Արխիւ
Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան երկօրեայ գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ Աստանայի մէջ:
Էրտողան-Փութին ժամադրութեան ընդառաջ Քրեմլին ընդգծեց, որ տեւական երկխօսութիւն գոյութիւն ունի կողմերուն միջեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բոլորիս ծանօթ է Յիսուսի հացերուն բազմացման հրաշքը. (ՄԱՏԹ. ԺԴ. 13-21, ՄԱՐԿ. Զ 30-44, ՂՈՒԿ. Թ 10-17 եւ ՅՈՎՀ. Զ 1-14), ուր հինգ հացով եւ երկու ձուկով կերակրեց հինգհազարի չափ այր մարդիկ, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայոց մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակի «Որդուս» բանաստեղծութիւնը ունի յաւերժական եւ համամարդկային գրաւչութիւն մը. անոր շօշափած ճշմարտութիւնները կը գերազանցեն ժամանակի եւ տեղի առանձնայատկութիւնները:
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքի ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր ՈՒԷՖԱ-ի կեդրոնին վրայ, որ կը գտնուի Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ։ Այսպէս, ֆութսալի յաջորդ ախոյեաններու լիկի կառուցուածքի ձեւաւորման տեսակէտէ տեղի ունեցաւ կարեւոր հաւաքոյթ մը։
«Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի մասնագիտական անձնակազմը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
«Եկեղեցին հոգեփրկչական առաքելութեան ճանապարհին մշտապէս կարեւորած է անձի ֆիզիքական առողջութիւնը»:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Եթէ լրագրողը կամ հրապարակախօսը յօդուած կը գրէ, ցանկալի է, ի հարկէ, որ ան ամէն բան իր գլխէն չբստրէ, խելքին փչածը նոյն պահուն չշարադրէ: Լաւ կ՚ըլլայ, ինչպէս կ՚ըսեն, իրականութեան հետ հաշուի նստիլ, նաեւ ճշդել փաստերը մասնագէտներու հետ:
«Սեւանայ լճի ապագան» խորագրեալ հաւաքոյթը համախմբեց գիտնականներ ու քաղաքականութիւն մշակողներ:
Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կարեւոր քննարկում՝ Ամերիկեան համալսարանին մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան ձեռքբերման բացառիկ հնարաւորութիւն գոյութիւն ունի։ Իր խօսքով՝ սա կրնայ դադրեցնել տասնամեակներ տեւած հակամարտութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի լրացաւ 40-ամեակը պատմական իրադարձութեան մը. 1984 թուականին Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի Սրբատառ կոնդակով պաշտօնապէս վաւերացուեցաւ Խորէնեան Պատարագը եւ գործածութեան մէջ դրուեցաւ հայոց եկեղեցիներու մէջ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ներկայ ժամանակներուն քաղաքները նոր ու բազմակողմանի յատկութիւններ, դերեր եւ առաքելութիւններ ստացան: Բայց, արդի եւ այսպէս ըսած՝ գովազդուող աշխարհին մէջ վարուած պետական ու մասնաւոր քաղաքական նպատակներու կողքին կարեւոր դիրք ստացաւ ինքնին մշակութային ոլորտը՝ նոր, հասանելի, ընբոշխնելի եւ մանաւանդ դիւրամատչելի ու հաճոյաշատ գործակատարումներով:
Երեւանի մէջ, Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երաժշտական յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «Երազ» երգի առաջին կատարումը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։
ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը այցելեց՝ շրջանային նախագահութիւնը ստանձնած Հայաստան:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Լազար Քոմանեսքու մանրամասն արժեւորեցին «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կը կոչուի հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը:
Պատասխան. Առակագիրը այսպէս կը կոչէ այդպիսին. «Հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը, որ հպարտ եւ յանդուգն է՝ ծաղրող կը կոչուի» (Առ 21.24):
ՀԲԸՄ-ի Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Կլոպալ առաջնորդութեան» ծրագրի մասնակիցներուն այցելութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը բարձր կը գնահատէ մասնագիտական փորձառութեան հարստացման ուղղեալ առիթները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պատահական չէր, անշուշտ, Հայաստանի պաշտօնապէս ճանչցաւ Պաղեստին պետութիւնը։ Արիւնալի պատերազմը, դառն իրադարձութիւնները կերպով մը դարձան խթան ի շարս այլ երկիրներու, նաեւ փոքրիկ Հայաստանին ճանչնալու Պաղեստին պետութեան գոյութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաքը՝ Աշխապատի մէջ տեղադրուեցաւ հայ բանաստեղծ, աշուղ Սայաթ Նովայի արձանը: Այն տեղադրուած է նորաբաց այգիի մը մէջ, որ կոչուած է թիւրքմէն հռչակաւոր բանաստեղծ, մտածող Մահթումկուլիի (Մահթումկուլի Ֆրակի) անունով:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մեծ քաղաքի մը բնակիչները անպայման համակարծիք պիտի գտնուին այն մօտեցման, թէ մարդիկ այլեւս կարօտ են նոյնիսկ ծառ մը տեսնելու։ Անկարելի է չանդրադառնալ մարդու կողմէ կառուցուած երկնաքերերու, շինուած մեքենաներու, փոխադրամիջոցներու կամ համակարգիչներու ընդհանուր ծանրութեան, որոնք կը հասնին կամ նոյնիսկ կը գերազանցեն երկրի բոլոր կենդանի էակներու ծանրութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աղօթքը՝ իր ամենալայն իմաստով, Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւն է։ Աստուած «Անձ» է, եւ մարդն ալ «անձ» մը, եւ ուրեմն աղօթքը երկու անձի միջեւ յարաբերութիւն մը, կապակցութիւն մը՝ խորհուրդի եւ խօսքի միջոցով եւ նաեւ՝ գործով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարիքս ինչքան ալ յառաջանայ, նուազագոյնը տարին մէկ անգամ կ՚ուզեմ ձեռքս առնել հայ մեծագոյն բանաստեղծին՝ Պարոյր Սեւակին «Որդուս» բանաստեղծութիւնը եւ Աստուած գիտէ որ երրորդ անգամ ըլլալով դարձեալ կարդալ ու վերլուծել. կան բանաստեղծութիւններ, որոնք մեռեալ են. կը կարդացուին միայն մէկ անգամ եւ նոր բան մը տալիք չեն ունենար, սակայն Սեւակի վերոյիշեալ բանաստեղծութիւնը ամէ՛ն տարի ունի ըսելիք մը, ինչ որ կենդանի կը պահէ բանաստեղծութիւնն ու անոր արժէքը:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Եթէ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումը որեւէ ձեւով չի սասաներ Փաշինեանի գահը, ապա ո՞րն է իմաստը, որ ՔՊ-ականները («Քաղաքացիական պայմանագիր» իշխանական կուսակցութինը) եւ իշխանութեան այլ քարոզիչները առաւօտէն երեկոյ անոր մասին կը խօսին։