Արխիւ
Մեծ կղզիի յունաց երբեմնի որբանոցի պատմական հսկայ շէնքի վերանորոգման նախաձեռնութիւնը:
Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը ելոյթ մը ունեցաւ շաբաթավերջին կազմակերպուած արժեւորման հաւաքոյթի ընթացքին:
Թուրքիա ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ կու տայ՝ Հիւսիսային Իրաքի մէջ նահատակուած զինուորներուն:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը վճռակամութեամբ յառաջ պիտի տարուի՝ ամբողջական ռազմավարութեան մը ձեւով:
Եւրոխորհուրդի մարդու իրաւանց յանձնակատար Տունիա Միաթովիչ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղէն բոլոր տեղահանեալներուն պէտք է տրուի արժանապատիւ ու ապահով վերադարձի հնարաւորութիւն։
Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքար երկուշաբթի պիտի այցելէ Թեհրան, ուր բանակցութիւններ պիտի վարէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ, նաեւ պիտի հիւրընկալուի երկրի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ։
Հիւսիսային Իրաքէն հասած լուրերը երէկ խոր ցաւ ու մեծ ցասում յառաջացուցին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Թուրք զինեալ ուժերուն եւ անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան՝ ՓՔՔ-ի միջեւ ծագած բախումներուն հետեւանքով 9 զինուոր նահատակուեցաւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մերձաւոր Արեւելքի համայնապատկերին վրայ կը բիւրեղանան թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ Իրանի խոցելի կողմերը, որոնք դեմոկլեան սուրի նման կը ճօճուին անոնց գլխուն վերեւ:
Տարածաշրջանային արիւնալի իրադարձութիւններու դիպաշարը ճակատագրական ու նուրբ հարցականներու մեծ տրցակ մը կը բանայ. ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ վաղուան օրը Կազզէի մէջ:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան կ՚ուզենք յայտնել, որ այս եւ յառաջիկայ շաբաթ օրերու մեր սիւնակով, պիտի ներկայացնենք մեր գրողներէն ոմանց կեանքը, գործունէութիւնը, անոնց մասին եղած գնահատականներն ու քննադատականները, ինչպէս նաեւ ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք անոնց գրութիւններէն, ստեղծագործութիւններէն հատուածներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երեւակայել եւ տրամաբանել՝ ահաւասիկ երկու մարդկային կարողութիւններ։ Աստուած մարդուն տուած է զանազան կարողութիւններ, որոնց գլխաւորներն են երեւակայելու եւ տրամաբանելու կարողութիւնները։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ հարց կը տրուի, թէ հայերէն խօսակցական լեզուի մէջ ինչո՞ւ համար կը գործածուի «կոր» արտայայտութիւնը, ինչ որ շատ շատերու կողմէ սխալ նկատուելով հանդերձ կը շարունակէ պահել իր գոյութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան ծանօթութիւն կը վայելէ՝ որպէս մասնագէտ, սակայն, իր մասնագիտութենէն դուրս նիւթերու շուրջ ալ հանդէս կու գայ խորհրդածութիւններով, որոնք կ՚արժանանան ուշադրութեան՝ մանաւանդ, որ ան հաճելի զրուցակից մըն է։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկութեան պատմութեան մէջ կան մտածողներ, որոնք կ՚ապացուցանեն, թէ մարդկութիւնը շարունակաբար ոստումներ կը կատարէ։ Այդ մտածողներու շարքին փիլիսոփաներ յաջորդ սերունդներու առջեւ կը բանան նոր ուղիներ, կ՚առաջարկեն սահմանները ընդլայնելու կամ ընդհանրապէս անդրանցնելու ձեւեր եւ կը ներշնչեն մտածելու եւ քննադատելու համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային հոգին աստուածային խորհուրդներով, անտեսանելի հարստութիւններով, գեղեցկութիւններով, ուժերով լեցուն կղզեակ մըն է, մեր մարմնին ճախճախուտին մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի լուրջ արշաւ մը, չէզոքացնելու եւ անզօրութեան մատնելու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, եւ այդ մէկը կը կատարուի լաւապէս ուսումնասիրուած ու խոհեմ ձեւով:
Հայաստանի արդարադատութեան փոխ-նախարար Արմենուհի Յարութիւնեան յայտարարեց, որ կը նախատեսուի երկրէն ներս դադրեցնել պատուաւոր կոչումներու շնորհումը։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին վերատեսութեան պիտի ենթարկուի Հայաստանի մէջ պատուաւոր կոչումներու շրջանակը։
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն Հայկ Սարգսեան յայտարարեց, որ 2019 թուականէն ի վեր աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներ սկսած են խուսափիլ պարտադիր զինուորական ծառայութենէ եւ բարձրացած է այդ պատճառով հետախուզուողներու թիւը։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Զուիցերիա։ Այս ուղեւորութիւնը կը զուգադիպի Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի տարեկան հաւաքի բացման ճիշդ նախօրեակին։
«Stratfor»ի կանխատեսումներով, Հարաւային Կովկասէ ներս ի սպառ պիտի չդադրի Մոսկուայի ազդեցութիւնը:
Ամերիկացի վերլուծաբանները լրջօրէն հաշուի կ՚առնեն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ նոր յարձակման մը հաւանականութիւնը:
Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի փոխ-նախագահ Կարէն Թամազեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ սահմանի Մարգարայի անցակէտը արդէն պատրաստ է շահագործման։
Ֆրանսայի նորանշանակ աւագ հիւպատոսը անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Սուրբ Յարութեան տաճար:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ արարողութիւն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պատրիարքարանի անձնակազմը։
Այսպէս, ընդունելութեան սկիզբին յանուն Պատրիարքական Աթոռի անձնակազմին խօսք առաւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, որ ուրախութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան չորրորդ տարեդարձին համար։