Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Մատրիտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սպանիոյ Ֆէլիփէ Զ. թագաւորին հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կարելի է համոզուիլ, թէ Հայաստանի մէջ քաղաքական տրամաբանութեան հիմնարար կանոնները չեն գործեր:
Ըստ բազմաթիւ մեկնաբաններու՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան հակաթոյնն է՝ ներքին համերաշխութիւնը:
Յաճախ կ՚ըսուի, որ ջուրը կեանք է. ընդ որում, երկուքն ալ կը հոսին։ Այդ հոսքը շատ խորհրդաւոր է, որովհետեւ այնպիսի տպաւորութիւն մը կը ստեղծուի, որ կարծես ոչինչ կը փոխուի։
Երէկ, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսը Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երեք տարի առաջ էր հեռախօսազանգ մը ամբողջովին փոխեց տրամադրութիւնս դէպի լաւը։ Դեռ թագաժահրին սարսափին մէջ էինք, երբ մեր աշխարհը, հայուն աշխարհը աւելի սարսափելին ալ տեսաւ՝ 2020-ի նոյեմբերը, պահ մը կարծեցի որ վերջն է աշխարհին, հիւանդութիւն, պատերազմ պիտի ջնջեն, տանին ամէն բան…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ունեցած սովորութեանս համաձայն, հայկական մամուլի հին պարբերականները կը թերթատէի: Հետաքրքրական գրութեան մը հանդիպեցայ Պոլիս տպուած «Իգնատ Աղա» շաբաթաթերթին մէջ, «Ինչո՞ւ կը գրէք» վերնագիրը կրող, որ լոյս տեսած է 27 դեկտեմբեր 1919-ին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Արիւնակցութիւն» consanguinitas կը կոչուի այն ազգակցութիւնը՝ որուն անդամները իրարու կապուած են համարիւնութեան կապով, այսինքն՝ ծնունդի միջոցով սերած են անոնք կամ յաջորդաբար մէկը միւսէն եւ կա՛մ զանազան ճիւղերով ընդհանուր նախահօրէ կամ բունէ. truncus։ Ուրեմն բոլոր արիւնակիցները իրարու հետ ունեցած կապով կը կազմեն «շարք» կամ «գիծ». Linea։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անյագ ծարաւով մը կը շարունակեմ ընթերցել Մատթէոս Մամուրեանի «Անգլիական նամականի կամ Հայու մը ճակատագիրը» աշխատութիւնը. մէկ մէկ կ՚ուզեմ գոցել գիրքը եւ չշարունակել, աւելիով ականատես չըլլալու հայ ժողովուրդի դժբախտութեան, որ փաստօրէն վերջին տասնամեակներուն յատուկ չէ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի համալսարանէն խումբ մը երիտասարդներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Գումգաբուի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուայ հունձքին։ Նախընթաց օր Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը, որով այս տարուան 13 շրջանաւարտները հրաժեշտ առին դպրոցէն։
Թոփգաբուի ընտանիքը նախընթաց օր խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսի ընթացքին ստեղծուեցաւ աննախընթաց ոգեւորութիւն։
Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբին ելոյթը, որ առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ Նաթալին Պոզ-Եըլմազի կողմէ գլխաւորուած «Առաջնորդ»ը յաջողեցաւ համախմբել բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։
Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսը բացառիկ հրճուանքի առիթ դարձաւ՝ շուրջ 400 մասնակիցներով։ Վարժարանի լիսէի բաժնի հունձքը հրաժեշտ տուաւ դպրոցին, մինչ միջնակարգի շրջանաւարտներն ալ ստացան իրենց վկայականները։
ՍԷՎ հիմնարկի մէջ երէկ գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ Դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Հերման Պալեան, ատենադպրի պաշտօնը վստահուեցաւ Մկրտիչ Թիմուրճուօղլուին։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Օրերս աւարտած Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն «աջ» կուսակցութիւնները զգալի յաջողութիւններու հասան: Յատկապէս Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ «աջերը» գերազանցեցին իշխանութեան գլուխ գտնուող ուժերը, ինչ որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի համար հիմք դարձաւ՝ իր վարած քաղաքականութեան հանդէպ վստահութեան հարց դնելու:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ կը քննարկուին՝ Հայաստանի դիմագրաւած արտաքին սպառնալիքները:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի այս տարուան հունձքը հրաժեշտ առաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Համալսարանի 64-րդ շրջանաւարտները թիւով 123 են՝ զանազան ճիւղերէ։ Արարողութեան ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան։
ԱՄՆ պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ աշխատիլ՝ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ:
«Երեւան-Պաքու տեւական խաղաղութեան հաստատումը պիտի խթանէ տնտեսական հնարաւորութիւններու ընդլայումը»:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պոլսահայ կեանքի երկնակամարէն սահեցաւ Արամ Գամպուրեանի աստղը։ Համայնքի երէց սերունդի խորհրդանշական ու բարձր ներկայացուցչական կարողութեամբ տիրական դէնքերէն մին էր ան։ Իր բազմակողմանի ծառայութիւններէն, բազմառանցք գործունէութենէն ու թրքահայութեան արդի տարեգրութեանց մէջ թողած անջնջելի հետքերէն անդին՝ Արամ Գամպուրեան լիարժէք անհատ մըն էր։