Արխիւ

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2023

Հայաստանի վարչապետը ամփոփեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին արդիւնքը:
Միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ միշտ կը գրեն, որ Արցախը վերածուած է մեծ համակեդրոնացման ճամբարի մը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2023

Թէեւ ո՛չ լրիւ բոլորաձեւ, բայց մարդուս աչքը կլորի վրայ է։ Առանց հաշուելու կոպերը՝ աչք ըսուածը գնդիկ մըն է։ Առանց հաշուելու կոպերը՝ աչք ըսուածը գնդիկ մըն է։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2023

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այցելեց Գնալը կղզիի լողաւազանը, ուր հիւրընկալուեցաւ փրոֆ. տքթ. Էմրէ Պուչքինի գլխաւորած վարչութեան կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2023

Երէկ առաւօտ, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ նախաճաշ մը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ։ Ֆէրիգիւղի տիկնանց կազմին կողմէ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 120 հոգի։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2023

Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ վերականգնուող ուժանիւթի հեռանկարային ոլորտի պարագային։ Երէկ, երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցաւ ելմտական համագործակցութեան համաձայնագիր մը, որու ծիրէն ներս Գերմանիա 12 միլիոն եւրօ վարկ պիտի յատկացնէ Հայաստանին՝ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտը զարգացնելու նպատակով։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ելոյթ մը ունեցաւ համաշխարհային կազմակերպութեան հրատապ նիստին. «Հակառակ աշխարհաքաղաքական տարաձայնութիւններուն, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը կրնայ հանդէս գալ՝ որպէս ցեղասպանութեան կանխարգելման, այլ ո՛չ թէ ոգեկոչման կառոյց»։
Նիւ Եորքի երէկուան արտահերթ ժողովին միջազգային դերակատարները արտայայտեցին իրենց վերաբերմունքը՝ մինչ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները հերքեցին հայկական կողմին մատուցած տուեալները։
Ռուսաստան թէեւ անհրաժեշտ կը նկատէ Լաչինի միջանցքի բացումը, սակայն կը խօսի նաեւ մարդասիրական այլ ճանապարհներու օգտագործման մասին։ Ուաշինկթըն այս հանգրուանին ուղիղ երկխօսութեան կոչ կ՚ուղղէ Պաքուին եւ Ստեփանակերտին։ Լոնտոն կը մատնանշէ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումը։ Փարիզ որեւէ իրաւաչափ պատճառ չի տեսներ՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան առկայ մեկուսացման համար։ Եւրոմիութիւնը կը մտահոգուի խաղաղութեան գործընթացին ենթարկուելիք հաւանական վնասներով։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հետաքրքիր միտքեր եւ անոնց աչքերը կը տեսնեն թէ՛ հռովմէական եւ թէ միջնադարեան ժամանակներէ մնացած «աւերակ»ները՝ դղեակներու եւ այլազան շէնքերու՝ որոնք մինչեւ այսօր կը պահեն իրենց ճարտարապետական յատկանշական գիծերը։ Դղեակին պաշտպանութեան առաջին գիծը բնութիւնը հայթայթած է իր դիրքովը. երկրորդը՝ ճարտարապետութիւնը՝ իր հաստ եւ հաստատուն պատերովը, աշտարակներովը. երրորդ՝ մարդկային ռազմական հնարամտութիւնը՝ խրամատներու ցանցով մը եւ ջրաբաշխական մեքենականութիւնով, եւ այլն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 149 տարիներ առաջ՝ 1874 թուականին Յակոբ Պարոնեան կը սկսի խմբագրել «Թատրոն» գրական-երգիծական հանդէսը, որ հայերէնի կողքին լոյս կը տեսնէ նաեւ հայատառ թրքերէնով եւ թրքախառն հայերէնով:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ հայերը Պոլսոյ մէջ յայտնի էին նաեւ իրենց թատերական կարողութիւններով եւ նոյնիսկ շատ մը փաշաներ հայկական խումբեր կը հրաւիրէին իրենց առիթները ճոխացնելու համար. նոյնիսկ հրապարակային տօնախմբութիւններու ժամանակ կարեւոր տեղ կը տրուէր հայ թատերախումբերուն եւ հետեւաբար, ինչպէս նաեւ բնականաբար, հայ թատերախումբերը հայերէն ներկայացումներու կողքին կը ներկայացնէին նաեւ թրքերէն թատրերգութիւններ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդկութեան պատմութիւնը միշտ ուղեկցուած է ձեւապաշտութեամբ: Մարդ արարածը միշտ ալ ձեւականութիւններու հետամուտ եղած է: 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օգոստոսի 14-ին՝ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրային կեդրոնի ողբերգական պատահարի առաջին տարելիցի օրը ուրիշ դաժան պատահար մը ցնցեց Հայաստանը. Երեւան-Կիւմրի ճանապարհին, Լանջիկ գիւղի մօտակայքին ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով տասնմէկ հոգի զոհուեցաւ, իսկ եօթը վիրաւորուեցաւ, վիրաւորներուն մէկ մասին վիճակը ծանր է…

