Արխիւ

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մէկտեղուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սաներէն տիրացու Արտա Սարկաւագ Փընարճեանի եւ տիրացու Գրիգոր Սարկաւագ Կարապետեանի հետ, որոնք այս շաբաթավերջին ձեռնադրուելով պիտի համալրեն մեր հոգեւորականաց դասու շարքերը։

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

Մեր քահանայից դասու բարեյիշատակ անդամներէն վախճանեալ Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան երէկ ոգեկոչուեցաւ իր վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ։ Առաւօտուն, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ հոգելոյս տէր հայրը ոգեկոչուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի։

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը շարունակէ իր հայրապետական ուղեւորութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Վեհափառ Հայրապետի կեցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ յուլիսի 29-ը։

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Պիտի չուզէիր երբեք գրիչդ ձեռք առնել ու սկսիլ թուղթը մրոտել, անշուշտ, եթէ գաղափարներդ ուռճացած չըլլային ու չնեղէին ուղեղիդ բոլոր բջիջները: Պիտի չուզէիր քու գրածներովդ փորձել համոզել ու նոյնիսկ «խաբել» բոլոր այն ընթերցողները, եթէ ընթերցող ունենայիր, եթէ հաւատացած չըլլայիր, որ տողերուդ յանձնած բոլոր բառերդ իրաւացի ու միաժամանակ՝ հասուն մտքի մը պտուղներն էին:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Իմ սիրտը կը բաբախէ տասնեակ քիլօմեթրեր անդին: Երեւանէն լսելի չեն բաբախները: Անոնք հոն են՝ հեռու հեռաւոր դրախտավայրին մէջ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական, հեղինակաւոր պատմաբան, հայագէտ, հայկական Կիլիկիոյ պատմութեան մասնագէտ, Սորպոնի համալսարանի փրոֆեսէօր եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան այս յուլիսին կը նշէ իր ծննդեան 80-ամեակը:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուի «Մենք երգենք եւ պարենք» համերգաշարը։ Նախընթաց օր այս ծրագրի երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Առէն Քոճապայի, Նարէ Էօզտաղի եւ Քամի Պիւյիւքիշմանի, որոնք իրենց երաժշտական յաջող կատարումներով արժանացան ծափահարութիւններու։

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր։

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ մնալ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս՝ մանաւանդ, որ մինչեւ տարեվերջ ընտրութիւններու իրականացումը նախատեսուած է։ Միւս փոքրամասնական համայնքներու պարագային ալ կացութիւնը տարբեր չէ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1903)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ընդհանրապէս, մարդիկ այն ժամանակ բժիշկի կը դիմեն միայն, երբ ցաւեր ունին, կամ երբ մեծ խոց մը եւ ուռուցք մը դուրս կու գայ անոնց մարմնին վրայ:
Բայց այդպէս պէտք չէ վարուիլ, այլապէս հիւանդութիւնը կը հիննայ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ մեր շրջանակին մէջ, նոյնիսկ դրամը անձէն ու կեանքէն առաջ դասողներուն կողմէ կը լսենք, թէ «առողջութիւնը կարեւոր է» եւ այս վարժութիւն դարձած տողը յանկարծ կը վերածուի ճշմարտութեան, երբ մարդ ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէ մահուան եւ կը սկսի տատանիլ կեանքէն դէպի մահ տանող շա՜տ կարճ ճամբուն վրայ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը՝ Օփերայի երդիքին տակ:
Վերատեսուչ Արմէն Մուրատեան խօսք ուղղեց 790 նոր ընթացաւարտին. «Ձեր կոչումն է բժիշկ, նշանաբանը՝ կեանք»:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի շաբաթավերջի հանդիպման լոյսին տակ հեռախօսազրոյցներու երթեւեկը խտացած է։

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տարածաշրջանային կտրուածքով վերջերս բաւական ուշագրաւ զարգացումներ կ՚արձանագրուին։ Առաջինը, ի հարկէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի դէպի Մերձաւոր Արեւելք տուած այցելութիւնն էր, որուն մասին ալ տեղի ունեցան բազմակողմանի քննարկումներ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

Մեծանուն բարերարի յիշատակին կազմակերպուած համերգը պատուեց նաեւ Փորթուգալի նախագահը:
20 յուլիսի անխափան աւանդութիւն. Գալուստ Կիւլպէնկեան վերյիշուեցաւ երախտագիտութեամբ ու բիւր յարգանքով:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Վարշաւիա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ մէկտեղուեցաւ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաուի հետ։ Նախարարը ընդունուեցաւ նաեւ այդ երկրի ղեկավարութենէն յառաջատար այլ դէմքերու կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2022

Թեհրանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եռակողմանի գագաթաժողովը, որու մասնակից ղեկավարները ունեցան նաեւ երկկողմանի շփումներ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարներու օրակարգին վրայ գտնուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2022

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին տեսակէտէ անկիւնադարձ. «Սեպտեմբերէն սկսեալ Հայաստանէն զօրակոչուած ժամկէտային զինուորներ պիտի չըլլան Արցախի մէջ»:
Արմէն Գրիգորեան. «Հրադադարի հաստատումէն վերջ, Ռուսաստանի խաղաղապահներու տեղադրումէն յետոյ, հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու դուրսբերումը տրամաբանական է»:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2022

Սիպիլ եւ Այշէնուր Քոլիվար երաժշտասէրներուն կը ներկայացնեն ուրոյն ստեղծագործութիւն մը:
«Լուսի հատիկ»ին մէջ այնքան տպաւորիչ ու եզակի ձեւով համադրուած են արեւմտահայերէնն ու Համշէնի բարբառը:

Էջեր