Արխիւ
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան այս ուրբաթ պիտի վերադառնայ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին ամիսներուն ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած էր՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս վարդապետական թեզը պաշտպանելու համար։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։ Տղաքը գոյնզգոյն տարազներով տողանցեցին այս հանդիսութեան ընթացքին, որու երեք լեզուով պատրաստուած ծրագրի շրջանակին մէջ ծափահարութիւններու արժանացան յաջող ելոյթներով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեան պաշարները միշտ կայուն պահելու հրամայականը դարձած է ազգային անվտանգութեան հարց, մանաւանդ այն պայմաններուն տակ, երբ միշտ առկայ է պատերազմի վտանգը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մարդկային անհատական ու մանաւանդ հաւաքական շարժը շատ երկար փուլերէ անցած է, սկսեալ մեծ գաղթերէն հասնելով մեծ ներխուժումներու ու տարածքներու նուաճման, նաեւ այդ շարժերը յանգած են նպատակի կամ միջոցի ծառայեցման (նայած պատմական ու քաղաքական պատեհութիւններուն) եւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերու յայտնաբերման գործողութիւններուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Առէ՛ք կերէք եւ բոլորդ խմեցէ՛ք-էն ետք, դպիրները կ՚երգեն. «Երկնաւոր Հայր, որ Քու Որդիդ մեզի համար մահուան յանձնեցիր, որպէս մեր մեղքերուն պարտապան: Անոր թափած արիւնով, կ՚աղաչենք Քեզի, ողորմէ՛ Քու բանաւոր հօտիդ»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր պիտի խօսինք հայկական այլ ցաւալի իրականութեան մը մասին՝ որ կը կոչուի Հայոց Պատմութիւն. ցաւալի ո՛չ թէ իր անցեալին ունեցած ելեւէջներով, այլ իր ներկայի անյստակ ու անկանոն դրութեամբ:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2021-2022 ուսման շրջանի եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ հայերէնի փառատօն մը, որ այլեւս դարձած է աւանդական։ Դպրոցի բոլոր դասարանները ընդգրկուած էին այս փառատօնի ծրագրին, որ գործադրուեցաւ ամբողջ օրուան մը տեւողութեան։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի սաներու ընթերցման տօնը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ։
Շիշլի մարզակումբի մինչեւ 16 տարեկաններու պասքեթպոլի կազմը արձանագրեց բացառիկ յաջողութիւն մը։ Այսպէս, շիշլիցիները 2021-2022 շրջանի Իսթանպուլի զարգացման լիկի ախոյեանը հանդիսացան։
Պոլսահայ թատերական կեանքի երախտաւորներէն Պօղոս Չալկըճըօղլուի ի պատիւ շաբաթավերջին մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի սրահի երդիքին տակ։ Այսպէս, յայտնի դերասան ու բեմադրիչ, թատերական պատմութեան վերաբերեալ յօդուածներու հեղինակ Պօղոս Չալկըճըօղլու պարգեւատրուեցաւ՝ Կաթողիկէ հայոց առաջնորդարանին կողմէ հաստատուած «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան» շքանշանով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն եւ համայնքային շրջանակներուն տեսակէտէ ողջունելի իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստացաւ վարդապետական գաւազան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Տոհա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը հիւրընկալուի Քաթարի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին 20-րդ դարու արեւմտահայ մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան բանաստեղծական հարուստ գանձարանէն զատ նաեւ արձակ էջեր ստեղծած է, որոնք կը վկայեն իր ոչ միայն իբրեւ բանաստեղծի տաղանդին, այլ նաեւ, արձակ գրելու հրաշալի կարողութեան եւ նաեւ ձգտումին մասին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Եթէ ունիք Դիմատետրի հաշիւ, Ճաշուա Պելի փորձարկութիւնը կրնայ ձեզի բաւական ծանօթ թուալ։ Տեսանիւթը եւ համապատասխան բացատրութիւնը բազում անգամներ տարածուած են ընկերային ցանցերու վրայ՝ ունենալով հազարաւոր «լայք»եր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի քաղաքական վերլուծաբաններէն Աղասի Ենոքեանի հետ համակարծիք ենք։ Խօսքը մասնաւորապէս Երեւանի մէջ «բան մը» փոխելու, վիճակ մը ստեղծելու եւ իշխանափոխութիւնը իրականութիւն դարձնելու մասին է, ինչ որ հեռանկարին վրայ չ՚ուրուագծուիր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհը որքա՜ն ալ սրընթաց դէպի առաջ երթայ, կան մարդիկ, որոնք կը յամառին մնալ հոն՝ ուր որ են եւ դեռ աւելին, քայլ մըն ալ յետ կ՚երթան: Ինչքան աշխարհը յառաջդիմէ, մարդիկ կարծես յատուկ ուխտ մը կատարած ըլլան մնալու խաւարամտութեան մէջ եւ այդ խաւարամտութիւնը ապրիլ այնպիսի ինքնավստահութեամբ, որ անառարկելի ճշմարտութիւն մը եղած ըլլայ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Բնութեամբ եւ հոգեւորով այսքան գիրկընդխառնուած Սեւանի թերակղզին, Հոգեգալստեան տօնին յատուկ ոգեւորութեամբ կը շրջապատուի, քանի Ս. Զատկի յաջորդող յիսուներորդ օրը՝ Հոգեգալուստը այս օրհնեալ համալիրի տարեկան տօնախմբութեան կը զուգադիպի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն՝ Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ հայկական դպրոցի շուրջ 40 սաները։ Աշակերտական խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Նորա Թաշճեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յառաջիկայ օրերը կարեւոր են Լիբանանի համար։ Խնդիրը այն է, որ խորհրդարանին մէջ կայացած առաջին նիստէն ետք կը սպասուի, որ նախագահ Աուն իր մօտ հրաւիրէ երկրի նորընտիր երեսփոխանները եւ անոնցմէ պահանջէ նոր վարչապետի անունը։