Արխիւ
Խասգիւղի հրէից գերեզմանատան դէմ երէկ մտահոգիչ յարձակում մը գործուեցաւ։ Դէպքին հետեւանքով պատմական գերեզմանատունէն ներս 81 շիրիմ կոտրուեցաւ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Թիֆլիզի մէջ հանդիպում մը կ՚ունենայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի մը մշակումը օրակարգը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումով ու սահմանագծումով, նաեւ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումով հանդերձ։
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Հայաստանի գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան վերջին օրերուն Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ սկիզբ տրուած «Դիմադրութիւն» շարժման առաջնորդներէն է Իշխան Սաղաթէլեան, որ վերջերս Եւրոխորհրդարանէ ներս մասնակցած էր ժողովներու։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով երէկ երկրի զինեալ ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ նշանակուեցաւ զօրավար Էտուարտ Ասրեան։ Նշանակումը կատարուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկի հիման վրայ, հինգ տարուան ժամկէտով։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը անփոփոխ ձեւով կ՚աջակցի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Ան յիշեցուց, որ համապատասխան բանակցութիւնները անցեալ յունուարի 24-ին սկսած էին Մոսկուայի մէջ, ռուսական կողմի միջնորդութեամբ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը օրհնութիւնը տուաւ Աթոռի երիտասարդ միաբանին, որ արտասահմանի մէջ կը կատարելագործէ իր բարձրագոյն ուսումը:
Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան հեղինակաւոր գիտնականներու հետ ծաւալուն աշխատանք կը տանի Լիւվէնի համալսարանէն ներս՝ Վատիկանի կողմէ տրամադրուած կրթաթոշակով:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր ելոյթով մը հանդէս կու գայ Սարաչհանէի հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի ընթացքին:
Վեց տարի առաջ ցուցաբերուած աննախընթաց ու հերոսական դիմադրութեան շնորհիւ ժողովրդավարութիւնը կենսունակ կը մնայ Թուրքիոյ մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատկերացուցէք, որ լոյս աշխարհ եկած էք որպէս իգական սեռի ներկայացուցիչ եւ հին «աւանդական» օրէնքին համաձայն ձեր ծնողքը 13 տարեկան հասակին ձեզ տարած է շուկայ... ո՛չ թէ միրգ կամ բանջարեղէն գնելու, այլ ձեզ ծախու դնելու, որպէսզի աշխարհի օրէնքին համաձայն բարձրագոյն գումար վճարողը դառնայ ձեր ապագայ «սպասուած» ամուսինը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն երեկոյ, պարտաճանաչ աշակերտի մը նման, պարոն Հայկ մասնաւոր ժամ կը յատկացնէր իր անձին ու իր սենեակէն ներս առանձնանալով, սեղանին դիմաց գտնուող աթոռին վրայ կը հանգչէր, ապա քանի մը վայրկեան ետք կը սկսէր տետրակի մը մէջ արձանգրել օրուան իր մտածումներն ու տպաւորիչ յուշերը:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կու գայ եւ կ՚երթայ:
Կու գայ, երբ ստուերներէն բաժնուիմ
Եւ մոռնամ ժամադրութիւնս իրենց հետ:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ տեսակցեցաւ Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Եւրոմիութեան Երեւանի առաքելութեան ղեկավարը՝ դեսպան Անտրէա Վիքթորին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ուղղափառ եկեղեցիներու միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քոնստանդին Թրայանտաֆիլուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Կարէն Նազարեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին շնորհաւորական մը ուղղարկեց՝ 15 յուլիսի Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրուան առթիւ։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ նշած է, որ գիտակից կեցուածք որդեգրած հայրենակիցներ վեց տարի առաջ այսօր պաշտպանած են պետութեան գոյատեւումը եւ Ազգային մեծ ժողովի գերիշխանութիւնը, ինչ որ ժողովրդավարութեան առհաւատչեան է։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1903)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ուղեղը մեր խելքին ու շարժողութեան կեդրոնն է: Անոր ամէն մէկ տկարութիւնը մեր բանականութեան եւ շարժումներուն վրայ կ՚ազդէ:
Գնալը կղզիի մէջ այս ամառ կեանքի կը կոչուի «Մենք երգենք եւ պարենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու շարք մը, որու առաջինը երէկ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզէն ներս։ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի ջանքերով մշակուած ծրագիր մըն է այս մէկը, որու երաժշտական պատասխանատուն է Արի Հերկել։
Վեհափառ Հայրապետի հովանաւորութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շքեղ հանդիսութիւն:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի հիմնադրութեան 620-ամեակի պատմական ու փայլուն յոբելեանը:
Մինչ այս օրերուն Երեւանի մէջ կ՚ընթանայ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, այս մթնոլորտին մէջ հայկական շարժանկարի ներկայ վիճակն ալ խոշորացոյցի տակ առնուած է։
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի պայմաններով հացահատիկի փոխադրութեան նպատակով ջանքեր:
Իսթանպուլի քառակողմ բանակցութիւններուն ժամանակ հիմնական նիւթերու շուրջ փոխըմբռնում ապահովուեցաւ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն միշտ կը հասնին լարուածութեան լուրեր։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերջին օրերուն վերստին տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակ բացած են սահմանի արեւմտեան հատուածէն ներս տեղակայուած մարտական դիրքերուն վրայ։
Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, որ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։