Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հաւանաբար մեզմէ իւրաքանչիւրին համար սեւամորթ մարդոց տարբեր ըլլալը կը թուին. քիչ մը տարօրինակ ու արտասովոր. հաւանաբար մենք ալ իրենց համար տարբեր ու արտասովոր ըլլալ կը թուինք՝ հակառակ այն ճշմարտութեան որ մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնը պարզապէս արտաքին է եւ ո՛չ ներքին:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Պոլիսէ այնքան հեռու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, երբ պահ մը կը թղթատէի պոլսահայ կեանքի մասին որոշ իրադարձութիւններ, առաջին հերթին տեսայ համայնքային շրջանակներու ծանօթ նուիրեալ սպասաւորներէն օր. Նուարդ Յակոբեանի մահուան լուրը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կիպրահայ տքթ. Անդրանիկ Աշճեանի հետ ունեցանք շահեկան հարցազրոյց մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ չորս Աւետարանիչներուն՝ Սուրբ Մատթէոսի, Սուրբ Մարկոսի, Սուրբ Ղուկասի եւ Սուրբ Յովհաննէսի տօնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային հոգեբանութիւնը տարօրինակ է։ Ամէն մարդ յարգը եւ պատիւը իրեն յարմար կը կարծէ, մանաւանդ երբ առաւելութիւն մը ունի ուրիշներուն նկատմամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ո՞վ ստեղծեց այն սուտը որ, «տղամարդը չի լար». ո՞վ է հեղինակը այս թիւր զրոյցին եւ ինչո՞ւ չի լալ: Ինչո՞ւ վախնալ լալէն՝ երբ Տէրը Յիսուս Քրիստոս ի՛նք եւս լացաւ:
Փաշինեան. «Ատրպէյճան մտադիր է Հայաստանի նոր տարածքներ գրաւել, ինչ որ պէտք է կանխել»:
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Միրզոյեան, Լաւրով եւ Պայրամով երէկ հանդիպում մը ունեցան Աստանայի մէջ: Քրեմլին եռակողմանի նոր գագաթաժողով մը կազմակերպելու հետամուտ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տպաւորութիւններ եւ դիտարկումներ՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած 92-րդ ընդհանուր ժողովի աշխատանքի լոյսին տակ - 3
44-օրեայ պատերազմի հետեւանքները եւ հայ իրականութենէն ներս յառաջացծ տագնապը կու գան ապացուցանել, թէ պետական կայունութիւնը անուրանալի գործօն մըն է նաեւ սփիւռքի հայապահպանման:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու երկիրներու ղեկավարները կը գտնուէին Աստանայի մէջ, ուր մասնակցեցան Ասիոյ համագործակցութեան եւ փոխադարձ վստահութեան ուղղեալ նախազգուշական միջոցներու խորհրդաժողովին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տպաւորութիւններ եւ դիտարկումներ՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած 92-րդ ընդհանուր ժողովի աշխատանքի լոյսին տակ - 2
Հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ կառոյցի աշխարհատարած ցանցը կ՚առաջնորդուի մեծ պատկերին վրայ կեդրոնանալու ռազմավարութեամբ՝ մօտաւորէն մինչեւ հեռահար ապագայի համար:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի նախագահութեամբ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ նախընթաց օր երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որ ձօնուած էր Վատիկանի Բ. ժողովի բացման 60-ամեայ յոբելեանին։
ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս ոգեկոչուեցան արքունի ճարտարապետներ Պալեան երախտաշատ գերդաստանի անդամները։ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ոգեկոչումը՝ Պալեաններու յուշարձան-դամբարանին առջեւ։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Սահակեան-Նունեան վարժարանի նախակրթութեան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Պելինտա Մխճըօղլուի ողջոյնի խօսքով սկսաւ հանդէսը, որու ծրագիրը գործադրուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Անտառին մէջ ձայնս չեմ լսեր,
Նոյնիսկ եթէ անտառը հրէշին սովէն դատարկուի...
Եւ յաղթուած կամ յաղթական զօրքը վերադառնայ,
Տարբերութիւն չունի ուր,
Անյայտ մահացածներուն աճիւններուն վրայ
Կամ զօրանոցներուն մէջ
Եւ կամ՝ գահ բարձրանայ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Սէրը... սէրը՝ կեանքը միշտ լուսաւոր կողմով տեսնելն է: Արդեօք սէրը այս տիեզերքի ամենաթանկագին ու սուրբ զգացումներէն գլխաւորը չէ՞:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Jeremy Bentham, մօտաւորապէս երկու դար առաջ ապրած իմաստասէր մը՝ ընդհանրապէս ճանչցուած է իբրեւ «չար մարդ» մը։ Բայց ի՞նչ է «չար մարդ»ու եւ «բարի մարդ» ըլլալու ստուգանիշը։ Մարդիկ ընդհանրապէս փոխանակ իրապէս «բարի» ըլլալու, «բարի երեւել»ու կ՚աշխատին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Օրական դրութեամբ կը հանդիպինք բազմատասնեակ մարդոց՝ որոնց ով ըլլալը չենք գիտեր եւ կը փորձենք անոնց դէմքէն հետեւութիւններ ընել անոնց ինչպիսի մէկը ըլլալու կապակցութեամբ. յաճախ ոմանց վտանգաւոր կը նկատենք, իսկ ուրիշներ՝ բարի եւ այդ հետեւութեան հիման վրայ է որ կը շարունակենք մեր ճամբան՝ ամբողջովին համոզուած:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Չորս տարի ապրելով Պոլիս, ամէն անգամ իմ հայեացքը կը սեւեռուէր Շիշլիի հայաշատ Քուրթուլուշ պողոտայի քանի մը շէնքերու պատերուն հայատառ գրուած հետեւեալ արտայայտութեան. «Ո՞ւր էիր Աստուած»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը յառաջիկայ օրերուն կը հասնի Հայաստան եւ Վրաստան։ Ֆաթիմա Տիրամայրը միշտ հոն է, ուր ժողովուրդները խռովայոյզ օրեր կ՚ապրին:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խոլերան վարակիչ մեծ զօրութիւն ունի: Այս պատճառով ալ ան այդպէս արագ կ՚անցնի գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք, եւ կարճ ժամանակուան ընթացքին սարսափելի համաճարակ կը դառնայ, այսինքն՝ կը հեղհեղէ համակ երկիրներ ու պետութիւններ: