Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երբ կը գրեմ այս տողերը, 2023 թուականի յունիսի 20-ն է՝ մարդկութեան մեծ մասին համար 21-րդ քաղաքակիրթ դարու պայծառ օրերէն մին, իսկ մարդկութեան մաս կազմող Արցախին համար՝ մղձաւանջի, տանջանքի եւ դէպի անդունդ քայլելու յաջորդական մէկ օրը:

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Օրերս համացանցի վրայ աչքիս զարկաւ պատմուածք մը, որ ուզեցի մեր սիրելի ու յարգելի ընթերցողներուն հետ բաժնեկցիլ ու ապա այդ պատմուածքին լոյսին տակ քիչ մը մտմտալ բովանդակութեան մասին՝ մեր այսօրուան իրականութեան լոյսին տակ:

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հաւատքը ճշմարտութեան կ՚առաջնորդէ մարդը։ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ով որ Անոր հաւատայ, չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ, ան որ կը հաւատայ Անոր, չդատապարտուի, եւ ան որ չհաւատայ՝ անիկա արդէն դատապարտուած է, վասնզի Աստուած Միածին Որդւոյն անուանը չհաւատաց». (ՅՈՎՀ. Գ 16)։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դարերու ընթացքին մարդ արարածը անհաշուելի կարծիքներ յայտնած է կեանքի ինչութեան մասին եւ կը շարունակէ յայտնել, որովհետեւ կեանքը որպէս առեղծուած երբեւէ կարելի չէ եղած ամբողջութեամբ բացատրել ու հասկնալ եւ գուցէ երբեք ալ կարելի պիտի չըլլայ:

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, այսօր երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ նախատեսուած է կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Այս առթիւ օրակարգի վրայ կու գան պոլսահայ վարժարաններու վերաբերեալ առկայ խնդիրները։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023

Արցախը կը շարունակէ ամբողջովին շրջափակուած մնալ։ Աշխարհէն պաշարուած իրավիճակի մէջ Արցախի հայութիւնը կը դիմագրաւէ աննկարագրելի ողբերգութիւն մը, որ յղի է ծանրածանր հետեւանքներու։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023

Կը տեղեկանանք, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան կոչուած է կարեւոր նոր պաշտօնի մը։ Այսպէս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութեամբ՝ հայր սուրբը ընդգրկուած է Երեւանի Մատենադարանի հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023

Թուրքիա-ԱՄՆ շփումներուն ընթացքին հետեւողականօրէն օրակարգի վրայ կը պահուին Հայաստանի վերաբերեալ հարցերը:
Հաքան Ֆիտան եւ Էնթընի Պլինքըն քննարկումներ ծաւալեցին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքի առաջնահերթութիւններուն կապակցութեամբ:

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի (UNICEF) Հայաստանի գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստինէ Վայկանտը։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023

Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ լիսէի ընթացաւարտներու հրաժեշտի հանդէսը։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որու կողքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, ինչպէս նաեւ Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծայրագոյն Վարդապետ Ֆրատեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023

Սամաթիոյ ընտանիքը նախընթաց օր մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ Սահակեան-Նունեան լիսէի շրջանաւարտութեան օրուան հանդէսին առթիւ։ 54-րդ շրջանի վկայեալները այս առթիւ ջերմօրէն շրջապատուեցան Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչներուն եւ իրենց դասընկերներուն կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023

Երեւանի Մատենադարանին մէջ կը սկսի ձեռնարկներու շարք մը, որ ձօնուած է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին։ Ինչպէս ծանօթ է, այս տարելիցը ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու օրացոյց»ին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ երկրին դէմ Ատրպէյճանի գործողութիւնները հրամայական կը դարձնեն հասցէական արձագանգը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետը:
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Մեսրուր Պարզանի կանգ առին տարածաշրջանին ուղղեալ ահաբեկչական սպառնալիքներուն վրայ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն ներս ձեռնադրութիւն՝ Տ. Սեւան Արքեպսկ. Ղարիպեանի կողմէ:
Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան երկու նոր սարկաւագները կատարեցին իրենց ծառայութեան ուխտը Մայր տաճարին մէջ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023

ԵՊՀ-ի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի այս տարուան շրջանաւարտները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը մանրամասնօրէն պատասխանեց երիտասարդներու բազմաբնոյթ հարցումներուն:

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հետաքրքրական է, թէ մարդ ինչպէ՞ս կրնայ ապրիլ առանց հաւատքի։ Զոր օրինակ, անհաւատները ինչպէ՞ս կ՚ապրին առանց Աստուծոյ։ Անոնք կը մերժեն Տիրոջ գոյութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չեմ գիտեր ուրկէ՞ սկսիմ:
Օր մը, մեր տան ետեւի բաժինը, որ քանի մը պտղատու ծառերով շրջապատուած եւ անուանած՝ «մեր մեծ պարտէզը», այր եւ կին վերջապէս որոշեցինք անկէ որոշ բաժին մըն ալ յատկացնել բանջարանոցի մը համար:

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ամուսնութեան օգտաւէտութիւնը առողջապահական տեսակէտէ: Պատճառները: Ազապներու հիւանդութիւնները: Ժուժկալութեան վատ հետեւանքները կնոջ վրայ: Ամուրիներու ջղային դրութիւնը: Հիստերիա եւ խելագարութիւն: Ընտանեկան կեանքի բարոյական կողմը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին, որ իր լայնածիր եւ օրհնաձիր հովանին կը տարածէր, Էյուպէն՝ Խասգիւղ եւ երկճղի Ոսկեղջիւրի զոյգ ափերը քերելով, եւ մերթ աւելի բարձրերը, Էտիրնէգաբուի հայաբնակ բարձունքէն, «Քէֆէլի Մահլէսի»էն մինչեւ Թոփգաբու, եւ մինչ Սամաթիոյ Ս. Գէորգի, եւ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորչի սահմանները կը հասնէր, շրջակայ հայաբնակ թաղերու բնակչութեան աճումով, հետզհետէ կառուցուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոսը (1630), Գասըմփաշայի Ս. Յակոբը (1810), Էյուպի Ս. Եղիան (1822) եւ Ս. Աստուածածինը (1855 Պալաթցի Յակոբոս Պատրիարքի օրով), Խասգիւղի Ս. Ստեփաննոսը (1831) եւ Գարակէօմրիկի Ս. Յովհան Ոսկեբերան փայտակերտ եկեղեցին (1827). սոյն երկու վերջինները՝ Պալաթցի Կարապետ Պատրիարքի օրով (Կարապետ Գ. Պալատեցի. 1823-1831), «բազմաշխատ վաստակօք», Պալաթի Աւագ Տէր Պաղտասար Քահանայ Հօր, եւ Ամիրայ Շամտանճեանի՝ եկեղեցասէր եւ միանգամայն դպրոցասէր բարերարի, որ կը հանգչի Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան մէջ. (1807-1888), նոյն կողմի հայերուն խնամատարը։

Էջեր