէջ, առասպելական անուն մը՝ ուտահար Ճոն Պէրպէրեանը, որ ուտը հանրահռչակ դարձուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ շնորհիւ Անատոլուէն ներգաղթեալներու միջոցով ամերիկեան ափեր հասած երաժշտութեան։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը միայն մէկ անգամ չէ, որ «Հիզպուլլահ»ի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու մասին յայտարարութիւն մը կը կատարէ: Վերջինը հետեւեալն է. «Իսրայէլէն յուսախաբուած եմ, որ առանց Լիբանանի մէջ շէնքեր քանդելու՝ չի կրնար բան մը ընել, «Հիզպուլլահ»ի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու եւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարային ուժ տալու կը մօտենամ»:
Սեն Փեթերսպուրկի «Լէոնիտ Եաքոփսոն» պետական ակադեմական պալէի խումբին շքեղ ներկայացումը:
Օփերայի համալիրէն ներս գեղարուեստասէրները «Քնած գեղեցկուհին» ողջունեցին ջերմ ծափահարութիւններով:
Անցեալին օգտագործուած կարեւոր երկաթուղիներն ու մայրուղիները վերագործարկման ճանապարհին:
Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացը միշտ կ՚ուղղորդուի հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ հորիզոններով:
Երէկ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունեց Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշը, որ Պաքու մեկնած էր՝ մասնակցելու համար Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու խորհրդարանական միութեան 20-րդ նստաշրջանին։
Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հիւրընկալեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէն։ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ զուգադիպեցաւ Անգարայի մէջ նախատեսուած դաշինքի գագաթաժողովի ճիշդ նախօրեակին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուեցաւ «Էսրա» միջազգային հիմնադրամի նախագահը:
Հոգեւոր-բարոյական արժէքներու ամրապնդումը՝ կարեւոր նախապայման աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման համար:
Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ՝ 2025-2026 տարեշրջանի շրջանաւարտներուն։ Վարժարանի թէ՛ լիսէի եւ թէ միջնակարգի բաժիններու աւարտական դասարաններուն համար կազմակերպուած շրջանաւարտից հանդէսը ընթացաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ։
Սամաթիոյ ընտանիքը նախընթաց օր մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի աւարտական դասարանի շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շա՜տ նուրբ, սակայն, յստակ տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի երգիծագրութեան, երգիծանկարին եւ ծաղրանքին ու հեգնանքին միջեւ։ Երգիծանքը գոյութիւն ունեցող արուեստներու մէջ դժուարագոյնն է, որովհետեւ մարդոց տխրութիւն պատճառելը, ազդելն ու լացնելը շատ աւելի դիւրին է՝ քան լիաբերան խնդացնելն ու զուարճացնելը:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարանի աշակերտներու շրջանաւարտութեան հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Տղաքը յաջողութեամբ գործադրեցին օրուան յայտագիրը՝ ծափահարութիւններու արժանանալով իրենց ելոյթներով։
Կեդրոնական վարժարանի մեծ ընտանիքը 2025-2026 կրթական շրջանի աւարտին կազմակերպեց իր աւանդական պտոյտը։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան, վարժարանի տնօրէնութեան եւ ծնողաց միութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած այս պտոյտը տարիներէ ի վեր առիթ կը դառնայ մեծ խանդավառութեան։
Պէզճեան Մայր վարժարանը նախընթաց օր հիւրընկալեց STEM մրցոյթը, որու նպատակն է աշակերտներուն ուղեկից դառնալ զանազան հարցերու լուծման ճանապարհին ընդունակութիւններ ձեռք բերելու առումով։
Փոքրամասնութիւններու միջավայրին մէջ կրթութեան կազմակերպման հարցերն ու թրքահայ օրակարգը:
Եւրոպական Միութեան հովանաւորած, Գերմանիա-Դանիա սահմանին կեանքի կոչուած «Սանքելմարք» ակադեմիայի հաւաքին մասնակից պոլսահայ կրթական մշակները արտասահմանէ վերադարձին Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ իրենց տպաւորութիւններն ու խորհրդածութիւնները բաժնեցին համայնքային վարժարաններու պատասխանատուներուն հետ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեանը։ Ներկայ էր նաեւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս քհնյ. Թապաշեան։
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Միջազգային աղբիւրներու հրապարակումներով՝ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի ընկերակցելիք պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի գտնուի՝ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման գծով յանձնակատար Մարթա Քոս։
Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը եւ ընկերակիցները հիւրընկալուեցան Պեշթեփէի համալիրէն ներս:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Անգարայի մէջ ընդունեց Եփրեմ Բ.-ի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը: