Արխիւ
Լաչինի միջանցքին փակուիլը կը խարխլէ 2020-ի համաձայնութիւններն ու Ռուսաստանի հեղինակութիւնը:
«Փորձեր կան՝ այս ամիս Պրիւքսելի մէջ բանակցութիւնները վերականգնելու համար, բայց առայժմ իրավիճակը շատ լուրջ է»:
Քաղաքիս յոյն համայնքին տեսակէտէ ներկայ տարեմուտին կարեւոր իրադարձութիւն մը եղաւ Ղալաթիոյ երբեմնի յունաց նախակրթարանի պատմական շէնքի վերաբացման հանդիսութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի հանդիպակաց կը գտնուի յունաց երբեմնի նախակրթարանը, որու շէնքը իսկապէս փառաւոր է՝ ճարտարապետական կոթողի մը նման։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունելի քայլ համարեց Թուրքիոյ յայտարարութիւնը՝ օդային բեռնափոխադրումներու արգելքը դադրեցնելու մասին։
Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ տուաւ ծաւալուն մամլոյ ասուլիս մը։
Մարդը պատուհաններ կը բանայ կեանքին՝ աշխարհի վրայ։ Թէեւ ինքն իսկ է կեանքի առարկան, բայց ան միշտ կը նախնտրէ դիտարկել աշխարհն ու կեանքը այդ պատուհաններէն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ գործակից ընկերները։ Ատենապետ Էօզֆուրունճու թէեւ համայնքային կեանքէն ներս փորձառու դէմք մըն է, սակայն, այժմ կը գլխաւորէ թաղային խորհուրդի նորընտիր կազմը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կը թուի, թէ փոխուեցայ:
Ատեն-ատեն փալփլուն լոյսեր կը նշմարեմ, սակայն թեթեւ քամի մը լոյսերէն ոմանք կը մարէ: Կը մնայ քանի մը հատ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ո՞ւր կ՚առաջնորդեն մարդուն արդարութիւնն ու չարութիւնը:
Պատասխան. «Ինչպէս որ արդարութիւնը կեանքի կ՚առաջնորդէ, նոյնպէս չարութեան հետեւողը իր մահուան կ՚երթայ» (Առ 11.19):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Խստապաշտութիւն» (=Puritanism) կը նշանակէ՝ կարգ մը մարդկային արարքներու, նոյնիսկ անոնք եթէ բացայայտ կերպով ազդեցութիւն մը չունենան մարդոց վրայ, ըստ էութեան մեղք չհամարուելով հանդերձ, «մեղք» նկատուելով՝ անոնց որեւէ ճամբով արգելք ըլլալու պահանջքը զգացող, եւ այդ համոզումով արգելքներու դիմող վարդապետութիւն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք Գերպ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետին հարցում-պատասխանով տուած բացատրութիւնները սուրբերու բարեխօսութեան մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Փորձանք»՝ կը նշանակէ աղէտ, պատուհաս, վտանգ. իսկ «փորձութիւն»՝ մեղքի տանող առիթ, գրգիռ։
Արդարեւ, պէտք է զատորոշել «փորձանք»ը եւ «փորձութիւն»ը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ներկայ ընկերութեան մէջ գրեթէ ամէ՛ն բան արագօրէն փոփոխութիւն կը կրէ. ժամանակի փոփոխութեան առընթեր կը յեղաշրջուի ամէ՛ն բան՝ նոյնիսկ քարացած նախապաշարումներն ու սնոտիապաշտական համոզումները, սակայն միա՛կ բանը, որ կը մնայ անփոփոխ՝ մեր կրթական համակարգն է, որ արտաքնապէս թէեւ արդիական, էութեամբ Տէր Թոդիկեան շունչ մը կը շարունակէ իր մէջ պահել:
Հայաստանի կառավարութեան կառուցուածքին մէջ այս շրջանին տեղի կ՚ունենայ վերաձեւաւորում մը։ Այսպէս, կը վերահաստատուի Ներքին գործոց նախարարութիւնը։ Երկար ժամանակէ ի վեր այսպիսի նախարարութիւն մը գոյութիւն չունէր եւ երկրէն ներս կար միայն Ոստիկանութիւն։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես վերահաստատեց իր կոչը, որպէսզի ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը ապահովուի Լաչինի միջանցքով։ Մինչ Արցախի շրջափակումը արդէն կը թեւակոխէ առաջին ամիսը՝ Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք «Արմէնփրէս» գործակալութեան ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Հոգելոյս Նիքոլաս Մանկինասի յիշատակին կազմակերպուած լուսանկարչական երկրորդ մրցոյթը:
Այս տարուան ծրագիրը խարսխուած էր բնապահպանական զգայնութիւններու վրայ. դափնեկիրը՝ Հնդկաստանէն Փրանապ Պասաք:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք շնորհաւորական այցելութիւններու փութացին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առանձին ենք օրէն ի վեր եւ առանձին ալ կառուցած ենք մեր «կայսրութիւն»ը։ Ի՜նչ խօսք, մեզի համար այս փոքրիկ Հայաստանն ալ կայսրութեան ներուժ ունի:
Մենք մահէն դուրս ելած ժողովուրդ ենք, արարող ենք, սիրող ենք եւ ստեղծագործ։ Միայն թէ իմանանք, որ ի՞նչ ուղեծիրի վրայ ենք եւ ատկէ ետք ամէն բան իր հունին մէջ կը մտնէ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, նշանաւոր հայագէտ, արուեստաբան, Գերմանիոյ Լայպցիկ քաղաքի համալսարանի իմաստասիրութեան տոքթոր Գարեգին Ա. Յովսէփեան 1912 թուականին, երբ տակաւին հնագէտ, ուսումնասիրող էր, կ՚այցելէ Պոլիս, ուր կու տայ դասախօսութիւններ, նաեւ առիթ կ՚ունենայ ուսումնասիրելու հին ձեռագիրներ, որոնք կը պահուէին Պոլսոյ մատենադարաններուն մէջ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Անցեալ գրութեամբ ներկայացուցինք խաղաղ բնակչութիւն հասկացողութիւնը, ինչ որ համարեցինք քաղաքացիական հասարակութեան նախատիպը կամ առաջնային խմորումը:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան վերջին ամիսներուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ պատարագեց Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ։
Սուրբ Ծննդեան տօնին հոգեւոր հրճուանքէն բաժին հասաւ նաեւ գաւառի մեր եկեղեցիներուն համար։ Այսպէս, Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս, Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եւ Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան Ս. Պատարագներ։