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Աղօթքը սրտին եռանդն է. պարզ նայուածք մը ուղղուած դէպի Երկինք… գոչ մը գիտակցութեան եւ սիրոյ՝ ցաւի եւ վիշտի ծոցէն, նմանապէս ուրախութեան ծոցէն, բաներ մը մեծագոյն՝ որ կ՚ընդլայնէ եւ կը միացնէ մեզ Յիսուսի»։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կը խօսինք գրականութեան մէջ գործածուող թրքերէն բառերու մասին, սակայն կը մոռնանք, որ կար ժամանակ, երբ Պոլսոյ մէջ տարածուած էր նաեւ հայատառ թրքերէն գրելու ախտը. հայատառ թրքերէնով գրեցին նոյնիսկ շատ մը անուանի դէմքեր. օրինակի համար, Յակոբ Պարոնեան, Երուանդ Օտեան:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2023

Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեսրոպաշունչ երգեր» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկ մը։ Այս առթիւ հանդէս եկաւ համակրելի երգիչ Պարթեւ Կարեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Չհասութեան գաղափարը հին եւ նոր ազգերուն մէջ: Մուհամմէտն ու Մովսէսը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2023

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդներուն տարեկան հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պըրպենքի մէջ:
Լոս Անճելըսի եռօրեայ քննարկումներուն ժամանակ ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ համահայկական օրակարգի հրատապ հարցերուն վրայ - Քաղաքավարական այցելութիւն՝ Հայաստանի հիւպատոսարան:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2023

Յառաջիկայ տարի նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ ներքին քաղաքական օրակարգը դարձեալ կեդրոնացած է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի պարագային նախատեսուած ընտրապայքարին վրայ։ Երէկ, այժմու գլխաւոր քաղաքապետը՝ Էքրէմ Իմամօղլու յայտարարեց, որ Իսթանպուլը պաշտպանելու համար վերստին ճանապարհ դուրս կու գայ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2023

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը այսօր արտահերթ նիստ մը կը գումարէ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումին ընդառաջ:
Ժողովի սեմին Միրզոյեան-Քոլոննա եւ Լաւրով-Պայրամով հեռախօսազրոյցներ - Ուաշինկթըն կրկնեց Պաքուին ուղղեալ կոչը Լաչինի միջանցքի վերաբացման համար:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2023

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնակատարութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագը եւ խաղողօրհնէքը համախմբեցին հոծ թիւով հաւատացեալներ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2023

Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2023

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Լաչինի միջանցքի առկայ վիճակին կապակցութեամբ։ Թուրքիա այս հարցին վերաբերեալ դիրքորոշում արտայայտեց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մօտ կատարուած պաշտօնական դիմումէն վերջ։

Էջեր