Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի հաստատման 100-ամեայ յոբելեանը երէկ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Լոնտոնի մէջ։ Այս առթիւ, Լոնտոնի Ս. Սոֆի յոյն ուղղափառ մայր տաճարին մէջ գոհաբանական Ս. Պատարագ մատոյց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Կը տեղեկանանք, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով պիտի մեկնի Հայաստան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Յայտնի պատմաբան փրոֆ. Էտհեմ Էլտեմ վերջին օրերուն Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Լեժիոն տ՚Օնէօր» շքանշանով։ Ֆրանսական պալատին մէջ այս առթիւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Էտհեմ Էլտեմի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ Էլիզէի պալատէն ներս ան հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Առաջին տիկին Պրիժիտ Մաքրոնի կողմէ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, նաեւ Կապանի մէջ մասնակցեցաւ Իրանի հիւպատոսարանի բացման պաշտօնական արարողութեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան զուգահեռ արդէն թէ՛ Եւրոպական միութեան եւ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի կողմէ դիտորդական առաքելութիւններու տեղակայման պարագաները օրակարգի վրայ եկած են եւ գործնական քայլեր կ՚առնուին։ Վերջին օրերուն ԵԱՀԿ-ի կողմէ կարիքներու գնահատման նպատակով առաքելութիւն մը ուղարկուեցաւ Երեւան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

«Kardeş Türküler» ժողովրդական խումբը շաբաթավերջին խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հարպիյէի մէջ:
Ունկնդիրները հայկական նշանաւոր «Հանանէ»ն լսեցին՝ հետեւելով Մարալ Ճերանօղլուին եւ Միհրան Թովմասեանին:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրնան մինչեւ ամսավերջ հանդիպում մը ունենալ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ։ Ըստ ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներու, այս եռակողմանի նոր գագաթաժողովի պատրաստութիւնները սկսած էին Աստանայի մէջ, հոկտեմբերի 14-ին տեղի ունեցած ԱՊՀ-ի գագաթաժողովին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Երէկ, Ոսկի աշնան աւանդական խրախճանքը տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պարտէզին մէջ։ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանի կողմէ գլխաւորուած միջմիութենական յանձնախումբը կազմակերպած էր այս տարուան խրախճանքը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Ֆէրիգիւղի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Պերճ Աբգարեանի հետ, որ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսն է, ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցինք հայաշխարհի օրակարգի արդի հարցերը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մոնկոլները գրաւած էին ամբողջ Ասիան, եւ հասած Հայաստան։ Հայ պատմիչները վախով նկարագրած են այս «նետողներու ցեղ»ը եւ անոր կենցաղը, կ՚ըսեն, թէ ինչպէս անոնք օրերով չէին իջներ իրենց արագավազ ձիերէն. վրանի տակ կ՚ապրէին, կը սնանէին կաթով եւ ձիու միսով…։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառի եւ «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի համատեղ ջանքերով Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ բացուած է «Դարէն երկար» խորագրով ցուցահանդէսը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Միտքերու եւ յոյզերու աշխարհին մէջ սէր զգալն ու զայն իւրացնելը կը թուի որպէս կեանքի գլխաւոր նպատակը։ Արդարեւ, սիրելը մարդկային ուժը մարմնաւորող գործողութիւն մըն է, որ կարելի է զգալ միայն ազատութեան պարագային, առանց հարկադրանքի:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ժամանակը ինչքան յառաջդիմէ, այնքան կը նահանջեն արժէքները եւ ժամանակ մը ետք կը նկատենք, թէ այդ անարժէք կարծուածները մեր շրջապատին մէջ սկսած են ընդունուիլ իբր արժէք, իսկ արժէքաւորները՝ անարժէք:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2022

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնն ու Հայ մշակոյթի շաբաթը նշուեցան աւանդական խանդավառութեամբ։ Մշակուած ծրագրին դպրոցի բոլոր դասարաններու սաները մասնակցութիւն բերին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան դէպի գաւառ իր ուղեւորութեան հերթական փուլին երէկ շփումներ ունեցաւ Սեբաստիոյ մէջ։ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի ընկերակցութեամբ ան քաղաքավարական այցելութիւններ տուաւ Սեբաստիոյ կուսակալ Եըլմազ Շիմշէքին եւ քաղաքապետ Հիլմի Պիլկինին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2022

Երեւանի մէջ եզրափակուեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու հաւաքը։ Երէկ, Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդը իրականացուց ընդլայնուած կազմով նիստը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2022

Իրան Հայաստանի եւ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը կը համարէ սեփական անվտանգութեան համարժէք:
Նախարար Արարատ Միրզոյեան. «Սա երկու բարեկամ եւ հարեւան երկիրներու ջերմ յարաբերութիւններու ցուցիչն է»:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2022

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Beyoğlu Kültür Yolu» փառատօնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան արժանանալ։ Երէկ, Թիւնէլի մէջ, այս ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Բ. երիտասարդ արժէքներու համերգը։

Էջեր