Արխիւ

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Յանկարծ, անախորժ աղմուկ մը մեր տան մթնոլորտը լեցուց: Եթէ կնոջս հարցնելու ըլլաք, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ ես էի այս մէկուն շարժառիթը:

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ուքրայնայի պատերազմը տակաւին կը շարունակուի։ Ռուսաստանի քաղաքական որոշումներուն մօտիկ հարթակներ կը նշեն, որ այս պատերազմը «տրամաբանական» փուլ մը պիտի մտնէ յառաջիկայ մայիսի 9-ին, որ կը զուգադիպի Երկրորդ աշխարհամարտի յաղթանակի օրուան։

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սուրբ Յարութեան յաջորդող չորրորդ կիրակին կը կոչուի Կարմիր կիրակի։
Ստեփաննոս Ա. Քհնյ. Մանդինեանց իր՝ «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ» գիրքին մէջ, հարց-պատասխանով այսպէս կը գրէ այս կիրակի օրուան մասին.

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Մեր թուականէն 115 տարիներ առաջ՝ 10 նոյեմբեր 1907-ին Մուրատ Սեբաստացի Գահիրէի հայկական «Լսարան-ընթերցարան»ին մէջ աւելի քան հինգ հարիւր մարդոց դիմաց հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Միհրան Տամատեանի հետ բեմ կը բարձրանայ:

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022

Երեւանի մէջ «Հրաչեայ Ղափլանեան» պետական տրամաթիք թատրոնէն ներս երէկ բեմադրուեցաւ «Չուչել» ներկայացումը։ Խաղը պատրաստուած է Վլատիմիր Ժելեզնիքովի «Խրտուիլակը» վէպի հիման վրայ։ Ներկայացման բեմադրիչն է Գրիգոր Խաչատրեան։

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Պայտընի նախագահ ընտրուելէն ետք, ԱՄՆ-Հայաստան ռազմավարական երկխօսութիւնը աշխուժացաւ։ Ցեղասպանութեան ճանաչման յաջորդեց վարչապետ Փաշինեանի մասնակցութիւնը նախագահ Պայտընի կազմակերպած Ժողովրդարութեան վեհաժողովին։

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Միրչա Ճէոանէ յայտարարեց, որ մօտակայ շաբաթներուն Ուքրայնայի պատերազմը վճռական փուլ կը թեւակոխէ։ «Մենք կ՚ակնկալենք, որ յառաջիկայ շաբաթները վճռորոշ կ՚ըլլան, նոյնիսկ եթէ պատերազմը աւելի երկար տեւէ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ դաշինքը չ՚ենթադրեր, որ պատերազմը պիտի սրուի եւ ինքն ալ պիտի ներգրաւուի հակամարտութեան։

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022

Հայաստանի ներքին քաղաքական պայքարի մթնոլորտին մէջ միշտ կը հնչեն փոխադարձ մեղադրանքներ:
«Մենք մեր առջեւ դրուած խնդիրը կատարած ենք՝ վարչապետին փոխանցելով իր հրաժարականի հանրային պահանջը»:

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի շփումներու ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային հանրապետական կաճառի Եւրոասիոյ տարածաշրջանային տնօրէն Սթիվըն Նիքսի հետ։

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022

Երեւանի Նորարար փորձարական արուեստի կեդրոնէն ներս երէկ բացուեցաւ՝ «Հրանդ Տինք. Հոս եւ հիմա» անուանումով ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հրանդ Տինքի նահատակութեան 15-րդ տարելիցին առթիւ պատրաստուած, իր կեանքը, գործունէութիւնն ու պայքարը ներկայացնող ցուցահանդէս մըն է այս մէկը։

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան քաղաքավարական այց մը տուին կուսակալ Քարալօղլուին:
Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ օծումը Տիարպաքըրի մէջ համախմբած է աշխարհի զանազան վայրերէն բազում ուխտաւորներ:

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022

Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հրապարակեց «Ապացուցուածը եւ անապացուցելին» խորագրեալ յօդուած մը՝ անդրադառնալով Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի առկայ ալեկոծումներուն:
«Առճակատումը ո՛չ թէ կ՚ուժեղացնէ, այլ աւելի կը թուլացնէ երկրի դիրքերը յառաջիկայ դժուարագոյն բանակցութիւններուն մէջ»:

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022

Հայաստանի «FlyOne Armenia» ընկերութիւնը, որ կ՚իրականացնէ Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքները, երէկ տեղեկացուց, թէ Թուրքիա չէ թոյլատրած, որ իր օդային տարածքով այդ նոյն ընկերութիւնը չուերթներ կատարէ դէպի Եւրոպա։

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու յստակեցման հարցերով երկկողմանի յանձնաժողովին վերաբերեալ քննարկումները կը շարունակուին։

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022

Թրքահայութեան ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած՝ Տիարպաքըրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններուն վրայ, որոնց մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ պետական աւագանիէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:
Կիրակի պատարագելէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յառաջիկայ շաբթուան կէսին պիտի վերադառնայ իր Աթոռը:

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022

Ամերիկահայ «Պայքար» շաբաթաթերթը վերջին թիւին մէջ անդրադարձաւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած՝ Թորոս Ազատեանի «Դէպի Էջմիածին. Երթուդարձի նօթեր» գիրքին։ Հայաստանի հեղինակաւոր մտաւորականներէն Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան գրախօսական մը ստորագրած է՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի պատասխանատու, բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած գիրքին մասին։

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Հոս,
Բլուրներու լանջերուն,
Մայրամուտի եւ ժամանակի սեմին,
Ստուերէ զրկուած պարտէզներուն մօտ,
Կ՚ընենք, այն ինչ որ կ՚ընեն բանտարկեալները
Եւ անգործները.
Յոյսը կ՚աճեցնենք:

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամէն օր եւ ամէն առիթով,
Ճակատագրիս գծած ճամբաներէն,
Փորձեցի քալել, երբեմն վազել,
Ճանչնալ մարդիկ, սէրեր ու վիշտեր,
Ըմբոստանալ եւ յաճախ ալ լռել,
Երբեմն անտեսել, բայց միշտ յարգել,
Կշռել, դատել, ապա ներել,  
Ու հաշտ մնալ, ապրող սպիներուս հետ:

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այս օրերուն, երբ Հայաստանի մէկ մասը ցոյցերով, իսկ միւս մէկ մասը Քրիստոսի արձանի տեղադրութեամբ զբաղուած է, անձնական փորձով աչքերուս առջեւ կեանքի կոչուեցաւ Դերենիկ Դեմիրճեանի «Հայը» յօդուածին մէջ գրած հետեւեալ տողերը.- հայը «լցրել է իր երկիրը եկեղեցիներով, բայց տարին մի անգամ չի մտնում մէջը՝ աղօթելու»:

Էջեր