Արխիւ
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սենեակին ընտրութիւնը: Օդը: Արեան մասին: Լոյսը, արեւը եւ անոնց նշանակութիւնը: Սենեակին օդը ինչէ՞ս կ՚աղտոտի: Նկուղները, վառարանները, լամբը, մանկիկին արտաթորութիւնները, փոշին:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Իմ դարմանումի անունը Զաւէն է՝ Զաւէնիկ:
Ամէն անգամ, երբ կը խճճուիմ տխրութեան ոլորապտոյտներու մէջ կամ բանէ մը կը վախնամ, ինքզինքս կը զգամ անզօր ու անօգնական, կը բռնեմ իմ առջինեկի ձեռքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ներկայ Մեծ պահքի շրջանին առաւել եւս կարեւորութիւն կը ստանայ ապաշխարութեան խորհուրդը, քանի որ այս շրջանը ներհայեցողութեան եւ ինքնամփոփման շրջան, մտախոհութեան եւ խոկումի շրջան մըն է, որ ի վերջոյ կը յանգի ներքին հաշուեյարդարի մը։ Այս «հաշուեյարդար»ը կը նշանակէ՝ հաշտութիւն, ներում եւ դարձի հաստատ մտադրութիւն սխալէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեւէ կարելի չէ երեւակայել միանման հասարակութիւն մը, ուր ամէն մարդ ապրի, մտածէ ու գործէ նոյն չափանիշներով եւ տրամաբանութեամբ: Անցեալին ամէն շրջան ունէր գրեթէ միանման մտածողութեան սահմաններ. յստակ քաղաքացիին համոզումները եւ յստակ գիւղացիինը. թէեւ անձէ անձ գոյութիւն ունէին տարբերութիւններ, սակայն անոնց միջեւ գոյութիւն չուէին անդունդներ՝ ինչպէս այսօր, որովհետեւ այսօր չենք կրնար մտածողութեան ճամբով զանազանել գիւղացին քաղաքացիէն, կամ ուսեալը անուսէն, որովհետեւ մեր շուրջ կը տեսնենք քաղաքացիներ՝ գիւղացիին մօտ իսկ գոյութիւն չունեցող յետամնացութեամբ, իսկ շատ անգամ գիւղացիին մօտ կը տեսնենք իմաստութիւն ու հաւասարակշռութիւն. ուսեալ մարդուն մօտ կը տեսնենք ամէ՛ն տեսակ անկրթութիւն, մինչ դպրոց չյաճախող մարդու մը մօտ գիտակցութիւն ու հասունութիւն. այլ խօսքով քաոսային վիճակ մը պարզապէս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 17-րդ օրն է:
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջան մը, երբ նիւթը ա՛յնքան սկսած է իշխել մարդուն վրայ, որ վերջինս յանուն այդ նիւթին կ՚անտեսէ ու կ՚ոտնակոխէ ամէն տեսակի սրբութիւն, նուիրականութիւն, եւ այլն:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Գերմանիոյ վարչապետին կատարած յայտարարութիւնը գրաւած է բոլոր լուսարձակները: Երկար ատենէ ի վեր միջազգային նման մակարդակէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրաւադրոյթը չէր հնչած՝ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք:
Կը տեղեկանանք, որ ամերիկահայութիւնը կը պատրաստուի կազմակերպել մեծ համերգ մը, որուն համար նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Մասնաւորապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափէն ներս մեծ աշխուժութիւն ստեղծուած է այս համերգին ընդառաջ։
Երկու կարեւոր գիտամշակութային կառոյցներուն միջեւ կը մշակուին հեռահար յարաբերութիւններ:
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին միջեւ համագործակցութիւն:
Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասըրեան վերջերս Նիւ Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Անիլ Չաուհանի հետ։
Իսթանպուլի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 2023 թուականի մարմնամարզի առաջնութիւնը։ Փակ առաջնութիւն մըն էր այս մէկը, որ կազմակերպուեցաւ Թուրքիոյ Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ։
Արցախի պաշարումը կը շարունակուի մարդասիրական ծանր հետեւանքներով՝ մինչ կը խորանան նաեւ մտահոգութիւնները:
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շաբաթավերջի արիւնալի դէպքերուն ժամանակ առաջին կրակը բացուած է Ատրպէյճանի կողմէ: Լուիս Պոնօ եւ Թոյվօ Քլաար շփումներ կ՚ունենան տարածաշրջանէն ներս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 16-րդ օրն է:
Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին 11-րդ գլուխին մէջ կը խօսի հաւատքի մասին՝ թուարկելով հաւատքի անցեալ ախոյեանները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Անառակի կիրակիի Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։
Ցաւով վերահասու եղանք, թէ Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի բազմամեայ խմբավար Գէորգ Չաղլըչուպուքճու ունեցած է ուղեղային խռնում մը։ Ան անմիջապէս դարմանման տակ առնուած է հիւանդանոցի մէջ։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի ներկայացուցիչները երէկ խմբագրատունս այցելեցին՝ շաբաթավերջին նախատեսուած քուէարկութեան ընդառաջ։ Այս խմբաւորումը համայնքին կը ներկայանայ «Սիրոյ միութիւն» անուանումով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ Առաքելական Եկեղեցու 130-րդ Կաթողիկոս, հայագէտ, Հայաստանի Ազգային հերոս Վազգէն Ա.-ի 115-ամեակը կը լրանայ այս տարի: Ան ծնած է 1908 թուականին՝ Ռումանիա եւ իր հոգեւոր ծառայութեան սկսած այդ երկրին մէջ, իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուած 1955 թուականին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Արեւելքը անյայտ էր մեզի համար, գրեթէ չկար, այն առաւելապէս երեւի ինքզինք կը ցցնէր հնութիւններով, որոնք շատ անգամներ կը մարմնացուէր՝ հին Հալէպի հնավայրերուն ընդմէջէն կամ այն գիրքերուն միջոցաւ, որոնք մեզի կը սորվեցնէին շատ մը պատմութիւններ, ուր կար արաբականը, իսլամականը եւ հայկականն ալ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ պիտի ըլլայ անիրաւութեամբ հարստութիւն հաւաքողին եւ իր ճակտի քրտինքով ապրողին:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Անիրաւութեամբ հաւաքուած հարստութիւնը պիտի պակսի, բայց իր աշխատութիւնով հաւաքողը պիտի շատցնէ» (Առ 13.11):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին աշխարհի միակ եւ անբաժանելի սկիզբն են, նոյնիսկ եթէ արարչագործութիւնը յատկապէս Հօր Աստուծոյ վերագրուած է։
Արդարեւ, աշխարհ ստեղծուեցաւ Աստուծոյ փառքին համար։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդոց մտայնութեան մէջ յաճախ մասերու բաժնուած են պետութիւնները՝ զարգացած կամ յետամնաց, կրթուած ու անկիրթ խորագրեալ բաժանումներով, սակայն ժամանակը կը փաստէ, որ մարդոց մտայնութիւնը՝ որու հետեւանքով նաեւ ազգերունը, ժամանակի ընթացքին կրնան փոփոխութիւններ կրել եւ պետութեան մը աստղը, որ այսօր կը փայլի, կրնայ նոյն փայլքը չունենալ մի քանի տասնամեակներ ետք: