Արխիւ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Յաճախ կը պատահի բոլորիս, երբ բան մը կը կորսնցնենք եւ շատ նեղուինք: Նեղութիւնն ու ափսոսանքը կրնան երկար տեւել կամ անհատուցելի ըլլալ, երբ չկարենանք վերագտնել մեր կորսնցուցածը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Բարկամիտ եւ երկայնամիտ մարդոց մասին որեւէ մէկ բան կ՚ըսէ՞ առակագիրը:
Պատասխան. 15-րդ գլուխին 18-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Բարկասիրտ մարդը վէճ կը հանէ, բայց երկայնամիտը կռիւը կը դադրեցնէ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Միշտ աղօթեցէ՛ք», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (Ա ԹԵՍ. Ե 17)։ Մեր հոգեկան ծանրութեան եւ մեր ծուլութեան դէմ, աղօթքին պայքարը՝ վստահող եւ յարտեւող խոնարհ սիրոյ պայքա՛րն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր քաղաքական ամբողջ շաբաթը դարձեալ անցաւ հակասական լուրերով ու կարծիքներով, խաբէութեամբ ու կամայ-ակամայ դէպի անկում մի քանի քայլ աւելի մօտենալով. ժողովուրդը արդէն իսկ սկսաւ խորշիլ ու խրտչիլ այնքա՜ն սիրուած «խաղաղութիւն» բառէն, որովհետեւ մերօրեայ ղեկավարութիւնը այդ «խաղաղութեան» սիրոյն է, որ երկիրը անխաղաղ ու անապահով իրավիճակի կ՚առաջնորդէ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջերս պարգեւատրած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական ու բարերար Կիրակոս Գույումճեանը, որ միշտ կը խրախուսէ համահայկական ժառանգութեան պահպանումը եւ համահայկական հարթութեան վրայ համագործակցութիւնը կը ձգտի խթանել։
Կը տեղեկանանք, որ Պէյրութի մէջ այս շրջանին կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբումը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանի։ Այս նոր նախաձեռնութիւնը կը վերաբերի կենսական նշանակութեամբ դեղօրայքի մատակարարման։
Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը կը շարունակէ բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Շաբաթավերջի ընտրութեան եզրափակիչ փուլին՝ երկրորդ քուէարկութեան պիտի մրցին «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ առաջադրուած Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ու «Միլլէթ» դաշինքին կողմէ առաջադրուած ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն։
Նիւ Եորքի Թրքական տունը նախընթաց օր կէս գիշերին յարձակումի մը թիրախը դարձաւ։ Տեղական ժամով 03.14-ին անծանօթ մը մօտեցաւ շէնքի մուտքին եւ իր ձեռքի երկաթեայ ձողով կոտրեց ապակիները։
Միրզոյեան-Տոքերթի հանդիպում. Երեւանի եւ Լոնտոնի միջեւ կը սկսի ռազմավարական երկխօսութիւն:
Հայաստան-Ատրպէյճան պայմանագրի նախագծին մէջ եւս երկու յօդուածի պարագային համաձայնութիւն գոյացած:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հերթական անգամ յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է ճանչնալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը։
Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Իսթանպուլի նորընտիր երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի կողմէ գլխաւորուած կուսակցականներու խումբը։ ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Կէօքհան Եիւքսելի առաջնորդած կուսակցականները եւ ընտրեալ-երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ հիւրընկալուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Մխիթարեան վարժարանի սաները վերջերս մասնակցութիւն բերին միջվարժարանային մարմնամարզի մրցաշարքի մը։ Անոնք հանդիսացան Իսթանպուլի Եւրոպական ափի առաջինը, նաեւ քաղաքի ընդհանուրին երկրորդը։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Դպրոցի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները համախմբեց այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Պաքըրգիւղի ընտանիքէն վարիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանէն ներս, անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Հանդէսին մասնակցեցան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Պելինտա Մխճըօղլու, Սամաթիոյ ընտանիքէն վարիչներ, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին հերթական անգամ թիրախաւորեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան վերջերս յայտնած էր, թէ եթէ Եկեղեցին կը փափաքի զբաղիլ քաղաքականութեամբ, ապա կրնայ ստեղծել կուսակցութիւն մը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ինծի կը մնար միայն շնորհակալութիւն յայտնել եւ աւելին՝ երախտապարտ մնալ: Ուրիշ ոչինչ: Այդ օր, երկու մանչերս, տարեդարձիս առթիւ, մեր նստասենեակի պատերէն մէկը ծածկող, ապակիէ վեց փեղկերով զարդարուած գրադարան մը գնած ու ինծի նուիրած էին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալէն եկած բոլոր մակարդակի սխալները կը շարունակեն հալածել մեզ։
Տակաւին մեզմէ շատ-շատերուն մտքերուն մէջ յստակ երկուութիւններ կան՝ տարբեր ժամանակներու մեծ սխալներուն, վրիպումներուն, անտեղի որոշումներուն վերաբերեալ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, որպէս մարմնաւոր էակ, ֆիզիքական պահանջներ ունի, բայց անուրանալի է, որ ան ունի նաեւ հոգի՝ որ կը ներկայանայ զգացումներով։ Մարդուս գոյապահպանմանը եւ գոյատեւմանը համար անհրաժեշտ է գոհացնել ֆիզիքական պահանջները։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մեծամասնութեան կողմէ ընդունուած «ճիշդը» միայն ժամանակի մը համար ճիշդ է, իսկ իրականութիւնը ճշմարիտ է՝ մինչեւ որ մենք գտնենք աւելի ճշմարիտը: Բոլոր գիտելիքները գոյութիւն ունին՝ մինչեւ որ փոխարինուին նորերու հետ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ուսումի համար Ժընեւ մեկնած երիտասարդ մը աւելի քան դար մը առաջ նամակ մը կը գրէ իր ծնողքին եւ նամակին հետ կը ղրկէ նաեւ ստացած վիճակացոյցէն օրինակ մը՝ զանոնք ուրախացնելու նպատակով: