Արխիւ
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր ընծայուած տօնական օրերու կարգին, Վերափոխման տաղաւարը առիթ կ՚ընծայէ, որ անդրադառնանք առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր գրականութեան մէջ Սուրբ Կոյսի կեանքը եւ կենցաղը բնորոշելու եւ մեծարելու համար գործածուած ածական եւ այլաբանութիւններուն։
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ մտահոգիչ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան նաեւ Լեհաստան-Սպիտակ Ռուսիա սահմանին վրայ։ Պատերազմի սկիզբէն ի վեր Լեհաստան կը հանդիսանայ Ուքրայնայի մեծագոյն պաշտպանը։
Ատրպէյճան միշտ կը կրակէ պաշարեալ Արցախի վրայ, ուր մարդասիրական տագնապը կ՚ահագնանայ՝ ծանրագոյն բոլոր հաւանականութիւններով:
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայի արտաքին գործոց նախարարը հերթական անգամ շփման մէջ անցաւ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւններուն հետ:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք մը՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի։
Վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը հովուական այցելութիւն կու տայ դէպի Թուրքիոյ հարաւը:
Տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին հասնելէ առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը զանազան հանդիպումներ ունեցաւ Մերսինի մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կեանքի ու ապրելու իմաստին մասին գրի առնուած են զանազան ստեղծագործութիւններ, յօրինուած են երգեր, նկարահանուած են ժապաւէններ։ Բոլորն ալ փորձած են արդիւնքի մը հասնիլ կեանքի իմաստի որոնման հարցին մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ առաջին անգամ կազմակերպուած՝ Ազգային երիտասարդական համաժողովը հարթակ հանդիսացաւ աշխարհի բոլոր անկիւններէն բազում հայ երիտասարդներու Երեւանի մէջ համախմբման։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կը ներեմ բայց չե՛մ մոռնար»։ Nelson Mandela։
Արդարեւ, երբ հինը կը մեռցուի եւ անոր տեղ նորին ծնունդ չի տրուիր, այդ արարքը ոչինչ կ՚արժէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կէս գիշերը անցած էր, երբ մարդ ու կին անգամ մը եւս վերսկսան արդէն իսկ աւանդական դարձած իրենց կռիւը. կինը յուսահատութեամբ նոյն յանկերգը կը կրկնէր, մինչ ամուսինը հոգոց մը հանելով դժգոհելով կը խոստանար կատարելապէս ի գործ դնել կնոջ կողմէ բարձրաձայնուած բոլոր հրահանգները:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանին երէկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ՝ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին կողմէ։ Յուշանուէրը յանձնեց համոյթի անդամներէն Սարգիս Մենշուր, որ կը բնակի Երեւանի մէջ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մենք հայ երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու շարքի հերթականը։ Կղզեբնակ երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս արժանացան բոլորի ծափահարութիւններուն։
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ Վարդան-Ճուլիա Յովհաննէսեան ամոլը բախտաւորուած է դուստրով մը, որ կոչուած է՝
ԺՊՏՈՒՆ
Մայրը եւ նորածինը քաջառողջ են։ Ան իր ծնողներուն առաջնեկն է։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երաժշտութեան եւ պարի գաղտնիքն է յոյզեր կամրջելու կարողութիւնը: Երաժշտութիւնը ուժ ունի հասնելու մարդոց հոգիներուն: Պարը, միւս կողմէ, իր կարգին, կը պարփակէ զգացումները կենդանի շարժման եւ արտայայտութեան միջոցով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Միշտ կողմնակից եղած եմ համահայկականութեան, այլ խօսքով՝ միասնականութեան: Միշտ ջատագովը եղած եմ եւ եմ տակաւին, որ պահելով հանդերձ մեր իւրայատկութիւնները, անձնական, ընկերային, հասարակական, կուսակցական, եկեղեցական, մշակութային եւ այլ իւրայատկութիւնները, միասնականութիւն կարենանք դրսեւորել առաջնային հարցերուն մէջ, ինչպիսին են Ազգը, Հայրենիքը, Եկեղեցին, Լեզուն, Մշակոյթը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սուրբ մը ըլլալ բացառութիւն մըն է. իսկ արդար ըլլալ՝ կանոն»։ Victor Marie Hugo (1802-1885թթ.)։
Արդարութիւնը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ յարատեւ եւ հաստատ կամքով տալու Աստուծոյ եւ մերձաւորին ի՛նչ որ պարտական ենք անոնց։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի վրայ չկայ աւելի ապերախտ իրողութիւն՝ քան պատմութիւնը, որուն քմահաճոյքին տրուած է յիշել մէկը կամ մոռնալ՝ ինչ արժանիքի տէր ալ ըլլան անոնք: Մեր յօդուածներուն մէջ յաճախ յիշած ենք անուններ, որոնք եղած են մեծութիւններ, սակայն պատմութիւնը ապերախտ գտնուած է յիշելու անոնց անունը:
«The Wall Street Journal» ամերիկեան հեղինակաւոր թերթը գրեց, որ Սէուտական Արաբիան եւ Իսրայէլը բնականոնացման ճանապարհը բռնած են՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ։
«The Washington Post» հեղինակաւոր ամերիկեան թերթը վերջին օրերուն հրապարակած խմբագրականներէն մէկուն մէջ «աւազակապետութիւն» որակեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմը։
Բնապահպանութեան, քաղաքաշինութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան նախարար Մեհմէտ Էօզհասեքի յայտարարեց, որ Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած մեծ երկրաշարժին դէմ ձեռնարկած են 4 փուլէ բաղկացեալ ծրագրի մը մշակման աշխատանքներուն։