Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մանկամկրտութիւն կամ մանուկներու մկրտութիւն: Խնդիր մը, որ շատերու համար հասկնալի է, ուրիշներու համար ո՛չ, ոմանց համար ընդունելի է, ոմանց համար ո՛չ, ոմանք իրաւունքներու ոտնահարում կը տեսնեն այդ արարքրին մէջ, մինչ ուրիշներ՝ կենսական շնորհք մը, պարգեւ մը որպէս կ՚ընկալեն:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մարդկութիւնը կը հաւատայ զօրեղ ուժի մը գոյութեան: Նոյնիսկ անհաւատներ բանի մը կը հաւատան: Քրիստոնեաները կը հաւատան Քրիստոսին: Հայ մարդը կը հաւատայ Աստուծոյ գոյութեան, Սուրբ Երրորդութեան:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հինգշաբթի, 25 նոյեմբեր 2021-ին, թերթիս մէջ լոյս տեսաւ բժշկապետ Վահան Արծրունիի «Մի՛ Խմեր» գրքոյկէն հատուած մը: Օրին, մեր առաջնորդող խօսքին մէջ անդրադառնալով բժշկապետին հեղինակած մէկ տասնեակէ աւելի բժշկական գրքոյկներուն, ի միջի այլոց գրած էինք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Գարեգին Արքեպս. Խաչատուրեանի, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ 300-ամեակին առիթով գրի առած գրութիւնը՝ 1931 թուականին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մտածումներս հոսանք կ՚առնէ, երբ ամբոխին մէջ տեսնեմ մանուկ մը, ուշիմ, վառվռուն ու աղուորիկ, հազիւ ինն տարեկան: Անոր ուրախ խաղերուն, դայլայլին ու խնդութեան մէջ տրտմութիւն ու թախիծ, որովհետեւ ինք թէեւ անգիտակ, մարդկային այլասերումը զինք կ՚առաջնորդէ դէպի գահավէժ, դէպի անդունդ՝ ուրկէ թաւալագլոր պիտի անհետանան խինդ ու ծիծաղ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։
Պեշթեփէի համալիրէն ներս նոր նախարարաց խորհուրդին անդրանիկ նիստը տեւեց շուրջ չորսուկէս ժամ:
Նախագահ Էրտողան. «Ինչպէս եղած է ցայսօր, պիտի շարունակենք Թուրքիոյ համար աշխատիլ համընդգրկուն մօտեցումով՝ առանց խտրականութեան եւ արդարութենէ շեղելու։ Իւրաքանչիւր նոր սկիզբ կը նշանակէ նոր յոյս մը եւ նոր ոստում մը»:
Երէկուան մեր թիւին մէջ հաղորդած էինք, որ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան, ուր կը մասնակցի Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի ժողովին։
Կեդրոնական վարժարանի «Հայ կինը մշակութային եւ հասարակական կեանքի մէջ» նախաձեռնութիւնը կամ իգական սեռէ գործիչներու պատկառելի տողանցքը:
Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան. «Որպէսզի լաւ ըմբռնենք ներկան եւ աւելի պայծառ ապագայի մը սեւեռենք մեր հայեացքը՝ հարկ է ակնարկ մը նետել նաեւ մեր անցեալին»:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Գայանեանց կոյսերու յիշատակութեան տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ մարտիրոս սրբուհիներու մասունքը ամփոփած Աջով օրհնեց բարեպաշտ ժողովուրդը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը գլխաւորէ նոր նախարարաց խորհուրդին նիստը:
Կառավարութիւնը առաջին հերթին ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ տնտեսութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վրայ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Երէկ երեկոյեան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ ԳՀԽ-ի նստաշրջանին մասնակցելու համար մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Մխիթարեան վարժարանի պարտէզին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ներկայ տարուան սկիզբի աղէտալի երկրաշարժերէն ետք Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի նախաձեռնած օգնութեան արշաւի մասնակիցներուն վկայականներու եւ շնորհակալագրերու յանձնման հանդիսութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան շաբաթավերջին մեկնեցաւ Անթալիա՝ կիրակնօրեայ պաշտամունքի եւ տեղւոյն հայ համայնքի անդամներուն հետ համախմբուելու նպատակով։ Հայր սուրբին ընկերացան Արտէն Միւճերրեթօղլու եւ Յովհաննէս Մուրատեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան եւ քարոզեց։ Սոյն արարողութիւնը յատկանշական էր, որովհետեւ նշուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175-ամեակը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Մանկապարտէզի երկու փուլերու տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց գործադրած յայտագրերով, որոնք կ՚ընդգրկէին արտասանութիւններ, պարեր, թատերակներ եւ նուագներ։
Երբեմնի Հինդլեան վարժարանի սաները շաբաթավերջին համախմբուեցան Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս։ Խանդավառ հաւաք մըն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր Հերա Միմարօղլուի եւ Եասմին Ռոստոմեանի ջանքերով։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Երեւան։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր հայ մեծանուն երաժշտահան, մանկավարժ, 20-րդ դարու աշխարհահռչակ երաժիշտներէն Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակն է: Այս յոբելեանը կը նշանաւորուի ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ արտասահմանի մէջ կայանալիք բազմաթիւ ձեռնարկներով, իրադարձութիւններով։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հայերու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ դարաւոր պատմութիւն ունի, առաջին ցայտուն արձագանգը կը հասնի Մեծն Տիգրան թագաւորի ժամանակաշրջանէն (Ն.Ք. առաջին դար), երբ Հայաստանը կը համարուէր մեծ կայսրութիւն, ծաւալած Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական, ընդգրկելով Սուրիան, Լիբանանն ու Պաղեստինը եւ մաս մը Եգիպտոսէն: