Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Այս շրջանին Ուքրայնայէ ներս օրակարգի վրայ է Ուղղափառ եկեղեցւոյ գործունէութեան կասեցումը։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը չեղարկեց «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան գործարքը։ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Աբեղայ Գոգճեան երէկ ընկերային ցանցերու միջոցաւ այս կապակցութեամբ պաշտօնական ամփոփ տեղեկութիւն մը հրապարակեց։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ուրախութեան եւ գոհունակութեան առիթ մը եւս շնորհուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ղեկավար անձնակազմին, աշխատակազմին եւ ընթերցողներուն, ականատեսն ու մասնակիցը դառնալու թերթիս 116-րդ տարեդարձին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ բացուած հերթական ցուցահանդէսը լայն արձագանգներ ու մեծ հետաքրքրութիւն ունեցաւ. «Զարթօնքի վկաները» խորագրեալ ցուցահանդէսը պոլսահայ լուսանկարիչ Ապտուլլահեան եղբայրներու լուսանկարներու՝ Հայաստանի մէջ առաջին յետահայեաց ցուցադրութիւնն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային հոգեբանութիւնը շատ հետաքրքրական եւ նոյնքան տարօրինակ է։ Իրականին՝ մարդը ինք անհասկնալի է։ Ամէն մարդ յարգ եւ պատիւ կ՚ուզէ վայելել, բայց նկատի չ՚առներ, թէ արժանի՞ է, թէ ո՛չ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէն մարդ իր տարբեր ժամանակաշրջաններուն որպէս օրինակ ու տիպար կ՚ընդունի անհատ մը՝ որուն ազդեցութեան տակ կը փորձէ իր կեանքին ընթացք տալ:
Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառի շրջանակներէն ներս «Արաս» հրատարակչութեան տաղաւարը գրասէրներու ժամադրավայրը կը շարունակէ հանդիսանալ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը։ Դպրոցի բոլոր դասարաններէն աշակերտներ մասնակցութիւն բերին օրուան յայտագրին՝ իրենց ելոյթներով բոլորին կողմէ խլեցին ծափահարութիւններ։
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ երախտագիտական տուրք մատուցել՝ իր հետ նոյնացած նուիրեալներու յիշատակին նկատմամբ։
Հայաստանի դիմագրաւած գոյութենական մարտահրաւէրները արդէն միջազգային վերլուծութիւններու նիւթ կը դառնան։ Մէկ կողմէ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրին վերաբերեալ լաւատես լուրեր կը հաղորդուին, իսկ միւս կողմէ միջազգային լուրջ մեկնաբաններ կ՚արժեւորեն Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի նոր լայնածաւալ յարձակումի մը վարկածը՝ այս անգամ, անշուշտ, ուղղակի երկրի ինքնիշխան տարածքներուն վրայ։
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք կը պատրաստուի այցելել Հարաւային Կովկաս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան վաղը շփումներու պիտի ձեռնարկէ Երեւանի մէջ, ուրկէ պիտի անցնի Պաքու։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Էնթընի Պլինքըն այս կիրակի պիտի այցելէ Անգարա։ Ան Իսրայէլ-Պաղեստին ողբերգութեան մթնոլորտին մէջ շաբաթներէ ի վեր իրերայաջորդ կ՚այցելէ զանազան մայրաքաղաքներ։
Արտաքին գործոց նախարարին շփումներէն վերջ կ՚ակնկալուի նաեւ նախագահին պաշտօնական այցելութիւնը:
Իսրայէլին ուղղեալ յորդորներ. Թուրքիա եւ Իրան հետամուտ՝ Կազզէի մէջ ժամ առաջ հրադադարի հաստատման:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ խմբերգային արուեստը (1920-2020)» մենագրութեան շնորհանդէսը։ Որպէս Հայկազեան համալսարանի հրատարակութիւն լոյս տեսած է այս գիրքը, որու հեղինակն է Ռուպինա Արթինեան։
Կալաթասարայի վոլէյպոլի կանանց կազմին կողմէ քաղաքավարական այցելութիւն:
Կիւլմէզկիլ ջերմ հանդիպման ընթացքին մարզաշապիկ մը նուիրեց Թուրքիոյ աւագ հիւպատոսին:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան այսօր Անգարայի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենայ՝ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հրաւէրին ընդառաջ։ Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Իրան վերջին շրջանին Պաղեստինի հրատապ իրադարձութիւններուն կը հետեւին անմիջական ուշադրութեամբ։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Բարակացաւի տարածումը եւ անոր զոհերուն թիւը: Անոր արտայայտութիւնները: Ասիկա վարակիչ եւ ժառանգաբար փոխանցուող հիւանդութիւն մըն է: Վարակումը ամուսնութեան մէջ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
-Այսօր, երեկոյեան «Պարոնեան» թատրոն պիտի երթանք... պարզ յիշեցում...
Յանկարծ կը յիշեմ: Դարերու պատմութիւն ունի հայկական թատրոնը։ Դեռեւս երկու հազարէն աւելի տարիներ առաջ Մեծն Տիգրանը եւ Արտաւազդ թագաւորը հասկցած էին, որ թատրոնի ճամբով կարելի էր նաեւ ժողովուրդ դաստիարակել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եօթը մեղքեր կ՚անուանուին «մահացու մեղքեր»։ Եւ սակայն այս չի՛ նշանակեր, որ այս մեղքերէն զատ միւս մեղքեր եւ յանցանքներ «մահացու» չեն եւ կամ այս եօթը «մահացու» մեղքերուն համար թողութիւն եւ քաւութիւն չկայ։